ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Վրաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Կիոր­կի Սա­կա­նե­լի­ծէն, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան դես­պա­նը շնոր­հա­ւո­րեց նոր ստանձ­նած պաշ­տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար։

Զրու­ցա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ փո­խըմբռն­ման պատ­մա­կան հիմ­քին վրայ խարս­խուած աշ­խոյժ միջ­պե­տա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նո­րա­նոր ուղ­ղու­թիւն­ներ նա­խան­շե­լու ա­ռու­մով ա­մուր հիմք մըն է։ Սարգ­սեան եւ Սա­կա­նե­լի­ծէ հա­մա­կար­ծիք են, որ բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ կան նաեւ լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու չօգ­տա­գոր­ծուած մեծ նե­րուժ՝ զար­գաց­նե­լու հա­մար ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ընդ­լայ­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հե­ռան­կա­րա­յին շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ. ինչ­պէս՝ զբօ­սաշր­ջու­թիւն, գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն, ու­ժա­նիւթ, մշա­կոյթ ե­ւայլն։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016