ՀԱՏՈՒԿԵՆՏ ՄԻՏՔԵՐ
ՓՈՐՁԱՌԱԲԱՐ
Անցեալին շատ կը զարմանայի շատ մը երեւոյթներու եւ գործարքներու վրայ, սակայն տարիքի, փորձառութեան եւ քննարկումներու պատճառաւ, կամաց-կամաց այդ հաճոյքը ինծմէ հեռացաւ կամ աւելի ճիշդ՝ հեռացուցի։ Չոր իրականութիւնը աւելի օգտակար է քան քաղցր խօսքերու առատ հոսքը, զոր կը լսենք առիթներով բեմերէ, որոնք երբեք ալ չեն համապատասխաներ խօսք առնողին կեանքին հետ:
Առիթով մը ուսուցիչը ըսաւ. «Եթէ նկարագրէք սուր մը պատէն կախուած, այդ սուրը պէտք է տեղադրել մէկու մը ափին մէջ»:
Միտք բանին՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄ:
ԱՒԵԼՈՐԴԱԽՕՍ
Կիներու համար շատախօս կ՚ըսեն… բայց ո՞վ ըսաւ, որ եթէ նոյն պարագաներու տակ գտնուէին, այրերն ալ նոյնքան շատախօս պիտի չըլլային. ի միջի այլոց Պրն. Սիմոն Սիմոնեան ըսաւ մեզի (Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանը)՝ «Շատախօս չեն կրնար ըսել, այլ աւելորդախօս», ինչ եւ է:
Գործի ընկեր մը ունէի, որ հազիւ գրասենակիս դուռը բացած, արդէն իր բերանը բանալով կը սկսէր օրը… եւ ձայնն ալ քիչ մը բարձրացնելով՝ իր ինքնութիւնը շեշտելու միտումով: Ալ օր մը չկրցայ հանդուրժել եւ ըսի, եթէ Աւետարանները կարդաս, չորս ժամ կը տեւէ, իրիկուն եղաւ եւ ըսելիքներդ վերջ չունին (այս օրինակը տուի քանի ինք Աւետարանական էր):
Կը սիրեմ բնութիւնը, որ ինծի համար բնական արուեստ է... եւ աշնան տերեւները, որոնք ծառէն կ՚օրօրուին, եւ ձմրան մեղմ հովը ու մանաւանդ՝ թռչուններու ճախրանքը…գրականութենէն՝ ամենէն աւելի քառեակները, որոնք չորս տողով կը պատկերեն աշխարհ մը իրականութիւն, ժամավաճառ չեն ըներ, խորունկ մտածողութեան արգասիք են:
Յովհաննէս Թումանեան կեանքի վերջին շրջանին ընդհանրապէս քառեակներ արտադրեց, ժամանակի սղութեան պատճառաւ. թէեւ անտարբեր չէր ոչ-քառեակներու նկատմամբ: Օմար Խայեամ միջազգային գրականութենէն ամենէն ծանօթ բանաստեծ-փիլիսոփան է…։
Իրմէ՝ «Անսկիզբ գաղտնիքները ոչ դուն գիտես, եւ ոչ ալ ես.
Առեղծուածին բառը կարդալ ոչ դուն կրնաս ոչ ալ ես
Վարագոյրին ետեւն է որ կը բարբաջենք մենք երկուքով,
Վարագոյրը երբ որ վերնայ… ալ ո՛չ դուն կաս եւ ոչ ալ ես»:
ՊԱՐՏՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհը տեսնել իբր մէկ ամբողջութիւն, շատ շեշտուած է Չինաստանի մէջ. մանաւանդ՝ դասախօսական վարդապետութեան: Եւ առ այդ՝ պատմուածքներ հնարուած, որոնցմէ մին Դիմատետրէն տեսայ:
Ուրեմն մայր ու որդի խանութէ մը գնում պիտի ընեն որդիին համար եւ սակայն լումանին անբաւարար է: Ձեռնունայն երբ խանութէն դուրս կ՚ելլեն, երիտասարդ մը կը յանձնէ ծրար մը մանչուկին, այն՝ ինչ որ մնացած էր խանութպանին սեղանին վրայ, ապշանք պատճառելով մօր ու որդիին, բայց երիտասարդը կը քաջալերէ, որ ընդունին, քանի որ կ՚ըսէ. «Ես պարտական եմ մարդկութեան, երբ ես փոքր էի, նոյն բանը պատահեցաւ ինծի» ու կը հեռանայ ժտալով…։ Գուցէ միտքէն ալ ըսելով դասախօսական խօսքը. «Իմաստունը անկողմնակալ է. սիրել ընկերը ի շահ ամէնուն»։
Բայց հոս հին Չինաստանը չէ…։
Եւ սակայն…։
Ո՞ւր են բարեգործական կամ այլ ֆոնտերով բարձր ուսման հետեւողները, ո՞ւր են երկիրի (արդէն պատմութեան անցած) Խորհրդային Միութեան ուսանողները, կամ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտները, որոնք վերջերս իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հաստատութեան 90-ամեակի առիթով, խրախճանքներով եւ ի հարկէ բանաստեղծական թռիչքներով ալ սրտի խօսքով հաճոյանալով…։
Բայց… խօսքն ուրիշ՝ գործը բոլորովին ուրիշ:
Այս է մարդը ընդհանուրին մէջ, ու տակաւին...
«Խօսքի վարպետ, գործի անպէտ»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ