ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՃԱՄԲԱՐ

Սեփական լրատուութիւն.-

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը այս ա­մառ կը տե­ւա­կա­նաց­նէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ իր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի կազ­մա­կերպ­մամբ շուրջ շա­բա­թէ մը ի վեր հա­մախմ­բուած են Լիզ­պո­նի մէջ։ Այս­պէս, կազ­մա­կեր­պուած է ճամ­բար մը, ո­րու շրջագ­ծով յա­ռաջ կը տա­րուի հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տանք՝ հայ­կա­կան Wikipedia մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ճամ­բա­րի մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը հե­տե­ւին շուր­ջօ­րեայ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը։ Օ­րուան ըն­թաց­քին ա­նոնք միաս­նա­բար կը ճա­շեն եւ ննջա­րան­նե­րու մէջ ալ խառն ձե­ւով տե­ղա­ւո­րուած են, ինչ որ զի­րար ճանչ­նա­լու ա­ռու­մով լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը կը հան­դի­սա­նայ ա­նոնց տե­սան­կիւ­նէն։ Օ­րը եր­կու ան­գամ աշ­խա­տան­քա­յին պա­հեր կ՚ու­նե­նան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ աշ­խա­տե­լու հա­մար հա­մա­ցան­ցա­յին այս բա­ռա­րա­ն-­հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տար­բե­րա­կին վրայ։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­զատ ժա­մա­նակ­նե­րուն կը զբա­ղին մարմ­նա­մար­զով, ե­րաժշ­տու­թեամբ ու պա­րով։ Ի­րենց կե­ցու­թեան շրջագ­ծով ա­նոնք ա­ռիթն ու­նե­ցած են նաեւ ճանչ­նա­լու «Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան» հիմ­նար­կի Լիզ­պո­նի կեդ­րո­նա­կան հա­մա­լի­րը։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­մառ­նա­յին այս աշ­խա­տան­քը կը վե­րահս­կեն «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տքթ. Ռազ­միկ Փա­նո­սեան, նոյն բաժ­նի կրթա­կան ծրագ­րե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Ա­նի Կար­մի­րեան, ինչ­պէս նաեւ «Ո­ւի­քի­մե­տիա» կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն Ազ­նիւ Ստե­փա­նեան, որ կը հա­մա­կար­գէ այս ծրա­գի­րը։ Ե­րեքն ալ ան­մի­ջա­կան շփում մը հաս­տա­տած են ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ, ո­րոնք մեծ ե­ռան­դով յա­ռաջ կը տա­նին ակն­կա­լուած գոր­ծը՝ ար­դա­րաց­նե­լով ի­րենց վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Ներ­կա­յիս Լիզ­պո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ճամ­բա­րին կը մաս­նակ­ցին նաեւ պոլ­սա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք եւս աշ­խու­ժու­թեամբ ներգ­րա­ւուած են այս նա­խագ­ծին։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նի՝ հա­մա­ցան­ցի վրայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու եւ այս­պէ­սով նոր սե­րուն­դի լե­զուի ի­մա­ցու­թիւ­նը խրա­խու­սե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016