Տարբեր տարեդարձ մը՝ Սարոյեան 108

Վա­ղը՝ Օ­գոս­տո­սի 31-ին, հայ մե­ծա­նուն գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի ծննդեան օրն է: Հայ սա­րո­յեա­նա­սէր­նե­րը ա­մէն տա­րի, յա­տուկ ակ­նա­ծան­քով, այդ օ­րը կը յի­շեն մեծ գրո­ղին ա­նու­նը: Բայց այս տա­րուան Սա­րո­յեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձը այլ ե­րանգ մը ու­նի: Այս տա­րի այն տու­նը, ուր ան կեան­քին վեր­ջին տաս­նեօթ տա­րի­նե­րուն բնա­կած էր, եր­կա­րա­տեւ ջան­քե­րէ ետք, կրկին հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձաւ, եւ Սա­րո­յեա­նի այս տա­րուան ծննդեան տա­րե­դար­ձը պի­տի ըլ­լայ ա­ռանձ­նա­կի ջերմ ու հո­գե­հա­րա­զատ, քա­նի որ մեծ գրո­ղին ապ­րած տու­նը օ­տա­րին ձեռ­քը չան­ցաւ:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ 20-րդ դա­րու ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն մին՝ մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տի­րա­ցած հայ գրող, թա­տե­րա­գիր, մար­դա­սէր եւ ազ­գա­սէր Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան շրջան մը ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած է Ֆրեզ­նո­յի «Քու­փըր» միջ­նա­կար­գին կից գտնուող բնա­կա­րա­նի մը մէջ, W. Griffith Way հաս­ցէին վրայ: Իր պատ­մուածք­նե­րուն, եր­կե­րուն եւ գրու­թիւն­նե­րուն մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւէ Ֆրեզ­նո­յի այդ տու­նը, ուր բա­զում ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ծա­ւա­լած են: Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի մա­հէն եր­կար տա­րի­ներ ետք մե­ծա­նուն գրո­ղին տու­նը կը գտնուէր ա­մա­յա­ցած ու դա­տար­կուած վի­ճա­կի մէջ եւ խնամ­քի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով լուրջ վե­րա­նո­րոգ­ման կա­րիքն ու­նէր: Հա­մա­ձայն Ֆրեզ­նո­յի հան­րա­յին սե­փա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րող տուեալ­նե­րուն, Սա­րո­յեա­նի տու­նը ու­նե­ցած է ե­րեք սե­փա­կա­նա­տէ­րեր եւ եր­կու ան­գամ ա­ճուր­դի դրուած է: Երբ ա­մե­րի­կեան ան­շարժ գոյ­քի հար­ցե­րով զբա­ղող մա­մու­լին մէջ տու­նը ան­ցեալ տա­րի կրկին ա­ճուր­դի դրուե­ցաւ, հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ «փո­թո­րի­կ» մը բարձ­րա­ցաւ: Ա­մէն կող­մէ մտա­ւո­րա­կան­ներ, գրող­ներ, Սա­րո­յեա­նի գրա­կա­նու­թեան երկր­պա­գու­ներ այն հա­մո­զու­մը կը յայտ­նէին, որ հայ գրո­ղին տու­նը մեծ ժա­ռան­գու­թիւն մըն է, եւ ան կը պատ­կա­նի հայ ժո­ղո­վուր­դին, կա­րե­լի չէ ձե­ւով մը վերց­նել հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու ցան­կէն եւ ձգել, որ կո­րուս­տի մատ­նուի: Բո­ղո­քի ա­լիք մը բարձ­րա­ցաւ տու­նը վա­ճա­ռե­լուն ու օ­տա­րին յանձ­նե­լուն դէմ: Վեր­ջին ան­գամ երբ տու­նը ա­ճուր­դի հա­նուե­ցաւ՝ 2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 4-ին, ի բա­րե­բախ­տու­թիւն հայ ժո­ղո­վուր­դին, գնորդ չու­նե­ցաւ:

Լրջօ­րէն գի­տակ­ցե­լով Սա­րո­յեա­նի ձգած ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէ­քը, նկա­տի առ­նե­լով ա­ռանձ­նա­տան անմ­խի­թար վի­ճա­կը եւ նպա­տակ ու­նե­նա­լով փրկել զայն ոչն­չա­ցու­մէն՝ այս տա­րուան Փետ­րուա­րին ռու­սա­կան բազ­մա­ժանր ար­տադ­րո­ղա­կան «Comedy Club Production» կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր եւ գլխա­ւոր ար­տադ­րող, «Կազփ­րոմ Մե­տիա Հոլ­տին­կ» ժա­ման­ցա­յին հե­ռուս­տաա­լիք­նե­րու ղե­կա­վար Ար­թուր Ճա­նի­բէ­կեան գնեց ա­ռանձ­նա­տու­նը: Սա­րո­յեա­նի բնա­կա­րա­նին ի­րա­ւա­բա­նա­կան գնոր­դը Ճա­նի­բէ­կեա­նի կող­մէն ստեղ­ծուած «Մտա­ւո­րա­կան զար­թօն­ք» (Intellectual Renaissance Foundation) հիմ­նադ­րամն է, որ կը զբա­ղի հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ձայ­նագ­րու­թեամբ, կ՚ա­պա­հո­վէ ա­նոնց մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի ներ­կա­յա­նա­լիու­թիւ­նը, իսկ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն մեծ զարկ տուած է «Ո­ւի­քի­փի­տիա»ի մէջ հայ­կա­կան նիւ­թե­րու զար­գաց­ման եւ նպաս­տած է հայ­կա­կան մտա­ւո­րա­կան նե­րու­ժը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նե­լու ջան­քե­րուն:

Հիմ­նադ­րա­մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ բնա­կա­րա­նը պի­տի վե­րա­կա­ռու­ցուի եւ պի­տի դառ­նայ տուն-թան­գա­րան` հան­դի­սա­նա­լով մշա­կու­թա­յին օ­ճախ մը ո՛չ միայն հա­մայն հա­յու­թեան, այլ նաեւ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար: Տա­կա­ւին Սա­րո­յեան ինք փա­փա­քած էր, որ իր տու­նը կա­ցա­րան դառ­նայ ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գան ու ստեղ­ծա­գոր­ծեն այն­տեղ. այդ մա­սին կտա­կին մէջ ալ գրած է: Ար­դէն ի գործ դրուած է նաեւ Սա­րո­յեա­նի ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ծրա­գի­րը: Տուն-թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին գրա­կան ե­րե­կո­ներ, փա­ռա­տօն­ներ եւ այլ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնք կը սկսին այ­գիէն եւ կը շա­րու­նա­կուին տան սե­նեակ­նե­րուն մէջ: Նա­խա­տե­սուած է տան մէկ մա­սը պա­հել այն­պէս, ինչ­պէս որ է, իսկ միւս մա­սին մէջ ցու­ցադ­րել Սա­րո­յեա­նի ի­րե­րը:

Ճա­նի­բէ­կեա­նի հիմ­նադ­րա­մը պի­տի մշա­կէ եւ շու­տով հան­րու­թեան դա­տին պի­տի յանձ­նէ տուն-թան­գա­րա­նի վե­րա­կա­ռուց­ման նա­խա­գիծն ու գոր­ծու­նէու­թեան ծրա­գի­րը: Նոյ­նիսկ յայ­տա­րա­րած է, որ ա­մէն ոք կրնայ իր ա­ռա­ջարկ­նե­րով մաս­նակ­ցիլ մեծ գրո­ղին տուն-թան­գա­րա­նի բո­վան­դա­կա­յին ձե­ւա­ւոր­ման՝ ի­րենց ա­ռա­ջարկ­նե­րը ղրկե­լով info@saroyanmuseum.com հաս­ցէին:

Ար­դէն ա­ռա­ջարկ մը հաս­տա­տուած է. նկա­տի առ­նե­լով Սա­րո­յեա­նի մեծ սէ­րը հե­ծա­նիւ վա­րե­լու հան­դէպ, տան մէջ հե­ծա­նիւ մը պի­տի տե­ղադ­րուի եւ այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի կա­րե­նան հե­ծա­նի­ւին վրայ նստե­լով եւ դարձ­նե­լով ա­նոր ա­նիւ­նե­րը՝ նո­րա­գոյն սար­քա­ւո­րում­նե­րու մի­ջո­ցաւ ծա­նօ­թա­նալ իր հե­րոս­նե­րուն եւ կեան­քին:

Բա­ցի Սա­րո­յեա­նի տու­նը գնե­լու եւ զայն մշա­կու­թա­յին օ­ճա­խի վե­րա­ծե­լու ծրագ­րէն, Ար­թուր Ճա­նի­բէ­կեան այլ բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ եւս կա­տա­րած է. 2013 թուա­կա­նին ան գնած եւ Մա­տե­նա­դա­րա­նին ի պահ տուած է Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեա­ն» 16-րդ դա­րու ար­ժէ­քա­ւոր ձե­ռա­գի­րը, իսկ 2014 թուա­կա­նին ձեռք բե­րած եւ նոյն­պէս Մա­տե­նա­դա­րա­նին յանձ­նած է «Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեա­ն» 14-րդ դա­րու եւս մէկ ար­ժէ­քա­ւոր ձե­ռա­գիր։ 2012 թուա­կա­նին, իր հօր՝ Օ­թա­րի Յա­կո­բեա­նի հետ սկսած եւ 2013 թուա­կա­նին ա­ւար­տին հաս­ցու­ցած է Ա­պա­րա­նի շրջա­նին հայ­րե­նի Վար­դե­նիս գիւ­ղի կի­սա­ւեր պա­զի­լիք ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­նո­րո­գու­մը։ Նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին, ե­կե­ղեց­ւոյ կից՝ վա­ղե­մի սրբա­վայ­րի տա­րած­քին կա­ռու­ցած է «Սուրբ Նա­րե­կ» մա­տու­ռը։ 2007 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի մէջ ար­ժա­նա­ցած է «Տա­րուան մար­դը» կո­չու­մին, ըստ GQ ամ­սագ­րին՝ որ­պէս «Տա­րուան լա­ւա­գոյն ար­տադ­րո­ղ»։ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէն ար­ժա­նա­ցած է «Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չ» պար­գե­ւին:

Սա­րո­յեա­նը՝ յետ­մա­հու

Սա­րո­յեա­նի կեն­դա­նու­թեան օ­րով ե­ղած փառ­քը բազ­մա­պատ­կուած է մա­հէն ետք: Իսկ իր համ­բա­ւը, ինչ­պէս նաեւ իր յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւ­նը ծա­գում կ­­՚առ­նէ 1930-ա­կան թուա­կան­նե­րէն: Մին­չեւ օրս մե­զ կը յու­զեն իր հա­րիւ­րա­ւոր պատ­մուածք­նե­րը, թա­տրեր­գու­թիւն­նե­րը, վէ­պե­րը, ո­տա­նա­ւոր­ներն ու յու­շագ­րու­թիւն­նե­րը: Ծա­նօթ է նաեւ, որ Սա­րո­յեա­նի տա­ղան­դը հռչակ ու­նե­ցաւ Պոս­թըն հրա­տա­րա­կուող «Հայ­րե­նի­ք­»ի մի­ջո­ցով, ուր տպագ­րեց իր ա­ռա­ջին պատ­մուած­քը՝ «Կոտ­րուած ա­նի­ւը» խո­րագ­րով եւ Սի­րակ Կո­րեան գրչա­նու­նով։ 1934 թուա­կա­նին՝ քսան­վեց տա­րե­կա­նին, Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան ցնցեց գրա­կան աշ­խար­հը իր ա­ռա­ջին հա­տո­րի հրա­տա­րա­կու­թեամբ՝ «Խի­զախ պա­տա­նին թռչող լա­րա­խա­ղի վրա­յ» վեր­նագ­րով, ինչ­պէս նաեւ 1939 թուա­կա­նին, Պրո­տուէ­յի վրայ յա­ջո­ղու­թիւն գտած իր ա­ռա­ջին թա­տրեր­գու­թեամբ «Իմ սիր­տը լեռ­նե­րուն մէջ է» վեր­նագ­րով:

Նոյն տա­րին, Սա­րո­յեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին ա­մե­րի­կա­ցի գրո­ղը որ ար­ժա­նա­ցաւ թէ՛ «Թա­տե­րա­խա­ղի քննա­դատ­նե­րու շրջա­նա­կ­»ի մրցա­նա­կին եւ թէ՛ «Փու­լի­ցը­ր» մրցա­նա­կին` «Կեան­քիդ ժա­մա­նա­կը» թա­տրեր­գու­թեան հա­մար: Մեծն Սա­րո­յեան մեր­ժեց ստա­նալ «Փու­լի­ցը­ր» մրցա­նա­կը, ա­ռար­կե­լով, թէ՝ «Ա­ռեւ­տու­րը պէտք չէ որ ա­րուես­տը հո­վա­նա­ւո­րէ» եւ ա­ւել­ցուց. «այս գործս ու­րիշ գոր­ծե­րէս ա­ւե­լի լաւ կամ մեծ չէ»:

Ան­վի­ճե­լի է, որ Սա­րո­յեան ան­զու­գա­կան գրող մըն է: Հա­ւա­տա­ցած էր, որ Սեն Ո­ւա­գին Հո­վի­տը եւ հայ մշա­կոյ­թը կա­րե­ւոր աղ­բիւր­ներ հան­դի­սա­ցած են իր գրա­կան ներշն­չան­քին: Յատ­կա­պէս նշմա­րե­լի է այս ե­րե­ւոյ­թը «Ա­նունս Ա­րամ է» ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ, որ 1940 թուա­կա­նին ընտ­րուե­ցաւ ամ­սուան լա­ւա­գոյն գիր­քե­րէն մին, որ գրո­ղին մօ­րը նուի­րուած է եւ «Էմ.Ճի.Էմ.»ի կող­մէ վե­րա­ծուած է ֆիլ­մի՝ ար­ժա­նա­նա­լով «Շար­ժան­կա­րի Կա­ճա­ռ­»ի «Օս­քա­ր» մրցա­նա­կին «Լա­ւա­գոյն պատ­մուած­ք­»ին հա­մար:

1943 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին, ե­րե­սուն­հինգ տա­րե­կան Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան կ­­՚ա­մուս­նա­նայ տաս­նութ տա­րե­կան դե­րա­սա­նու­հի Քե­րըլ Մարք­սի հետ: Պսա­կը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ Օ­հա­յօ նա­հան­գի, Տէյ­թըն քա­ղա­քին մէջ: Ա­նոնք կ­­՚ու­նե­նան եր­կու զա­ւակ­ներ. անդ­րա­նի­կը՝ Ա­րամ, ծնած 1944 թուա­կա­նին, եւ Լու­սի, ծնած 1946 թուա­կա­նին: Ա­րամ Սա­րո­յեան այ­սօր նշա­նա­ւոր յա­ռա­ջա­պա­հա­կան գրող մըն է, մրցա­նակ ստա­ցած է ա­մե­նէն կարճ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­մար, որ մէկ բա­ռէ բաղ­կա­ցած էր՝ «Լոյ­ս» եւ ո­րուն տա­ռե­րը տա­րա­ծուած էին է­ջին մէջ­տե­ղը:

Վեց տա­րուան ա­մուս­նու­թե­նէն ետք Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան կ­­՚ա­մուս­նա­լու­ծուի: 1951 թուա­կա­նին, նոյն կնոջ հետ կրկին ա­մուս­նա­նա­լէ ետք, ա­նոնք դար­ձեալ կ­­՚ա­մուս­նա­լու­ծուին երկ­րորդ եւ վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով:

Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն շա­հե­ցաւ 1930-ա­կան, 40-ա­կան եւ 50-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, երբ հրա­տա­րա­կեց վաթ­սու­նէ ա­ւե­լի գիր­քեր: Իր գոր­ծե­րը թարգ­մա­նուած են ա­ւե­լի քան քսան­չորս լե­զու­նե­րու եւ ծա­խուած են մի­լիոն­նե­րով: Ա­մե­նէն նշա­նա­կա­լի գի­ծը, որ կայ իր գրու­թիւն­նե­րուն մէջ եւ սի­րե­լի կը դարձ­նէ ան­մի­ջա­պէս, այդ մէ­կը մեծ մար­դա­սի­րու­թիւնն է, բա­րու­թիւնն ու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը: Իր գլխա­ւոր նիւ­թը, ան­շուշտ, փրկու­թեան յոյսն է, այն­պէս ինչ­պէս իր ըն­տա­նի­քը փրկուե­ցաւ եւ հաս­տա­տուե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր ինք ծնաւ 1908 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 31-ին, ըլ­լա­լով չոր­րորդ զա­ւա­կը՝ քա­րո­զիչ եւ բա­նաս­տեղծ` Պիթ­լի­սէն գաղ­թած Ար­մե­նակ եւ Թա­գու­հի Սա­րո­յեան­նե­րուն: Ա­նուն­ներ, ո­րոնք իր հայ­կա­կան նիւ­թե­րուն գլխա­ւոր հե­րոս­ներն են: Ե­րեք տա­րե­կա­նին՝ հօր մա­հէն ետք, եղ­բայր­նե­րով յայտ­նուած է ման­կա­տան մը մէջ եւ միշտ ե­րա­զած է գրող դառ­նալ: Իր ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար մա­նուկ հա­սա­կէն սկսած է աշ­խա­տիլ, ե­ղած է լրագ­րա­վա­ճառ, հե­ռագ­րա­տան ցրուիչ, լրագ­րող։ Ան շատ մեծ կա­րօտ ու­նե­ցած է իր հօ­րե­նա­կան ծննդա­վայ­րը տես­նե­լու։ Ան այդ­փա­փա­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է 1964 թուա­կա­նին, դէ­պի Պիթ­լիս կա­տա­րած իր նշա­նա­ւոր ճամ­բոր­դու­թեամբ, երբ զինք ըն­դու­նած են նաեւ Թուր­քիոյ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձինք ու հա­մայն­քի հայ ե­րե­ւե­լի­ներ:

Նիւ­թա­պաշ­տու­թիւնն ու համ­բա­ւը բնաւ նշա­նա­կու­թիւն չեն ու­նե­ցած ի­րեն հա­մար եւ իր գոր­ծե­րով փաս­տած է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, յատ­կա­պէս տա­ռա­պանք կրած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կեան­քի ար­ժէք­նե­րը: Օր մը ար­տա­յայ­տուե­ցաւ, որ գրե­լը ի­րեն հա­մար անհ­րա­ժեշտ էր. «Ո­րով­հե­տեւ չեմ ու­զեր հա­ւա­տալ որ հի­ւանդ եմ կամ կէս մե­ռած, կ­­՚ու­զեմ լա­ւա­գոյ­նը ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ իմ բու­ժումս գրելն է»: Իր կեն­դա­նու­թեան ժա­մա­նակ վեր­ջին հրա­տա­րա­կուած «Մա­հազդ­նե­ր» հա­տո­րին մէջ գրեց. «Գործս գրել է, սա­կայն իս­կա­կան գործս ըլ­լալ է»:

Սա­րո­յեան հա­յե­րուն հա­մար աշ­խար­հին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում տուաւ, երբ այ­ցե­լեց Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­ն եւ խօ­սե­ցաւ հոն­կէ:

Կը մա­հա­նայ 1981 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 18-ին՝ եօ­թա­նա­սու­ներ­կու տա­րե­կա­նին իր ծննդա­վայ­րէն մէկ մղոն հե­ռու: «Ա­մէն մարդ պէտք է մեռ­նի», կ՚ը­սէր, «սա­կայն միշտ հա­ւա­տա­ցած եմ, թէ ես բա­ցա­ռու­թիւն պի­տի կազ­մէի: Հի­մա ի՞ն­չ»:

Կեն­դա­նու­թեան ժա­մա­նակ իր սիր­տը միշտ հա­յոց լեռ­նե­րուն մէջ էր, եւ իր մա­հուը­նէ տա­րի մը ետք, դիա­կի­զուած ա­ճիւն­նե­րուն կէ­սը փո­խադ­րուե­ցաւ եւ զե­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ե­րե­ւա­նի Հա­յոց Մե­ծե­րու Պան­թէո­նին մէջ, իսկ միւս կէ­սը՝ հե­տա­գա­յին թա­ղուե­ցաւ Ա­րա­րատ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, Ֆրեզ­նօ, Գա­լի­ֆոր­նիա:

1991 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 22-ին, Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան ա­ռա­ջին ան­ձը ե­ղաւ, որ մե­ծա­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Խորհր­դա­յին Միու­թեան թղթա­տա­րա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեանց կող­մէ՝ ի­րենց հրա­տա­րա­կած յի­շա­տա­կի դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն շնոր­հիւ: Հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին օ­րուան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը միա­ժա­մա­նակ տե­ղի ու­նե­ցան Ֆրեզ­նօ, Գա­լի­ֆոր­նիա, եւ Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տան:

Յատ­կան­շա­կան է, որ Սա­րո­յեա­նի ան­տիպ ձե­ռա­գիր­նե­րուն քա­նա­կը կը գե­րա­զան­ցէ իր հրա­տա­րա­կած գոր­ծե­րուն թի­ւը: Իր մա­հէն ետք՝ 1981 թուա­կա­նէն մին­չեւ 2003 թուա­կա­նը, քսա­նե­րեք գիր­քեր հրա­տա­րա­կուած են իր կեան­քին ու գոր­ծե­րուն մա­սին՝ կրկնա­պատ­կե­լով եւ բազ­մա­պատ­կե­լով հայ մեծ գրո­ղին փառ­քը:

Ե­րե­ւա­նի մէջ 

Քի­չեր գի­տեն, որ Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան մեծ սէր ու­նե­ցած է գծագ­րու­թեան հան­դէպ: Իր գծան­կար­նե­րէն տաս­նեակ­ներ ցու­ցադ­րու­թեան դրուած են մա­հուը­նէ ետք: «Մտա­ւո­րա­կան զար­թօն­ք» հիմ­նադ­րա­մը վա­ղը՝ Օ­գոս­տոսն 31-ին «Սա­րո­յեան 108» մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րէն ներս Ե­րե­ւա­նի Թու­մա­նեա­նի ա­նուն այ­գիի մէջ պի­տի հո­վա­նա­ւո­րէ «Սա­րո­յեանն իմ աչ­քե­րո­վ» խո­րա­գի­րը կրող գծագ­րու­թեան մրցոյթ մը: Գծագ­րու­թեան մրցոյ­թին նպա­տակն է հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձեռ­նել գծագ­րու­թեամբ հե­տաքրք­րուող մար­դոց գծե­լու Սա­րո­յեա­նը՝ ի­րենց պատ­կե­րա­ցու­մով: Ե­րե­ւա­նի մէջ Սա­րո­յեա­նին վե­րա­բե­րող հիմ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պուին «Մտա­ւո­րա­կան զար­թօն­ք» հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող Սա­րո­յեա­նա­սէր­նե­րու ա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: Ա­կում­բը հա­մալ­րուած է Սա­րո­յեա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան լա­ւա­գոյն գի­տակ­նե­րով եւ մաս­նա­գէտ­նե­րով, ո­րոնք ու­սում­նա­սի­րած են իր ապ­րած կեանքն ու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը:

Ա­հա­ւա­սիկ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն քսան­հինգ տա­րի ետք, Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան իր ե­րա­զած ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր մե­ծա­րան­քի կ՚ար­ժա­նա­նայ:

«Կ՚ու­զէի տես­նել այս աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ ուժ, որ բնաջն­ջէ այս սե­րուն­դը. այս փոքր ցե­ղին ան­կա­րե­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը մղուած են եւ յաղ­թուած, կա­ռոյց­նե­րը՝ փշրուած, գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ չէ կար­դա­ցուած, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ չէ լսուած եւ ա­ղօթք­ներն ալ չեն պա­տաս­խա­նուած: Հա­մար­ձա­կե­ցէ՛ք բնաջն­ջել Հա­յաս­տա­նը: Տե­սէ՛ք, թէ կրնա՞ք։ Աք­սո­րե­ցէ՛ք դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րը ա­ռանց հա­ցի եւ ջու­րի: Այ­րե­ցէ՛ք ա­նոնց տու­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:

Յե­տոյ տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք կրկին չեն խնդար, եր­գեր կամ ա­ղօ­թեր: Ո­րով­հե­տեւ երբ ա­նոնց­մէ եր­կու­քը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մա­սին մէջ ի­րա­րու հան­դի­պին, տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք Նոր Հա­յաս­տան մը չե՞ն ստեղ­ծե­ր»։

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016