ՈՉ ԵՒՍ Է ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԱՐԱՔՍԻ ԱՆՈՒՇԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է Տիրամայր Արաքսի Անուշեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Հանգուցեալը մայրն էր Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։
Արաքսի Անուշեանը սերած էր ընտանիքէ մը, որու արմատները կը հասնէին Սեբաստիա։ Շատ փոքր տարիքի մէջ ընտանեօք հաստատուած էին Պոլիս՝ առաջին շրջաններուն գտնուելով Սկիւտարի, Ետիգուլէի եւ Նարլըգաբուի շրջանները։ Աւելի վերջ հաստատուած էին Ֆէրիգիւղ։ Արաքսի Անուշեան եղած էր տոհմիկ արժէքներու հետամուտ, մեր սրբութիւններուն նկատմամբ նախանձախնդիր, հաւատացեալ կին մը, տիպար մայր մը։ Իր ամուսնոյն՝ Արամ Անուշեանի հետ բախտաւորուած էին երեք զաւակով, որոնց դաստիարակման ուղղութեամբ որեւէ զոհողութենէն չէր խուսափած լուսահոգի Տիրամայրը։
Վերջին շրջաններուն դժբախտաբար յառաջացած տարիքին բերումով խանգարուած էր առողջութիւնը։ Բժշկական խնամքին եւ հարազատներու զօրակցութիւնը դիմադրութեան ուժ կու տային իրեն։ Այդ բոլորէն վերջ, քանի մը շաբաթ առաջ իր կացութիւնը էապէս վատթարացաւ։ Քսանհինգ օր Չափայի հիւանդանոցին մէջ խտացեալ խնամքի տակ մնալէ վերջ ան դժբախտաբար չկրցաւ տակաւին տոկալ երկար ու աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու ընկերային շրջանակը։ Իր սերունդի խորհրդանշական դէմքերէն մին էր Տիրամայր Արաքսի Անուշեան, որու բարի յիշատակը պիտի վերյիշուի ընդմիշտ։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի ընտանեկան մահազդով։
Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորօք հանգուցեալ Տիրամօր հոգւոյն, կը վշտակցինք իր սգաւոր ամուսնոյն՝ Արամ Անուշեանին, զաւակներուն, ի մասնաւորի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, եղբօր՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Սեպուհի Ավրուզի, համայն ընտանիքին եւ սիրելիներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024