ԱՈՒՆԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՏԱՊԱԼԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք»ը մտադիր է քաղաքական ամբողջական սառեցման տանիլ երկիրը: Ներքին քաղաքական կեանքին մէջ առկայ տարակարծութիւնները կը հասնէին գագաթնակէտի մը, երբ մարոնի առաջնորդ զօրավար Միշէլ Աունի գլխաւորած կուսակցութիւնը «դեղին քարտ» մը տալով կը սպառնար՝ իր ունեցած երկու նախարարները քաշել Վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութենէն: Տեղին կը համարեմ նշել, որ ասկէ շուրջ ամիս մը առաջ քրիստոնեայ այլ կուսակցութիւն մը՝ «Փաղանգաւոր»ը որոշում առած էր իր երեք նախարարները քաշել կառավարութենէն: Կուսակցութիւնը, որ դէմ եղած էր կառավարութեան գործելաոճին ու տարբեր թղթածրարներու առընթեր ունեցած էր սուր տարակարծութիւններ, կ՚ապրէր ներքին լարուածութիւն մը, երբ զայն ներկայացնող Աշխատանքի նախարար Սըճհան ալ Կազի կը մերժէր ենթարկուիլ իր կուսակցութեան որոշումին ու ապա այդ պատճառով կը հեռացուէր կուսակցութեան շարքերէն:
Այս բոլորէն անդին սիւննի վարչապետ Թամմամ Սալամ կարեւոր ճիգ կ՚իրականացնէր պահպանելու համար կառավարութեան գործունէութեան շարունակականութիւնը: Սալամ քաջ գիտէր, որ մասնաւորապէս այս փուլին, ո՛չ ինք եւ ո՛չ իր ղեկավարած կառավարութիւնը այլընտրանք ունին, տրուած ըլլալով, որ առանց նախագահի գոյատեւող երկրին մէջ տակաւին իր օրինական աշխատանքները շարունակողը կառավարութիւնն էր:
Ինչ կը վերաբերի աունականներուն, անոնք ժողով մը կը գումարէին Չորեքշաբթի օր եւ ժողովի աւարտին կ՚որոշէին՝ որպէս նախնական զգուշացում բացակայիլ կառավարութեան յառաջիկայ նիստէն: «Ազգային ազատ հոսք» կուսակցութեան անունով խօսք առնող երկրի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ միաժամանակ զօրավար Աունի փեսան է, լրագրողներուն հետ խօսելով կը յայտարարէր նախնական զգուշացման մասին եւ կ՚ըսէր նաեւ, թէ եթէ յառաջիկայ հանգրուանին խնդիրները չկարգաւորուին, ապա իրենք ստիպուած պիտի ըլլան ոչ միայն կառավարութենէն հեռանալ, այլ փողոց իջնել եւ մեծ ցոյցեր կատարել: Յիշեցնելու կարգով ըսեմ, որ Լիբանանի «նարնջագոյնական»ները (Աունի շարժումը որպէս խորհրդանիշ որդեգրած է նարնջագոյն գոյնը) առաջին անգամը չէ, որ կը սպառնան բողոքի ցոյցերով հանդէս գալ: Անոնք նոյնը կատարած են շուրջ տարի մը առաջ, բողոքելու համար իրենց կարծիքով՝ երկրին մէջ առկայ «քաղաքական անարդարութեան» դէմ:
Պարզաբանելու համար այսօր տիրող ընդհանուր վիճակը՝ պէտք է շեշտել, որ քաղաքական իրադրութիւնը մեծ լարուածութիւն կ՚ապրէր երկրի բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան ժամկէտին աւարտի թուականին մօտեցումով: Ու մինչ աունականներուն համար գերխնդիր էր նշանակել նոր հրամանատար մը, անդին երկրի կարեւորագոյն քաղաքական ուժերէն համարուող սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը կ՚առաջադրէր երկարաձգել գործող հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը: Հասկնալի էր սիւննի կողմին ու անոր դաշնակից կողմերուն մտահոգութիւնը: Անոնք կը դիտարկէին, թէ քանի որ երկիրը կ՚ապրի անցումային փուլ մը, ապա աւելի լաւ պիտի ըլլար երկարաձգել ներկայ հրամանատար՝ զօրավար Ժան Ահուաժիին պաշտօնավարութեան ժամկէտը, մանաւանդ, որ այս վերջինը ընդունելի եւ դրական կերպար կը համարուի երկրի քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերուն համար:
Խորքին երկու մարոնի-սիւննի ուժերուն միջեւ «ջուրի երես» ելած այս բախումը կը պայմանաւորուի ոչ միայն նոր հրամանատարի մը անունը ընտրելու շուրջ, այլ ան կը պայմանաւորուի նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ երկու կողմերուն ունեցած բարդ եւ խոր արմատներ ունեցող տարաձայնութիւններով:
Աունականներուն համար զօրավար Աունը, ինչպէս ասկէ տաս տարի առաջ, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի թեկնածու: Տակաւին աունականները, որոնք որպէս «փրկիչ» կը դաւանին արդէն իսկ եօթանասուն տարիքը թեւակոխած զօրավարը, նաեւ կը հաւատան, որ ան ոչ միայն քրիստոնեաներու «ձայն»ն է, այլ բոլոր լիբանանցիներուն սպասուած առաջնորդ-փրկիչը:
Ճիշդ է, որ Աուն իր քաղաքական մօտեցումներուն մէջ միշտ վեր կը հանէ ո՛չ կրօնական, ո՛չ համայնքային արժէքներով առաջնորդուող քաղաքական ուժ մը ըլլալու ընտրանքը, բայց եւ այնպէս անոր գետնի վրայ կատարած արարքները եւ իր «նեղ շրջանակ»ին իր կողմէ տրուած լիազօրութիւններն ու տարբեր ձեւի խախտումները լաւագոյն ապացոյց են, որ ան Լիբանանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարող «սուրբ» մը կամ «փրկիչ» մը չէ:
Նոյնը կարելի է ըսել միւս քաղաքական կուսակցութիւններուն մասին ալ, որոնցմէ օրինակ՝ «Ալ Մուսթաքպալ»ը, Լիբանանի «տէրը դարձաւ» գրեթէ տասնհինգ տարի ու նաեւ անընդունելի եւ մեծ սխալներ գործելով հանդիսացաւ Լիբանանի նիւթական կարողականութիւնը վատնող եւ փոքր երկրի վզին մեծ պարտքեր կուտակող կողմ:
Մինչ Լիբանանի նախագահական ընտ-րութեան օրակարգին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող շրջանային կողմեր կը փորձեն ամէն գնով պահպանել երկրի ապահովութիւնը, անդին Աունի առաջնորդած կողմը կը փորձէ ստեղծել քաղաքական նոր իրավիճակ մը:
Այդ իրավիճակը պիտի յատկանշուի՝ երկիրը ընդհանուր անդամալուծութեան տանելու հանգամանքով: Աուն եւ իր համակիրները կը հաւատան, որ այդ կերպ պիտի յաջողին հաւասարակշռութիւններու նոր հանգրուան մը բանալ: Անոնք սակայն կը մոռնան, որ նախագահի ընտրութեան «կանաչ լոյս»ի նշանը, այս հանգրուանին ալ, ինչպէս երկրի անցնող գրեթէ քառասուն տարիներուն, պիտի տրուի դուրսէն:
Այս մօտեցումը հասկնալու համար բաւական է վկայակոչել աունականներու հիմնական դաշնակից համարուող «Հիզպուլլահ»ի կեցուածքը, որուն համար այս կառավարութեան գոյութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է:
Այս առումով անցեալ Չորեքշաբթի օր Ժըպրան Պասիլի բերնէն հնչած խօսքերը պէտք է համարել «յատուկ պատգամ»ներ ուղղուած «Հիզպուլլահ»ին՝ բացայայտօրէն հարց տալով, որ «եթէ մենք վաղը փողոց իջնենք, պիտի միանաք մեզի՞»:
Այս ընդհանուր յարաբերակցութիւններու լոյսին տակ է, որ աունականները մտադիր են «ներսէն պայթեցնել կառավարութիւն»ը: Անոնց համար երկրի բանակի ընդհանուր հրամանատարին կամ անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի նախագահին նշանակման կամ պաշտօնի երկարաձգման հարցերը՝ ընդամէնը պատրուակ են քաղաքական «քաոս»ի մը տանելու համար երկիրը:
Ու բացառուած ալ չէ, որ անոնք այս փուլին եւս մնան առանձին ու չկարենալով փողոցը շարժել, կորսնցնեն իրենց ունեցած հասարակութեան շերտերէն կարեւոր մաս մը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ լիբանանցիներու ստուար մասին համար, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, հիմնականը երկրի անվտանգութեան պահպանութիւնն է:
Այս առումով է նաեւ, որ աունականները կը մոռնան կամ նոյնիսկ կը ձեւացնեն մոռնալ, որ նոյն անվտանգութեան գերխնդրին կարմիր գիծերը ընդգծուած են ոչ թէ Լիբանանի, այլ Ուաշինկթընի մէջ:
Թէ ի՛նչ գին կը վճարեն անոնք այս մոռացումին համար՝ պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ նոյն Աունի քրիստոնէական մեծագոյնը համարուող հոսանքին մէջ առկայ ճեղքերը կրնան որպէս վառելանիւթ ծառայեցուիլ այն կողմերէն, որոնց համար էականը Լիբանանը շրջանային տագնապներէ հեռու պահելն է:
Այդ ընդգծուած «կարմիր գիծեր»ուն ամենէն կարեւորը արաբական աշխարհի եւ ամերիկացիներուն ու ռուսերուն ուղղակի կամ մասնակի նեցուկը վայելող Վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնն է:
Այդ կառավարութեան «առաքելութիւն»ը անփոխարինելի է այնքան ատեն, երբ շրջանին համար գծուող քարտէսներուն վրայէն տակաւին «օրհնութեան շղարշ»ը չէ հանուած:
Իսկ թէ ե՛րբ կը հանուի այդ շղարշը, պարզ կը դառնայ միայն Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծման սկզբնաւորութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան