ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԸ
Ի՜նչ գեղեցիկ է սա բնութիւնը՝ հաւատարիմ եւ անկե՛ղծ։
Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, երեւակայեցէք դաշտ մը կամ բլուր մը՝ ուր կը շրջագայիք մտածումներու մտերիմ ընկերակցութեամբ, կը նշմարէք երեւոյթներ, որոնք կը լուսաբանեն, կը պարզաբանեն հազար ու մէկ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ մայր բնութեան, անկեղծ բնութեան ցոյց տուած վարմունքը՝ որ կը նմնաի մարդկային վարմունքին։ Եւ կ՚անդրադառնանք, թէ դուք ալ, որպէս մարդ, մասն էք այդ հրաշալի՜ երեւոյթին՝ բնութեան։
Այս մտածումներով կ՚անդրադառնաք ձեր էութեան, ձեր ինքնութեան, ձեր կեանքին եւ կը սկսիք հետզհետէ իմաստասիրել, իմանալ, հասկնալ անոնք եւ վերջապէս կ՚ըսէք. «Ահաւասի՛կ ես եմ, կ՚ապրիմ, կը մտածեմ եւ կը զգամ…», եւ ի՜նչ երջանիկ պահ մըն է այդ պահը։
Զոր օրինակ, նկատի ունեցէք վազուն ջուրը՝ առուակ մը կամ հսկայ գետ մը, ի՜նչ ուժ, ի՜նչ զօրութիւն, որ կ՚որոշէ անոր ընթացքը՝ անշեղ, անսխալ, կարգ ու կանոնի մէջ։ Ուստի կը խորհիք, թէ ի՞նչ զօրութիւն է որ կ՚որոշէ եւ կը կարգաւորէ ջուրին ընթացքը։ Եւ ջուրին այդ բնական ընթացքը տեսնելով կը հարցնէք դուք ձեզի. «Մա՞րդն է որ կը տիրապետէ բնութեան, թէ բնութիւնը՝ մարդուն»։ Իսկութեան մէջ անպատասխան է, անլուծելի՛ է այս հարցը՝ այս փոխադարձ ազդեցութիւնը։ Բայց այս փոխադարձ ազդեցութեան մէջ բնութիւնը նախադաս է, քանի որ եթէ բնութիւնը չըլլար, մա՛րդն ալ գոյութիւն պիտի չունենար, որովհետեւ մարդը իր էութեամբ բնութեան մէջ՝ բնութեան մէկ մասն է։
«Վազուն ջուր»ի օրինակով շարունակենք։
Հարցուցած էինք, թէ՝ ի՞նչ ուժ, զօրութիւն է որ կ՚որոշէ ջուրին ընթացքը, քանի որ կան զանազան խոչընդոտներ՝ որոնք վերցնելու բաւական ուժ չունի հոսող ջուրը ինքնին։
Երբ հոսող ջուրին դէմը կ՚ելլէ լեռ մը, կամ բլուր մը, որուն վրայ մագլցելու անկարող է, կը դառնայ անոր շուրջով, եւ ա՛յդպէս կը շարունակէ իր հոսքը, բայց անպայմա՛ն կը շարունակէ։ Ապա ուրեմն ո՞ւրկէ է այդ ուժը, զօրութիւնը՝ որ փոխել կու տայ ընթացքը ջուրին եւ շարունակելու իր ճամբան։ «Խորհուրդ» մըն է այդ, քանի որ ջուրը խելք չունի, իմաստուն չէ, որոշելու կարողութիւնը չունի, բայց կերպով մը կը շարունակէ իր ճամբան, ո՛չինչ համարելով որեւէ խոչընդոտ։ Զարմանալի՜ է բնութիւնը…։
Հոսող, վազուն ջուրը շրջելով կը հասնի տեղ մը, ուր սահանք մը կը կտրէ իր ճամբուն ընթացքը մէկ ոստումով, փրփրելով, ֆըշֆըշալով կը նետուի վերի մակարդակէն՝ վարինը եւ կը շարունակէ իր ընթացքը։ Գիտէ՞ ջուրը որ ո՛ւր կ՚երթայ։ «Գիտէ՛», ըսել կարելի չէ, բայց ան կը կտրէ այդ ճամբան հաստատակամ ու հաստատամի՛տ՝ առանց կամքի ու առանց միտքի։ Զարմանալի չէ՞…։
Մինչդեռ մարդ՝ այդ բանաւոր ու խելացի՜, իմաստո՜ւն էակը գիտէ՛ թէ ո՛ւր պիտի երթայ, նպատակ մը ունի, բայց կը դժուարանայ իր ընթացքը կատարելու շատ անգամ, ուժը կը պակսի խոչընդոտները անցնելու, խելքը չի բաւեր խորհելու «ուրիշ ճամբայ» մը եւ կը շուարի, կը կորսնցնէ իր ճամբան եւ կը կորսուի…։
Ահաւասի՛կ տարբերութիւնը մարդուն եւ բնութեան։ Տարբերութիւնը ուժերու, զօրութեան եւ կարողութեան բանականութեան եւ բնականութեան։
Ենթադրենք, որ գետի մը ընթացքը արգիլուեցաւ լեռներու շղթայով մը. այն ատեն ի՞նչ կ՚ընէ գետը։
Շատ պարզ է ըրածը. ակամայ՝ անգիտակցաբար եւ անզգալաբա՛ր կը փոխէ իր «նկարագիր»ը եւ կ՚ըլլայ լիճ։ Գետը երբ չի կրնար ընթացք գտնել, չի կրնար քալել ու յառաջանալ, կ՚ուռի, կը տարածուի, եւ կ՚ամփոփուի լեռներու քաշած շրջապատին մէջ, եւ կ՚ըլլայ անշարժ ջրակոյտ մը՝ որուն սովորական անունն է լի՛ճ։
Աշխարհագրական երեւոյթ մը, եթէ ներուի մեզի բարոյապէս բացատրել փորձել՝ պիտի ըսենք, թէ «լիճ»ը կոթողային ապացոյց մըն է «գետին յետին յուսահատութեան»։ Իրապէս «մելամաղձոտ» վիճակ մը կը նշմարուի «լճակ»ին մէջ, նոյնպէս եւ մեծ լիճի մը մէջ՝ որ կը մատնէ անբաւարարութիւնը հոսող ջուրին զօրութեան։ Ուրիշ խօսքով կը տեսնուի, որ հոսող ջուրին ընթացք տուող զօրութիւնն ալ, ուժն ալ վերջապէս սահման մը ունի։
Այս կը նշանակէ՝ թէ բնութեան մէջ ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ զօրութիւն «անսահման» է՝ բնութիւնն ալ ունի չափ, աստիճան եւ կշի՛ռ իր ամբողջ գործունէութեանը մէջ։ Տարբեր ձեւով ըսենք. բնութեան ուժը անսահման է թէեւ, բայց գործածութիւնը համեմատական՝ որոշ չափ եւ կշիռի մը համաձայն։ Եւ ահաւասիկ, «լիճ» մը բացայայտութիւնն է, խոստովանութիւնը՝ գետին պարտութեան, անզօրութեան, ուժաթափութեան ու ուժասպառութեան արգելքներու առջեւ՝ որոնք իր դէմը կը կանգնին։ Բայց աւելցնենք, կարեկցաբար, խոստովանինք՝ գետին «ճարտա՛ր» պարտութիւնը։ Պարտութենէն շահ ապահովելու, եւ կամ պարտութեան վնասը նուազագոյն զգալու ճարտարութի՛ւն։
Աւետարանի մէջ պատմուած «Անիրաւ տնտես»ին առակը ծանօթ է ձեզի։ Ուրեմն «վնասէն շահ ապահովել»ու ճարտարութիւնը կա՛յ նաեւ բնութեան մէջ, եւ ուրեմն բնական է այդ, թերեւս բնազդային։
Ուրիշ օրինակ մը. տեսած էք, թէ ինչպէս ժայռի մեծ ու ծանր կտոր մը, բլուրի մը կողն ի վար գլտորած ու իջած է՝ մինչեւ որ հսկայ ծառի մը բունը կասեցուցած ու գամած թաղած է զայն իր ոտքը՝ անշարժ, անորոշ ժամանակի մը համար, եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս մշտնջենաւորապէս։ Եւ ահաւասիկ այս իրողութեան մէջ ալ երկու բնական ուժեր իրարու կը հանդիպին, եւ մէկը կը պարտուի ու միւսը տեղի կու տայ։
Մարդկային-ընկերային կեանքի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է՝ երկու հոգի երբ կը կռուին, երկու կողմն ալ կը վնասուի՝ մէկը աւելի, միւսը համեմատաբար նուազ, բայց ի վերջոյ երկուքն ալ կը վնասուին։ Երկու կողմն ալ ուժասպառ կ՚ըլլան եւ յոգնաբեկ կը հեռանան իրարմէ։
Ինչո՞ւ։ Քանի որ երկու կռուողներու ուժը բաւարար չ՚ըլլար վճռական, վերջնական յաղթանակ մը ձեռք բերելու։ Մէկը միւսէն համեմատաբար գերադաս կը համարուի։ Ուժերու բացարձակ գերակշիռ ըլլալը միւսին նկատմամբ կարելի չ՚ըլլար եւ երկու կողմն ալ կորուստ կ՚ունենայ՝ կը վնասուի։
Արդարեւ, կ՚ըսուի, որ դատ մը՝ օրէնքի յանձնուած վէճ մըն ալ, ամբաստանողին ու մեղադրուողին նկատմամբ իրարու զարնուած գաւաթներու կը նմանին՝ մէկը երբ կը փշրուի, միւսն ալ կը ճաթի՛։
Ուրեմն թէ՛ բնութեան մէջ եւ թէ բնութեան մէկ մասը՝ մարդուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ՛ «բացարձակ ուժ»ի մասին խօսելու փորձ կատարել, այլ ուժերու համեմատաբար իրագործութեան արդիւնքները պէտք է նկատի ունենալ, քանի որ բնութեան մէջ ամէն ուժ անբաւարար է, գոհացուցիչ չէ բացարձակ եւ հատու արդիւնք մը ձեռք ձգելու։ Եւ ուրեմն, բնութիւնը հաստատուա՛ծ է ուժերու ներդաշնակութեան եւ կշռոյթին վրայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2016, Գնալը կղզի