ՄԱՀ՝ ՔԵՐԻՄՈՎԻ
Էօզպեքիստանի Նախագահ Իսլամ Քերիմով մահացաւ 78 տարեկան հասակին։ Ուղեղի արիւնահոսութեան մը հետեւանքով մահացաւ էօզպեք ղեկավարը։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները չեն հաստատեր իր մահուան վերաբերեալ լուրերը ու կը յայտնեն, որ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ։
1991 թուականէն ի վեր Իսլամ Քերիմով եղած է նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Էօզպեքիստանի առաջին ու միակ նախագահը։ Ան քսանվեց տարի ղեկավարեց Էօզպեքիստանը, որ կը ներկայացնէ ռազմավարական կարեւորութիւն։ Արդարեւ, այդ երկիրը աշխարհի մեծագոյն չորրորդ ոսկիի հանքերուն տէրն է ու միեւնոյն ժամանակ բնական կազի արտադրութեան բնագաւառին մէջ 11-րդն է ամբողջ աշխարհի վրայ։
Միջազգային աղբիւրները առայժմ դժուար կը համարեն իր հաւանական յաջորդին մասին ընել կանխատեսումներ։