ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՆՏԵՍՈՂ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Հինգ տարիէ ի վեր սուրիական պատերազմի բռնկուն կրակը չի խնայեր մեծն ու փոքրը, արուն եւ էգը:
Պատերազմական տարիներուն, երբեմն ոմանց համար ուսումն ու արուեստը երկրորդական համարուեցան. մարդիկ կը նկրտէին ապահովելու իրենց օրապահիկն ու ապրուստը՝ կուրծք տալով բազում դժուարութիւններու: Ու թէեւ խոցուած եւ վիրաւոր ռազմիկի կեանքին կը նմանէր հալէպահայուն կեանքը, սակայն պատերազմին մէջ տոկալ հնարաւոր չէր առանց մարտնչումի: Մարտնչողները այս պարագային անզէն ու համեստ անձեր էին, անոնք զինուած էին գիտութեամբ ու կամքի ուժով: Ակնարկս Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պաքալորիայի գիտական բաժնի առաջնակարգ երեք աշակերտուհիներուն մասին է՝ Ալիք Սարեան, Սերենա Սարգիսեան ու Ալին Պեսնիլեան:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով արտայայտուեցաւ պատերազմի դժուարութիւններուն մասին:
Ալիք Սարեան, որ պաքալորիայի առաջին դիրքը գրաւած է պատմեց, թէ ինչպէ՛ս կը յաղթահարէր պատերազմի դժուար պայմանները: Ան ըսաւ. «Մեր տունը միայն 1 քիլօմեթր հեռու էր զինեալ ահաբեկիչներէն: Անոնք առաջին անգամ թիրախ դարձուցին մեր թաղամասը՝ նկատի ունենալով, որ մեր բնակարանը մայրուղիի վրայ կը գտնուէր, ստիպուած եղանք տեղափոխուելու: Սկիզբը շատ դժուար եղաւ տունէն հեռու ապրիլը, սակայն երբ լրջօրէն մտածեցի ապագայիս մասին, վճռեցի հոսանքին հակառակ ուղին բռնել եւ պատերազմի յուսալքող պայմաններուն դէմ մարտնչիլ իմ միակ զէնքովս՝ ուսումով»:
Ալիքը մէկ օրինակն է տասնեակ հայ եւ տեղացի բազում աշակերտներէն, որոնք հեռանալով իրենց բնակարանէն ապաստան գտան ապահով այլ շրջաններու մէջ ու կենցաղային նոր պայմաններուն յարմարելով շարունակեցին իրենց առօրեան եւ ուսումը: Ալիքին եւ ընկերներուն համար միջնակարգի երրորդ տարին դժուարագոյնն էր, երբ պատերազմը սկիզբ կ՚առնէր Հալէպի մէջ, անոնք աննախատեսելի իրողութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան, սակայն յաղթահարելով այդ դժուարութիւնները փայլուն արդիւնքներով աւարտեցին ուսումնական տարին ու տասերորդ դասարան անցան: Ալիք մասնակցութիւն բերաւ Սուրիոյ գիտական ողոմպիականի մրցումներուն՝ գրաւելով նախ Հալէպի մակարդակով առաջին դիրքը, ապա ան Սուրիոյ մակարդակով առաջնակարգ խմբակին մաս կազմեց: Ալիք միեւնոյն ջանասիրութեամբ հասաւ պաքալորիա եւ պետական քննութիւններուն ապահովեց բարձրագոյն գնահատանիշը՝ 2836/2900:
Սերենա Սարգիսեան, որ ապահոված էր Ճեմարանի պաքալորիաներու երկրորդ բարձրագոյն նիշը՝ 2804/2900, իր դասընկերուհիին՝ Ալիքին նման վճռած էր չյուսահատիլ ու շարունակել ուսումնական իր կեանքը ջանասիրութեամբ. «Պատերազմի սկիզբէն ի վեր նպատակս էր ուսումով պայքարիլ դժուարութիւններուն դէմ ու թէեւ դիւրին չէր այդ մէկը, մանաւանդ երբ թուաբանութեան քննութեանս օրը ահաբեկիչներ թիրախ դարձուցին մեր տան յարակից Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին: Հարկ էր յաղթահարել հրթիռակոծման սարսափը եւ մասնակցիլ կարեւոր ու դժուար այս քննութեան: Վախս յաղթահարեցի ու մեկնեցայ քննութեան սրահ»:
Սերենան իր դասընկերուհիներուն նման շեշտեց Ճեմարանի ոգեւորիչ մթնոլորտն ու դերը, որմէ կը ներշնչուէր ու հաստատ կամքով իր ուսումնական կեանքը կը շարունակէր:
Ալին Պեսնիլեան ապահոված էր Ճեմարանի պաքալորիաներու երրորդ բարձրագոյն գնահատանիշը՝ 2792/2900:
Ալին հակառակ պատերազմի գոյութեան դարձեալ կը փորձէր յարմարիլ ստեղծուած կացութեան՝ ապաւինելով նաեւ մարմնամարզին: Ալինին վրայ ծանր ազդած էր արմուկին վնասուիլը պասքէթի խաղի ընթացքին. «Երբ արմուկս ծանրօրէն վնասուեցաւ եւ բժիշկները չկրցան բուժել զայն, պահ մը յուսահատութեան մատնուելով չուզեցի քննութիւններուն մասնակցիլ, սակայն ընտանիքս յոյս ներշնչեց եւ զօրավիգ կանգնեցաւ ինծի: Շուտով փորձեցի ձերբազատուիլ զիս պատուղ յուսահատութենէն եւ սկսայ երկար ժամեր դասերուս տրամադրել՝ մոռնալով ամէն բան, նոյնիսկ պատերազմը»: Ալին շեշտեց որ իր յաջողութիւնը խթանող ազդակներէն մէկն ալ պասքէթն էր, որուն մէջ եւս յաջողութիւն ձեռք ձգած էր դասերուն զուգահեռ:
Ահաւասիկ երեք օրինակ հալէպահայ առաջնակարգ տասնեակ աշակերտներէ, որոնք համեստ տուեալներով, ուսման տենչով եւ կեանքին կառչելու հաւատքով վանեցին յուսահատութիւնն ու պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ բարձունքներ նուաճեցին:
ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ