ԱՂԲԵՐՈՒ ՆՈՐ ԿՈՅՏԵՐ
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Պէյրութի մասնաւորապէս ծովեզերեայ հատուածը սկսած է դառնալ աղբակոյտերու բոյն: Այս մասին լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ աղբահանութեան տագնապը կ՚ուղղուի դէպի յաւելեալ սրացում: Ինչպէս ծանօթ է, տագնապը ծայր առած էր, երբ քրիստոնեայ «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը հաւաքներ ընելով բողոքի ձայն բարձրացուցած էր հայաբնակ Պուրճ Համուտի աղբակայանի օգտագործման դէմ: Աւելի վերջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը որոշում մը հրապարկելով յայտարարած էր տեղւոյն աղբաթափման կայանի ժամանակաւոր փակման մասին: Իր կարգին պետական երեսփոխան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ՝ Յակոբ Բագրատունի մամուլին տրուած յայտարարութիւններով ըսած էր, որ դէպի Պուրճ Համուտ բերուող աղբերը չեն լրացներ կառավարութեան կողմէ հաստատուած պայմանները, ինչ որ կրնայ նոր տագնապի մը դուռ բանալ: Յանուն կառավարութեան արտայայտուող նախարար Աքրամ Շըհայէպ «Ալ Սաֆիր» պարբերականին խօսելով քննադատած է մասնաւորապէս «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը։ Ան ըսած, որ անոնք խնդրին լուծում բերելու նպատակ չունին, այլ կ՚ուզեն կառավարութեան աշխատանքը եւ աղբահանութեան վերաբերեալ մշակած ծրագիրը ձախողցնել:
Միւս կողմէ, տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան այս վերաբերմունքին մէջ քաղաքական որոշ նպատակներ եւ թիրախներ կան։