ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս կրթադաստիարակչական ծրագրերը յառաջ կը տարուին թափով։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներու հետ կը ծաւալուի բազմակողմանի գործունէութիւն։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջերս Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցան՝ ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան համաժողովը եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի կիրակնօրեայ դպրոցի վերամուտի աշխատանիստը։ Ըստ Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդագրութեան, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան դասընթացը:
Կազմակերպող յանձնախումբի պատասխանատու՝ բազում տարիներու փորձառութիւն ունեցող մանակվարժ Տքթ. Էլլի Անդրէասեանի նախաձեռնութեամբ, այս տարուան դասախօսութիւններուն նիւթը նուիրուած էր «Հայ ինքնութեան» խնդիրներուն:
Բացման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր մտորոմները շաղախեց Երանաշնորհ Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ազգային ինքնութեան դիպուկ բնորոշումներուն, որոնք այսօր ալ կը շարունակուին ըլլալ իւրօրինակ ուղեգիծը եւ լուսաւոր փարոսը մեր յարատեւ պայքարին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մանրամասնութեամբ խօսեցաւ ինքնութեան մասին: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Սրբազան Հօր սրտի խօսքը այս կարեւոր նիւթի մասին:
ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Ինքնութիւնը չափազանց կարեւոր դերակատարութիւն ունի իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ: Ինքնութիւնը պայմանաւորուած է պատկանելիութեամբը մեր ազգային ակունքներուն, պատմութեան, մշակոյթին, լեզուին եւ արժէքներուն: Նոր ժամանակներու պայմաններուն մէջ կը թուէր, թէ աշխարհը հետզհետէ կրնար կորսնցնել գէթ զօրեղ կերպով ինքնութեան որոշիչ դերակատարութիւնը: Բայց իրականութիւնը այլ է այսօր, մարդը դժուար թէ կարողանայ իր գոյութենականութիւնը ապահովել առանց այն բաղկացուցիչներուն, որոնք կը բացատրեն իր պատկանելիութիւնը:
Ինքնութիւնը ազգերու կեանքին մէջ կը բերէ նաեւ զանազանութեան գեղեցկութիւնը: Չէ՞ որ բնութիւնն ալ տեսակէտով մը հրապուրող է իր զանազանութեամբ:
Հայ ուսուցչին կամ դաստիարակին առաքելութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ առաջնահերթային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոնց վստահուած է ազգին նորահաս սերունդին դաստիարակութիւնը, որպէսզի մանուկին ու պատանիին հոգեմտաւոր կեանքին մէջ խմորուի ու մշակուի իր հայեցի ինքնութիւնը՝ պայմանաւորուած այն բոլոր արժէքներու ձեռքբերումովը, որոնք անհրաժեշտ են պահպանելու համար գոյութենականութիւնը մեր ազգին: Այս հանգամանքը կը վերաբերի անխտիր բոլորին, ի Հայաստան եւ ի մասնաւորի արտաշխարհ ապրող հայութեան համար:
Ինչպէ՞ս կարելի է չկարեւորել ինքնութեան հանգամանքը, եթէ կ՚ուզենք ներկայանալ որպէս հայ: Հաստատապէս այս կարեւոր առաքելութեան գլուխն է անցած Հայց. Առաքելական մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին եւ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ալ կը պատգամէ մեզի այն ճշմարտութիւնը եւ պատմութեան ոլորտները եւ ազգային արժէքները ձեւ ու կերպարանք են առած եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ հաղորդուած մեր ազգի զաւակաց: Ահաւասիկ այդ իսկ պատճառով ալ մեր Սուրբ Եկեղեցին արդարօրէն իր ժողովուրդէն ստացած է «Մայր դաստիարակ»ի տիտղոսը:
Մեր խօսքին շեշտը ուղղակի ուղղուած է ուսուցչին եւ դաստիարակին, որուն ալ վստահուած է ինքնութեան գիտակցութիւնը հաղորդելու պարտականութիւնը մանուկին ու պատանիին: Ուրեմն, այդ բարի առաքելութեան ու նպատակին մէջ յաջողութիւն արձանագրելու համար մենք մեզի առիթը պիտի ընծայենք ինքնաքննութեան ու պատրաստութեան նոր շրջանի մը, ի նկատի ունենալով ժամանակին պահանջները:
Ինչքան աշխատութիւններ ալ կան այս նպատակով հրապարակուած, որոնք օգտաշատ են մեր գաղափարական կեանքը առաւել ամրացնելու համար ազգային ու եկեղեցական գիտակցութիւն ձեռքբերելու տեսանկիւնէն դիտուած:
Բոլորիս համար անխտիր, հոգեւորական թէ ուսուցիչ եւ կեանքի բոլոր տեսակի բնագաւառներու մէջ գործող մարդկանց համար եւս անկասկած, վերապատրաստութիւնը էական է եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունի:
Յիշենք Մեծ Վարդապետին խօսքը.
«Յամենայն ժամ ուսանիմ եւ ի գիտութիւն ճշմարտութեան ո՛չ հասանիմ»:
Հետեւաբար ճշմարիտ ուսուցիչ եւ դաստիարակ դառնալու համար էական է մշտապէս աշակերտի կերպարի մէջ մնալ: Ուրեմն, կոչուած ենք դառնալու ճարտարապետը մատաղ սերունդի հոգին մշակելու ու անոր էութեանը մէջ հաստատելու ինքնութիւն, որն աստուածային մեծագոյն պատիւ մըն է:
ՄԻՒՍ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ
Թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատու՝ Մաշտոց Չօպանեան անդրադարձաւ ազգային ինքնութեան հարցերուն՝ զանոնք համադրելով կրօնական, աստուածաբանական եւ բարոյական չափանիշներուն:
Նշանաւոր գիտնական՝ Փրոֆ. Կարօ Մոմճեանի դասախօսութեան նիւթն էր «Հայոց պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման դերը հայուն ինքնութիւնը գործին մէջ: Բանախօսը առաջնորդուելով արիստոտէլեան յայտնի սկզբունքով, հաճելի երկխօսութիւն սկսաւ ներկաներուն հետ եւ զանոնք առաջնորդեց պատմական անցեալի եւ ներկայի ազգային ինքնութեան եւ լինելութեան հանգրուաններով՝ միաժամանակ կարեւորելով համաշխարհային փորձը եւ արդի մօտեցումները:
Աշխատանիստի վերջին բանախօսն էր Տքթ. Էլլի Անդրէասեան, որ ամփոփեց օրուան նիւթը՝ զուգահեռելով գործնական, խմբային աշխատանքով, հարց ու պատասխաններով:
Համաժողովի վերջաւորութեան, Թեմի տարբեր շրջաններէն ժամանած աւելի քան յիսուն մանկավարժներուն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ համաժողովը աղօթքով փակեց Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգաբարձութեան վերատեսուչ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան: Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հեղինակած վերջին հրատարակութիւնները:
Կը սկսի ուսումնական նոր տարին: Ուսուցիչները խանդավառութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբ լեցուած կը սկսին իրենց ազգանուէր ծառայութեան՝ մեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ Թորգոմեան ազգի յարատեւութեան:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏ
Բաց աստի, Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր հովիւները, կիրակնօրեայ դպրոցներու վերակացուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, ծխական խորհուրդի անդամներ եւ այլ գործիչներ, որոնք կ՚օժանդակեն եւ զօրավիգ կը կանգնին կիրակնօրեայ դպրոցներու ծրագիրներուն, հաւաքուեան Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հովանիին տակ՝ վերամուտի սեմին մասնակցելու համար Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած աշխատանիստին: Աշխատանքը սկսաւ հետեւեալ բնաբանի բացատրութեամբ.
«ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ ԲՈԼՈՐ ԼԵՌՆԵՐԸ՝ ՆՈՒԱՃԵԼՈՎ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ ԼԵՌՆԵՐ»
Որպէս քրիստոնեաներ, իւրաքանչիւր օր մենք կը դիմագրաւենք բարձրանալու լեռներ: Յատկապէս մեր զաւակները կը դիմագրաւեն «լեռներ», ինչպէս թմրեցուցիչներու, ալքոլամոլութեան, վատաբանութեան եւ ատելութեան: Որպէս քրիստոնեաներ, Աստուծոյ օգնութեամբ կը յաղթահարենք այս բոլոր դժուարութիւնները: Եկեղեցւոյ մէջ մեր փոքրիկներուն կ՚ուսուցուի տագնապալի օրերուն դառնալ Աստուծոյ եւ յիշել, թէ Քրիստոս ինչ կը սորվեցնէր անոնց դժուարին վայրկեաններուն: Իւրաքանչիւր անգամ, որ մենք կը դառնանք Աստուծոյ, քիչ մը աւելի վեր կը մագլցինք լերան վրայ՝ Իրեն աւելի մօտ հասնելու: Աստուած լեռները կը դնէ մեր առջեւ յատուկ պատճառով, սակայն Ան նոյն ատեն մեզի կը հայթայթէ միջոցները՝ որպէսզի կարենանք յաջողութեամբ մագլցիլ: Այս միջոցները մեզի կը հասնին Սուրբ Գիրքով, հաւատքով եւ կիրակնօրեայ դպրոցով: Մեր եկեղեցւոյ դպրոցին նպատակն է ուսանողներուն տրանմադրել հիմերը քրիստոնէական բարոյական արժէքներուն, ինչ որ իրենք պիտի կրեն բարձրանալու համար այս լեռներուն վրայ՝ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Բացի լեռներ մագլցելէ, այս տարի մեր փոքրիկները «պիտի նուաճեն նոր եւ աւելի բարձր լեռներ»: Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ զօրաւոր կերպով ըմբռնէ, թէ ի՞նչ է կը նշանակէ «հայ» ըլլալ: Մենք ի յայտ պիտի բերենք ոգեւորիչ միջոցներ՝ տօնախմբելու համար այս յատուկ մշակոյթը, որ ապագայ սերունդները հպարտութեամբ պիտի պահպանեն անոր բացառիկ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:
Ներկայացուցաւ նաեւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին պատգամը անգլերէն լեզուով:
Աշխատանիստի խորհրդակցութիւններուն մաս կազմեցին դպրոցի դասագիրքերը, բաժանումը այս տարուան դպրոցի օրացոյցի ծնողներուն եւ յատկապէս պատրաստուած շաբաթական օրացոյցը ուցուցիչներուն՝ գործածելու համար իւրաքանչիւր Կիրակի, ինչպէս նաեւ շաբաթական հաղորդագրութիւն «ի-մէյլ»ի միջոցաւ պիտի առաքուին յաւելեալ դասարանային դասեր կրօնի, մշակոյթի, երաժշտութեան եւ Սուրբ Պատարագի մասին: Բոլորս անհամբեր կը սպսաենք մեր փոքրիկները տեսնել կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ Սեպտեմբերի 11-ին: Այդ պիտի ըլլայ դպրոցի միութեան տարի մը եւ համագործակցութիւն՝ Թեմի ամբողջ տարածքին եւ մենք բոլորս ոգեւորութեամբ կը պատրաստուինք դիմագրաւել եւ յաղթահարել ստեղծուած մարտահրաւէրները: