ՎԵՑ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Տիար­պա­քը­րի եւ Պին­կէօ­լի մէջ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան վեց զի­նուոր­ներ։ Տիար­պա­քը­րի Լի­ճէ գա­ւա­ռա­կէն ներս, Ա­պա­լը-Թա­փան­թե­փէ շրջան­նե­րու մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­վա­րող ոս­տի­կան զօ­րաց վրայ ե­րէկ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կում մը գոր­ծե­ցին հրթիռ­նե­րով եւ հե­ռա­հար հրա­ցան­նե­րով։ Զի­նուոր­նե­րուն եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գե­ցաւ բա­խում մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այս դէպ­քին հե­տե­ւեան­քով հինգ զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Եօթ զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Լի­ճէի գա­ւա­ռա­պե­տու­թիւ­նը այս բա­խում­նե­րէն վերջ յա­րա­կից տասն­չորս գիւ­ղե­րու մէջ փո­ղոց դուրս գա­լու ար­գելք սահ­մա­նեց։

Պին­կէօ­լի Քար­լըօ­վա գա­ւա­ռա­կի Ճե­հեն­նէմ ան­տա­ռին մէջ ալ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ե­րէկ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին ՓՔՔ­-ի դէմ։ Այդ ըն­թաց­քին ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ զե­տե­ղուած ա­կան մը պայ­թե­ցաւ եւ այս դէպ­քին ալ զոհ գնաց զի­նուոր մը։

Միւս կող­մէ, Քե­մէ­րի մէջ ալ, Ան­թա­լիա, ոս­տի­կան զօ­րաց ինք­նա­շարժ մը ե­րէկ են­թար­կուե­ցաւ յար­ձակ­ման։ Պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով ճա­նա­պար­հին վրայ բա­ցուե­ցաւ կէս մեթր տրա­մա­չա­փով փոս մը։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016