ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը նա­խա­տե­սէ օ­ժան­դա­կել Հա­յաս­տա­նին՝ որ­պէս­զի եր­կի­րը բա­րե­լա­ւէ իր տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ հա­մար­կուի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գին մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան 2017 թուա­կա­նին Եւ­րոա­սիոյ տա­րած­քաշըր-ջա­նին հա­մար տրա­մադ­րուե­լիք ա­մե­րի­կեան օ­ժան­դա­կու­թեան շուրջ քննար­կում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ԱՄՆ-ի Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան ղե­կա­վա­րի՝ Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րոա­սիոյ գծով օգ­նա­կան Թո­մաս Մե­լիա։ Ներ­կա­յաց­նե­լով յա­ջորդ տա­րի տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն ուղ­ղուե­լիք ա­մե­րի­կեան օգ­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը՝ ան ը­սաւ. «Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րուե­լիք մեր օգ­նու­թիւ­նը թոյլ պի­տի տայ հա­մար­կիլ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գե­րուն։ Օգ­նու­թեան մէկ մա­սը մի­տուած պի­տի ըլ­լայ նաեւ երկ­րէն ներս տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ամ­րապնդ­ման»։

2017 թուա­կա­նին հա­մար Սպի­տակ տան կող­մէ ա­ռա­ջար­կուած պե­տա­կան պիւտ­ճէին նա­խագ­ծով, Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րուե­լիք ա­մե­րի­կեան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը պէտք է 22 տո­կո­սով ա­ւել­նայ ու կազ­մէ 22 մի­լիոն տո­լար։ Բաց աս­տի, ԱՄՆ 3 մի­լիոն տո­լա­րէն ա­ւե­լի գու­մար մըն ալ պի­տի տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­պահ հա­մա­կար­գե­րու զար­գաց­ման նպա­տա­կով։ Ա­մե­րի­կեան օ­րէնս­դիր­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին պիւտ­ճէի քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին կը նա­խա­տե­սեն զգա­լիօ­րէն բարձ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նին հա­մար նա­խա­տե­ս-ւած ա­մե­րի­կեան օ­ժան­դա­կու­թեան ծա­ւա­լը։ Ունկնդ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լով՝ գոնկ­րէ­սա­կան Տէյ­նա Ռո­րա­պա­հէր ընդգ­ծեց, որ Միացեալ Նահանգներ ու­նի կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւն մը՝ ու­րիշ­նե­րու հետ բաժ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ «Ես միշտ հպարտ ե­ղած եմ ա­մե­րի­կեան ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­հո­գու­թեամբ՝ ա­նոնք միշտ պատ­րաստ են ձեռք եր­կա­րել բո­լոր կա­րի­քա­ւոր մար­դոց, նոյ­նիսկ ե­թէ եր­բեք չեն հան­դի­պած ա­նոնց հետ», ը­սաւ ան։

Միացեալ Նահանգներու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն Ա­լի­նա Ռո­մա­նովս­քին ալ ունկնդ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց այն չորս հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք որ­դեգ­րուած են ԱՄՆ-ի կող­մէ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քէն ներս օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լու ա­ռու­մով։ Այդ հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­ներն են՝ եր­կիր­նե­րու ան­կա­խու­թեան եւ գե­րիշ­խա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը՝ օգ­նե­լով տուեալ երկ­րին պաշտ­պա­նուիլ ար­տա­քին ճնշում­նե­րէն, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քարն ու օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան ա­պա­հո­վու­մը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապն­դումն ու խօս­քի ա­զա­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հո­վու­մը։ Միացեալ Նահանգներու օգ­նու­թեան տրա­մադր­ման չոր­րորդ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը այս տար­ած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն հա­մար խա­ղա­ղու­թիւն ա­պա­հո­վելն է, ինչ որ լուրջ վտան­գի տակ յայտ­նուած է։

Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար նա­խա­տե­սուած ա­մե­րի­կեան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի հա­մար նա­խա­տե­սուա­ծէն կրկնա­պա­տիկ նուազ է։ Օգ­նու­թիւ­նը ըստ էու­թեան ուղ­ղուած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ բաց հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման։ ԱՄՆ-ի Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շեշ­տեց, որ այդ ո­րո­շու­մը առ­նե­լու ժա­մա­նակ հա­շուի առ­նուած է նաեւ յի­շեալ բնա­գա­ւա­ռէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի լուրջ յե­տըն­թա­ցը։

Թո­մաս Մե­լիա Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ յայ­տա­րա­րեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ Հա­յաս­տա­նին պի­տի օգ­նէ՝ որ­պէս­զի նուա­զի ա­նոր տնտե­սա­կան կա­խուա­ծու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նէն։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016