ԹԱՐԹՈՒՍԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը:
Նկատի ունենալով սուրիական տագնապի օրերուն երկրի բախումնային շարք մը շրջաններէն, յատկապէս Հալէպէն Թարթուս տեղափոխուած հայորդիներու մեծ թիւը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային իշխանութիւնը յարմար նկատեց ապահովել նման կեդրոն մը, որ պիտի ծառայէ տեղւոյն կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, Քրիստոնէական դաստիարակչական խորհուրդին, շրջանի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի աշխատանքներուն համադրման համար գումարուող ժողովներուն եւ շրջանի հայութեան իբրեւ հաւաքավայր:
Կեդրոնին բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Տ. Արտակ Վրդ. Արապեանի, Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, Լաթաքիոյ ազգայիններէն Վարուժ Պետիրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Աւօ Կարպուշեանի, ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարօ Սողոմոնեանի, Թարթուսի Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի, Թարթուսի եւ շրջակայքի թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան: