ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ։ Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներուն հանդիպումը, որու աւարտին անոնք սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Աթէնքի ղեկավարութիւնը այս առթիւ հաստատեց իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ Թուրքիոյ ընտրեալ իշխանութիւններուն ի նպաստ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։
Իր կարգին, Չավուշօղլուն ալ շեշտեց, որ մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ ոեւէ մէկը Յունաստանէն աւելի լաւ չի կրնար ըմբռնել Թուրքիոյ կողմէ յաղթահարուած վտանգը։