ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս Կի­րա­կի՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 4-ին հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի տե­սակ­ցին Չի­նաս­տա­նի մէջ, ուր պի­տի մաս­նակ­ցին «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Սա շատ կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մըն է՝ թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա զրոյ­ցի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րը, Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը եւ գաղ­թա­կա­նաց խնդի­րը։ Ա­մե­րի­կեան կող­մը հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ շեշ­տեց, որ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րը լայ­նօ­րէն պի­տի քննար­կուի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եւ այս մէ­կը եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կաց պայ­քարն է։ Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա կանգ պի­տի առ­նեն նաեւ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ Թուր­քիոյ մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին վրայ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Էր­տո­ղան օ­րա­կար­գի վրայ բե­րէ նաեւ ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման խնդի­րը, քա­նի որ ան կը բնա­կի Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ։

Էր­տո­ղա­նի եւ Օ­պա­մա­յի տե­սակ­ցու­թիւ­նը ժամ­կէ­տին ա­ռու­մով կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը ա­ռիթ պի­տի դառ­նայ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ քննար­կե­լու հա­մար՝ Սու­րիոյ տագ­նա­պին շուրջ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ առ­կայ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը։ Թուր­քիա եւ ԱՄՆ ներ­կա­յիս հա­կա­սու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն մաս­նա­ւո­րա­պէս Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճե­րապ­լու­սը Ի­ՇԻՊ-էն մաք­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ան­ցեալ շա­բաթ սկսած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան սկզբնա­կան փու­լին Թուր­քիա կը վա­յե­լէր ԱՄՆ-ի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի վերջ, սա­կայն, բա­նա­կը սկսաւ ազ­դու հա­րուած­ներ հասց­նել նաեւ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դէմ։ Այս փու­լէն սկսեալ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վե­րա­պահ դիր­քո­րո­շում մը որ­դեգ­րեց։ Ներ­կա­յիս Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը պատ­րաս­տուին «Եփ­րա­տի վա­հան»ը ընդ­լայ­նել դէ­պի Մեն­պիչ, որ եւս կը գտուի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայտ­նեց, որ Թուր­քիա պէտք չէ խո­րա­նայ դէ­պի Ճե­րապ­լու­սի հա­րա­ւը, այլ Սու­րիոյ սահ­մա­նի եր­կայն­քով պէտք է յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի ա­րեւ­մուտք։ Իր կար­գին, Փեն­թա­կո­նի բան­բե­րը՝ Փի­թըր Քուքն ալ ա­նըն­դու­նե­լի հա­մա­րեց թուրք բա­նա­կի եւ ԵՓԿ-ի մի­ջեւ բա­խում­նե­րը ու պնդեց, թէ սա կրնայ միայն ա­զատ դաշտ բա­նալ Ի­ՇԻՊ-ի առ­ջեւ։

Իսկ Թուր­քիա չի բա­ւա­րա­րուիր Ճե­րապ­լու­սի ա­զա­տագ­րու­մով ու կը պա­հան­ջէ նաեւ Մեն­պի­չը ու­նե­նալ իր վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ան­գա­րա­յի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը խոս­տա­ցած է ա­պա­հո­վել ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի փու­թով ետ քա­շուի­լը՝ դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։ Հե­տե­ւա­բար, թրքա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ, որ Ո­ւա­շինկ­թըն յար­գէ իր այս խոս­տու­մը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ԵՓԿ ժամ ա­ռաջ պէտք է վե­րա­դառ­նայ Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը, այ­լա­պէս պի­տի դառ­նայ թի­րախ։

Միւս կող­մէ, ա­մե­րի­կեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թեր­թը ե­րէկ հե­տաքրք­րա­կան տուեալ­ներ հա­ղոր­դեց Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Այս­պէս, թեր­թը գրեց, որ Ճե­րապ­լու­սի մէջ ի­րա­րու դէմ կը պայ­քա­րին CIA-ի եւ Փեն­թա­կո­նի մի­ջեւ պաշտ­պա­նուած խում­բե­րը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016