Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՓՈՐՈՇԵՆՔՈՅԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ յայտարարեց, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները կը փափաքին գրաւել իր երկիրը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ անկախութեան 25-ամեակին առթիւ Փորոշենքօ հարցազրոյց մը տուաւ CNN հեռուստակայանին։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան շեշտեց, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները կը փափաքին իրավիճակը ապակայունացնել աշխարհի վրայ ու գրաւել Ուքրայնան։
Ըստ իրեն, Մոսկուայի համար անհրաժեշտ չեն Տոնեցքը կամ Լուկանսքը, այլ անհրաժեշտ է, որ Ուքրայնա մաս կազմէ ռուսական կայսրութեան։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016