ՉԱՐԻՆ ԲԱՐԻ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ
Չարէն բարիք յառաջ կու գա՞յ։ Եթէ ժողովրդեան իմաստութեան համաձայն խօսինք, բարիք կու գա՛յ չարէն, քանի որ կ՚ըսուի, թէ «չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք»։ Ուրեմն կեանքի ընդհանուր փորձառութեան եւ վկայութեան հետեւելով կարելի է ըսել, թէ չարէն բարիք յառաջ կու գայ, եւ թէ՝ օգտակա՛ր բարիք։
Անշուշտ պիտի ըսէք. ամէն բարիք օգտակա՛ր է, ուրեմն աւելորդ է ըսել՝ «օգտակար բարիք»։ Ո՛չ, սիրելինե՜ր, կան բարիքներ՝ որոնք ալ, պատճառ կ՚ըլլան չարիքի, ինչպէս չարիքը պատճառ կ՚ըլլայ, եւ ընդունուած է, բարիքի։
Ուստի կան շատ մարդիկ՝ որոնք ընդհանուր նկարագրով, ընդհանրապէս հոգիով հիւծեալ, բարոյապէս ապականած եւ անարժէք մարդիկ են։ Կը կարծուի, թէ «բարի» չեն անոնք, նոյնիսկ կարելի է անուանել զանոնք՝ չա՛ր։
Բայց այդ նկարագրով ընդհանրապէս չար մարդիկ երբեմն «բարի» պտուղներով օրհնած են իրենց շուրջը, իրենց շրջանակը։ Ասկէ հետեւցնելով կ՚ըսուի, թէ՝ միայն «բարի» քրիստոսնեան չէ՛ որ բարիք կ՚ընէ։ Կամ սապէս ըսենք. մարդ քրիստոնեայ ըլլալուն համար «բարի» չէ, այլ՝ բարի ըլլալուն պատճառով քրիստոնեայ կեանք կ՚ապրի, քրիստոնեայի պէս կը վարուի։ Արդարեւ կան «հեթանոս» մարդիկ՝ որոնք բարիք կ՚ընեն եւ թէ՝ շա՛տ բարիք։
Ուստի երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք եւ քննենք մարդկային պատմութիւնը՝ պիտի տեսնենք, որ ամէն շրջանի մէջ, միշտ գտնուած են մարդիկ՝ որոնք բարիք ըրած եւ իր լայն առումով «բարի մարդիկ» կոչուած են։
Եւ դարձեալ, պատմութեան զանազան հատուածներուն մէջ, կարելի է տեսնել մեծագումար դրամագլուխներ հաստատուած զանազան բարեգործութիւններուն՝ կրթական, բարեսիրական եւ նոյնիսկ գիտական նպատակներու համար, հոգեւոր եւ բարոյական չափանիշներով՝ զանոնք հաստատողները ամէնքը յարգարժան ու «բարի» մարդիկ չէին, գոնէ մէկ մասը։
Ընդհանուր բնական օրէնք է՝ աւելի քան փտած ծառի մը վրայ՝ «փտած-ապականած մարդ»ու մը վրայ երբեմն առատ կ՚ըլլայ պտուղը։ Բայց եւ այնպէս պտուղի առատութիւնը գոհացուցիչ ապացոյց չէ՛. ո՛չ ծառին եւ ոչ ալ մարդուն հոգեւոր եւ բարոյական առողջութեան եւ կատարելութեան։
Մարդ մը՝ որ անշնորհք եւ անպիտան կեանք մը ապրած է, անգամ մը եւս, մէյ մըն ալ կը մեռնի եւ ահա՛, երբ անոր կտակը կը բացուի, կը տեսնուի որ իր հարստութիւնը մասամբ կամ ամբողջովին յատկացուցած ու տղամադրած է մարդասիրական նպատակներու։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ եւ բացատրել այս իրողութիւնը։ «Չար»ը վերջին պահուն «բարի»ի վերածուա՞ծ պէտք է նկատել, թէ ինչպէս կարելի է մեկնաբանել այս երեւոյթը՝ որ իսկական հակասութիւն մը կը ներկայացնէ։
Ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլայ մեկնութիւնը այս իրողութան, սա մէկը ցոյց կու տայ, թէ երբեմն չարէն բարիք կ՚ելլէ, ուրիշ խօսքով՝ չարն ալ երբեմն բարի պտուղ կրնայ տալ, թէեւ հազուագիւտ բայց ստո՛յգ։
«Զարմանալի» կը կարծուի, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ այսպիսի «հակասութիւն»ներու։ Թէեւ բացատրելի իրողութիւնը այն է, թէ սա մեր ապրած օրերուն մանաւանդ, ինչպէս անցեալի մէջ, յառաջ տարուած բարեսիրութիւններուն եւ բարեգործութիւններուն մեծ մասը՝ կտակի միջոցով, մեռած մարդոց հայթայթած միջոցներով է։
Շա՜տ մը բարեգործական ու մարդասիրական յատկացումներ մեռած մարդոց կտակներուն միջոցով կատարուած եւ իրականացած են, ընդհանրապէս։
Արդարեւ «պտուղ»ը առնելու եւ ի նպաստ մարդոց գործածելու ենք՝ առանց «պատիւ ընծայել»ու փտած ծառին կամ ըսենք՝ նկարագրով անարժէք մարդուն։ Երբեմն մե՜ծ բարեգործութիւններ կը կատարուին պզտիկ մարդոց կողմէ. «գործը մե՛ծ, կատարողը՝ պզտիկ…»։ Փտած ծառը երբեմն առողջ փայտ պէտք է նկատել, քանի որ փտածն ալ իրեն արժանի նպատակին կրնայ ծառայել՝ կերպով մը օգտակարութիւն ունենալ, «գործ»ի ծառայել…։
Ուստի բարերարը՝ «բարերար» կը ճանչցուի, «բարերար» կ՚անուանուի, բայց ո՛չ թէ որովհետեւ իրապէս «բարերար» է անիկա, այդպէս չկարծուի, ան բարերա՛ր է, բարեգործ է, բարեսէր է՝ քանի որ նոյն ատեն ամէն տեսակ առաքինութիւններով օժտուած «ազնիւ» մա՛րդ է։ Բայց, «ծառ»ի օրինակով, ասոր հակառակն ալ կը պատահի յաճախ. ծառը ի՛նք առողջ կ՚ըլլայ, բայց պտուղ չի տար, ինչպէս մարդը՝ բարի կը կարծուի, բայց բարիք չ՚ըներ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին. ո՞ր մէկը նախընտրելի է. բարի մարդը՝ որ բարիք չ՚ըներ, թէ չար մարդը՝ որ բարիք կ՚ընէ։
Ընդհանրապէս կ՚ըսու, թէ՝ ծառը իր պտուղովը կը ճանչցուի. այո՛, բայց ո՛չ միշտ, ինչ որ ըսել կ՚ուզենք «չարին բարի պտուղները» վերնագրով։
Ասոր նման է Աւետարանի «Երկու որդիներուն առակը»՝ ուր կը պատմուի պատուէրը «չմերժող բայց չկատարող» եւ «պատուէրը մերժող բայց յետոյ զղջալով կատարող» երկու որդիներու պատմութիւնը։
«Արդ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը», կը հարցնէ Յիսուս եւ կը շարունակէ. «Մարդ մը երկու զաւակներ ունէր։ Առաջին զաւակին գնաց ու ըսաւ.- Տղա՛ս, այսօր այգի գնա՛ աշխատելու։ Անիկա պատասխանեց, ըսելով.- Կ՚երթամ, հայրիկ։ Բայց չգնաց։ Ապա հայրը միւս զաւակին գնաց եւ նոյնը ըսաւ։ Երկրորդ զաւակը պատասխանեց.- Չե՛մ երթար։ Բայց յետոյ զղջաց ու գնաց։ Արդ, այս երկուքէն ո՞ր մէկը իր հօրը կամքը կատարած եղաւ։
«Երկրո՛րդը,- պատասխանեցին։
«Եւ Յիսուս ըսաւ.
«Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները պիտի կանխեն ձեզ եւ ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ արքայութիւնը։ Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ եւ ձեզի արդար կեանքի մը ճամբան ցոյց տուաւ, բայց դուք չհաւատացիք անոր, մինչ մաքսաւորներն ու պոռնիկները հաւատացին։ Նոյնիսկ ասիկա տեսնելէ ետք չզղջացիք ու չհաւատացիք իրեն» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 28-32)։
Ասկէ կը հետեւի, թէ չարը երբեմն կը փոխուի բարիի եւ բարիք կը գործէ, ուրիշ խօսքով չարէն, ձեւով մը բարի պտուղ կը հասնի։ Այն որ բարի է իր արդիւնքով, այն որ օգտակար է հետեւանքով, ապա ուրեմն կրնայ բարիէն եւ կամ չարէն ելած ըլլալ։ Ուստի կարեւորը նպատա՛կն է. բարի նպատակով կատարուած ամէն գործ բարի՛ է եւ օգտակար, եթէ զայն բարի նպատակով օգտագործուի։ Եւ պահ մը խորհինք, սիրելի՜ներ, բարի ճանչցուած մէկը երբ բարիք չ՚ըներ, կարելի՞ է զայն «բարի» կոչել։ Քանի որ մարդուս իսկական արժէքը կ՚որոշուի իր գործո՛վը եւ ո՛չ թէ իրեն տրուած կոչումով կամ անուանումով։ Մարդ բարի է՝ երբ բարիք կ՚ընէ իսկապէ՛ս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2016, Գնալը կղզի