ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԷՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ գերմանացի խորհրդարանականներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Պունտեստակի կողմէ ընդունուած՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումէն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ գարնան Պունտեստակէ ներս հայկական բանաձեւին ընդունուիլը լուրջ ցնցում մը յառաջացուցած էր Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ։ Այդ ցրտութեան զուգահեռ Անգարա Պերլինի ներկայացուցիչներուն համար փակած էր Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Գերմանացի խորհրդարանականներ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքին այցելել Ինճիրլիք, սակայն Թուրքիա չի յօժարիր այդ բանին։ Գերմանիա վեց հետախուզական ռազմաօդանաւ ունի Ինճիրլիքի մէջ ու վերալիցքաւորման սարքաւորումներ։ Ան այդ բոլորին միջոցաւ կ՚օժանդակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան, որ պայքար կը մղէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Գերմանացի օրէնսդիրները միջոց մը առաջ սպառնացած էին այդ առաքելութիւնը դադրեցնել, եթէ Թուրքիա չարտօնէ իրենց այցելութիւնը։
«Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ խօսեցաւ այս նիւթին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նախարարը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Սա կախուած է Գերմանիոյ ձեռնարկած քայլերէն։ Եթէ անոնք անհրաժեշտ քայլերը առնեն, մենք պիտի արտօնենք այցելութիւնը։ Սակայն, դժբախտաբար պէտք է ըսեմ, որ անոնք, որոնք անարդարօրէն կը խառնուին մեր պատմութեան մէջ ու կը շահարկեն զայն, չեն կրնար այդ այցելութեան արտօնութիւնը ունենալ»։ Ըստ Չավուշօղլուի, թրքական կողմին ակնկալած «անհրաժեշտ քայլերը» կը նշանակեն՝ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պունտեստակի բանաձեւէն հրաժարումը եւ յստակեցումը, թէ կառավարութիւնը չ՚աջակցիր այդ մէկուն։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ չէ մեկնաբանած Չավուշօղլուի յայտարարութիւնը։ Նախարարութեան բանբեր Մարթին Սխեֆէր անցեալ շաբաթավերջին անդրադարձած էր այս նիւթին։ «Պունտեստակի բանաձեւը Գերմանիոյ սահմանադրական մարմիններէն մէկուն քաղաքական հռչակագիրն է։ Կը կարծեմ՝ շատ լաւ գաղափար է... որ սահմանադրական կառոյցները իրարու աշխատանքը մեկնաբանեն շատ զգոյշօրէն, եթէ առհասարակ պէտք է մեկնաբանեն» նշած էր գերմանացի բանբերը։
Նախարարութիւնը թէեւ պահեց լռութիւն, սակայն Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք այնպէս կը մեկնաբանուին, թէ Պերլին մտադիր չէ ընթացք տալու Անգարայի պահանջին։ Ըստ իրեն, գերմանացի խորհրդարանականներու Ինճիրլիք այցելութեան եւ հայկական բանաձեւի մէջ ուղղակի կապ մը գոյութիւն չունի։ Ան յայտնեց, թէ այս տեսակէտը բաժնած է նաեւ իր թուրք պաշտօնակցին հետ։