ՔԷՐՄԷՍԻ ԾՐԱԳԻՐ՝ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ քէր­մէս մը, ո­րու հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րուի պոլ­սա­հայ հա­մալսա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան։ Մեծ պա­հոց շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս քէր­մէ­սը պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ ՍԷՎ-ի ե­րի­տա­սար­դաց յանձ­նա­խում­բի եւ «Փա­րոս» ամ­սագ­րի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Ե­րէկ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Դա­լար Ա­լէք­սա­նեան-Փո­լա­տը, Թա­մար Կուր­տի­կեանն ու Այ­լին Չա­վու­շեա­նը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս ծրա­գի­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ աշ­խա­տանք կը տա­րուի մեծ ե­ռան­դով։ Քա­ղա­քիս պուլ­կար յա­րա­նուա­նու­թեան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ պի­տի բա­ցուի այս քէր­մէ­սը, ո­րու շրջագ­ծով այ­ցե­լու­նե­րուն պի­տի մա­տու­ցուին զա­նա­զան զգեստ­ներ։ Կուր­տի­կեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ տրա­մադ­րուած են տա­րազ­նե­րը, ո­րոնք վա­ճառ­քի պի­տի հանուին քէր­մէ­սի շար­ժա­ռի­թով։ Հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րուի ՍԷՎ հիմ­նար­կին՝ խրա­խու­սե­լու հա­մար հա­մալ­սա­րա­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ ՍԷՎ հիմ­նար­կը ներ­կա­յիս կրթա­թո­շակ կը տրա­մադ­րէ 71 հա­մալ­սա­րա­նա­կա­նի։ Այդ մի­ջոց­նե­րը կը յատ­կա­ցուին բա­ցա­ռա­պէս այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ի­րա­ւունք շա­հած են կա՛մ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ ու­սա­նե­լու եւ կամ մաս­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ հարիւր տո­կոս կրթա­թո­շա­կով կրթուե­լու։ Ե­րէ­կուան մեր զրու­ցա­կից­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ կրթա­թո­շա­կա­ռու­նե­րու թի­ւը կրնայ բարձ­րա­նալ ե­թէ ՍԷՎ հիմ­նար­կին մօտ այս նպա­տա­կին հա­մար նա­խա­տե­սուած մի­ջոց­նե­րը ա­ւել­նան։ Հե­տե­ւա­բար, այս քէր­մէ­սին յա­ջո­ղու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն պի­տի ազ­դէ մեր հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար ի սպաս դրուե­լիք մի­ջոց­նե­րուն վրայ։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015