ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ «ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման աշխատանքներու աջակցման նպատակով պայմանագրային հիմունքներով աշխատանքի կը հրաւիրեն երկու մասնագէտներ, որոնք կ՚ընտրուին հարցազրոյցի արդիւնքով:
Թեկնածուներու մասնագիտական որակներու եւ գիտելիքներու (որակաւորումներու), հմտութիւններու եւ ունակութիւններու ստուգման չափանիշներն են՝
Հմտութիւններ եւ ունակութիւններ.
- Հաղորդակցութեան եւ միջանձնային յարաբերութիւններու,
- Խմբային աշխատանքի,
- Ժամանակի արդիւնաւէտ կառավարման,
- Հաշուետուութիւններու պատրաստման, ռազմավարութեան, հայեցակարգերու, ծրագրերու մշակման եւ ներկայացման,
- Բանակցութիւններ վարելու,
- Տեղեկատուութիւն հաւաքագրելու, վերլուծելու եւ կառավարելու,
- Բարձրացուած խնդիրներու լուծման հարցով հետեւողականութեան եւ անոր համար անհրաժեշտ կառուցակարգերու ներդրման,
- Համաժողովներու, ժողովներու, նիստերու, հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու կազմակերպման,
- Որոշումներու եւ փաստաթուղթերու նախագիծերու պատրաստման եւ այլն:
Մասնագիտական որակներ եւ գիտելիքներ (որակաւորումներ).
- Բարձրագոյն (առնուազն մագիստրոսի աստիճան) կրթութիւն (նախապատուութիւնը կը տրուի իրաւաբանական եւ կամ տնտեսագիտական կրթութիւն ունեցող թեկնածուներուն),
- Հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի փորձ,
- Փախստականներու, ապաստան հայցողներու եւ տեղահանուած անձանց առընչուող միջազգային իրաւական աքտերու եւ ազգային օրէնսդրութեան իմացութիւն,
- Համակարգիչով եւ ժամանակակից թեքնիկական այլ միջոցներով աշխատելու ունակութիւն,
- Հայերէնի եւ անգլերէնի գերազանց իմացութիւն (ռուսերէնի, արաբերէնի իմացութիւնը ցանկալի է),
- Հարկային եւ մաքսային օրէնսդրութեան, ֆինանսներու իմացութիւն (ցանկալի է):
Հարցազրոյցին մասնակցելու ցանկութիւն ունեցող եւ պահանջուող չափանիշներուն համապատասխանող անձինք կրնան իրենց բնութագրերը (CV-ն) ուղարկել middleeast@mindiaspora.am եւ carmenias@gulbenkian.pt ելեկտրոնային հասցէներով:
Թեկնածուներու կողմէն հարցազրոյցին մասնակցելու համար դիմումներու ներկայացման վերջնաժամկէտն է Սեպտեմբեր 25-ը:
Ընտրուած թեկնածուներուն հարցազրոյցի մանրամասնութիւններու մասին կը տեղեկացուի լրացուցիչ: