ՌԱՔՔԱՑԻ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ՝ ՅԱՐՈՒԹ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՅԱՅՏ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Ռաք­քա ապ­րող եւ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Հա­լէպ տե­ղա­փո­խուած հայ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յո­ղին ճա­կա­տա­գի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­յայտ: Այս մա­սին կայ­քէ­ջը տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցաւ Հա­լէ­պի իր աղ­բիւ­րէն: 1992 թուա­կա­նին ծնած Յա­րութ (հօր ա­նու­նը՝ Մա­նուկ) Պաղ­տո­յեան շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ ան­հե­տա­ցած է: Սու­րիոյ բա­նա­կի զի­նուո­րը ծա­ռա­յած է Իտ­լիպ, Տա­րա­յա եւ Դա­մաս­կոս քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ու ան վեր­ջին ան­գամ տես­նուած է Հա­լէ­պի մէջ: Յա­րու­թի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը կը գտնուին Սու­րիա­յէն դուրս: Բաց աս­տի, անց­նող մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին այս երկ­րորդ պա­րա­գան է, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ եւ ե­րեք շա­բաթ ա­ռաջ Յա­րութ Քահ­քէ­ճեան ա­նու­նով հա­լէ­պա­հայ այլ զի­նուոր մը նոյն­պէս ան­հե­տա­ցած էր: Քահ­քէ­ճեան կը մաս­նակ­ցէր Հա­լէ­պի «Ալ Հըք­մէ» վար­ժա­րա­նի շրջա­նի պաշտ­պա­նու­թեան մար­տե­րուն եւ ա­նոր հետ­քը կոր­սուած է 1 Օ­գոս­տո­սէն ի վեր:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2016