«ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔԸ»
«Այրընթը» հրատարակչութիւնը «Ընդյատակեայ գրականութիւն» մատենաշարով հրատարակեց Հայաստանի գրականութեան երիտասարդ ու նոր հեղինակներէն Յովհաննէս Թէքկէօզեանի «Փախչող քաղաքը» (Kaçan Şehir) վէպը։ Այս ստեղծագործութիւնը շարժապատկերի վերացական պատում մըն է, ուր միահիւսուած են խորհրդաւորն ու քաղաքային կերպարները, պատկերելին ու ծիծաղելիի նուրբ անցումները։ Հերոսներու իւրօրինակ վարքագիծերը կը բացայայտուին հոգեբանական հարցազրոյցներու, շարժարուեստի հնարքներու, դիցաբանական պատումի եւ բջջային պատգամներու միջոցով։ «Փախչող քաղաք»ին մէջ արտացոլուած միջադէպերը ըլլալով վերացական-իրական՝ չափազանց ճանաչելի են։
Հեղինակը՝ Յովհաննէս Թէքկէօզեան, ծնած է Երեւան, 1974-ին։ Աւարտած է Երեւանի Թատրոնի ու շարժարուեստի պետական հիմնարկը։ Հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու, վիպակներու, թատրերգութիւններու, խոհագրութիւններու, յօդուածներու եւայլն։ Իր գործերը ցարդ թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, պարսկերէնի։ 2006-ին որպէս երիտասարդ գրող արժանացած էր հայ-ամերիկեան IGEFA մրցանակին, 2009-ին ալ՝ «Վահան Թէքէեան» մրցանակին՝ «Ապակու արեւ» պատմուածքներու գիրքին համար։ Թէքկէօզեան նաեւ դերասան է եւ 1996-էն ի վեր բեմ կը բարձրանայ «Հրաչեայ Ղափլանեան» թատրոնին մէջ։
«Փախչող քաղաքը» վէպը թրքերէնի թարգմանած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան։