ՀԵԼԷՆ

Ա­րե­ւե­լեան թխու­թեամբ, սա­կայն եւ­րո­պա­կան քիթ ու բե­րա­նով, գե­ղա­դէմ, վեց տա­րե­կան աղջ­կան կլոր դէմ­քը յան­կարծ կը գու­նա­թա­փի, կը տժգու­նի, եւ կը սկսի կարմ­րիլ, կար­մի­րը կուլ կու տայ ամ­բողջ դէմ­քը ման­կի­կին ու պոռթ­կա­ցող աչ­քե­րուն շուր­ջի գորշ կար­մի­րը կը խո­նաւց­նեն բի­բե­րէն հո­սող կա­թիլ­նե­րը: Ոտ­քի է ան ու կը սկսի աջ բռունց­քով հա­րուա­ծել յե­տոյ­քը, թե­թեւ հա­րուած­նե­րը հետզ­հե­տէ կը սաստ­կա­նան եւ.

-Էէէէէէհհհհհ­հաաաաաա...

Բարձ­րա­ձայն ճչոց մը կ­­՚ար­ձա­կէ, որ կար­ծես կո­կոր­դը պատ­ռե­լով, ձայ­նա­լա­րե­րը ճեղ­քե­լով դուրս կը գրո­հէ եւ սոս­կում կը պատ­ճա­ռէ այն­տեղ գտնուող­նե­րուն. աս ձայ­նը լսելն ան­կա­րե­լի է, սա­տա­նա­յա­կան, դի­ւա­յին... հա­ռա­չանք մըն է կար­ծես, գան­գատ մը, կամ ալ կու­տա­կուած բար­կու­թիւն մըն է, ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջոց մը թէ­կուզ, կամ ալ, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, մե­նու­թեան կանչ մը...:

Այս է Հե­լէ­նին վի­ճա­կը: Ա­մէն օր մի քա­նի ան­գամ կը կրկնուի այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:  Միայն պուպ­րիկ մը ու­նի, որ­մէ վայր­կեան մ՚իսկ չի բաժ­նուիր, ան է իր միակ նե­ցու­կը, խա­ղըն­կե­րը, խօ­սա­կի­ցը... քնա­ցած պա­հուն իսկ կը սթա­փի, ե­թէ զգայ պուպ­րի­կին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Երբ Հե­լէն խա­ղաղ ըլ­լայ, այն­պէս մը հոգ կը տա­նի պուպ­րի­կին՝ մա­զե­րը կը հիւ­սէ, հա­գուստ­նե­րը կը կոկ­է, կը փո­խէ, կը լուայ ու սի­րով ալ կը համ­բու­րէ պուպ­րի­կը, կը խօ­սի ու կ՚եր­գէ ա­նոր հետ, կը պա­րեն միա­սին: Կը պտտցնէ պուպ­րի­կը շա­բա­թա­վեր­ջին, երբ հօ­րը հետ կ­­՚եր­թայ տան անհ­րա­ժեշտ շա­բա­թա­կան գնում­նե­րը կա­տա­րե­լու։ Հե­լէն շա՜տ կը սի­րէ այս պա­հե­րը ու ան­համ­բեր կը սպա­սէ հօ­րը ար­ձա­կուր­դին․ հայ­րը մայր ալ է Հե­լէ­նին հա­մար: Յա­ճախ ալ գզուած մա­զե­րով, պա­տա­ռո­տած հա­գուստ­նե­րով ոտքն ու ձեռ­քը աջ ու ձախ շպրտուած, աղ­տոտ տեսք մը կ­­՚ու­նե­նայ պուպ­րի­կը, այն պա­հե­րուն, երբ Հե­լէն կը զզուի ան­շունչ մարմ­նին հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լէ, կ­­՚ու­զէ պա­տաս­խան մը ստա­նալ պուպ­րի­կէն, հնչիւն մը լսել ան­կէ, հպում մը զգալ, բնա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նալ, որ կը վա­յե­լեն աշ­խար­հի բո­լոր մա­նուկ­նե­րը, ին­չո՞ւ ինք զուրկ է ան­կէ, ին­չո՞ւ մայ­րը հո­գա­տար չէ բո­լոր մա­նուկ­նե­րուն մայ­րե­րուն պէս․ շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն հօ­րը հետ խա­ղա­վայր  եր­թա­լով, ան տե­սած է մա­նուկ­ներ մայ­րե­րուն հետ ու զար­մա­ցած։ Խա­ղա­ցած է ան, ակն­թարթ­նե­րու ապ­րում­ներ վա­յե­լած, հա­սա­կա­կից­ներ տե­սած, ո­րոնք իր պուպ­րի­կին նման ան­կեն­դան չեն՝ կը շար­ժին, կը խօ­սին, կը խա­ղան, կը խնդան, կու լան ալ եր­բեմն:

Հե­լէն կը բնա­կի Անգ­լիոյ գե­ղա­տե­սիլ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Հե­ռա­ւոր ա­ռանձ­նա­տուն մը: Ու­նի ա­րաբ, յի­սու­նը անց հայր մը ու տե­ղա­ցի մայր մը: Վաթ­սու­նի մօտ մայ­րը ու­նի իր ապ­րե­լու յա­տուկ ո­ճը. դա­սա­ւո­րուած են ա­նոր ժա­մե­րը եւ գոր­ծե­րը, ե­թէ կա­րե­լի է զա­նոնք «գոր­ծ» ա­նուա­նել: Անգ­լիա­կան պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ մը կ՚արթն­նայ ա­մէն ա­ռա­ւօտ նոյն ժա­մուն, կը նա­խա­ճա­շէ, դէմ­քը կը մաք­րէ յա­տուկ օ­ծա­նե­լիք­նե­րով, գաղջ սուրճ մըն ալ կը պատ­րաս­տէ ու կը բազ­մի, ա­ւե­լի՝ կը փա­կի իր բազ­կա­թո­ռին: Ո՞վ ու­նի զինք տե­ղէն շար­ժե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը կամ ալ՝ հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը: Առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նը ձեռ­քին՝ հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պե­րով կը հա­ղոր­դակ­ցի, նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րուն կը հե­տե­ւի, հա­մաշ­խար­հա­յին ապ­րան­քա­նի­շե­րու գե­ղեց­կու­թեան եւ օ­ծա­նե­լիք­նե­րու նո­րու­թիւն­նե­րով կը հե­տաքրք­րուի, իր ա­ռող­ջու­թեան ու տա­րի­քին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րով կը զբա­ղի, հրա­պու­րիչ ու գու­նա­ւոր ներք­նազ­գեստ­ներն ալ կը շար­ժեն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ու եր­բեմն ալ կը զրու­ցէ բա­րե­կամ­նե­րու հետ: Միայն երբ Հե­լէ­նին ճչո­ցը լսէ. «Be cool, Helen!», կ­­՚ը­սէ ի­րեն յա­տուկ պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ, այ­լա­պէս ման­կան դէմ­քին իսկ չի նա­յիր: Այս­պէս ե­ղած է հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը իր եւ ա­մուս­նոյն մի­ջեւ:

Ա­մու­սի­նը, որ տա­րի­ներ ա­ռաջ ի­րա­կա­նա­ցուց իր վա­ղե­մի ե­րա­զան­քը Եւ­րո­պա հաս­նե­լով եւ ինչ-ինչ զար­հու­րե­լի մի­ջոց­նե­րով ալ՝ Անգ­լիա, գաղ­թա­կան մըն է, որ տե­ղա­ցիու­թիւն ձեռք ձգե­լու հա­մար ա­մուս­նա­ցաւ այս կնոջ հետ, բայց ա­մուս­նու­թե­նէ ա­ւե­լի հա­մա­ձայ­նագ­րի մը ստո­րագ­րու­թեան կը նմա­նէր կար­ծես, իսկ հա­մա­ձայ­նագ­րին բո­լոր պայ­ման­նե­րը յօ­գուտ կնոջ էին հար­կաւ: Ա­րե­ւելք­ցիի մը զո­հո­ղու­թեամբ ըն­դու­նեց պա­հել ըն­տա­նի­քը, կրել ամ­բողջ ծախ­սին բե­ռը իր ու­սե­րուն, կնոջ խոս­տա­ցաւ թա­գու­հիի մը նման պա­հել, ա­նոր բո­լոր փա­փաք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լով եւ կամ­քին են­թար­կուե­լով: Միա­ձու­լուե­ցան Ա­րե­ւելքն ու Ա­րեւ­մուտ­քը ա­մուս­նոյն՝ Ահ­մա­տին հա­մար: Ան շատ մեծ սի­րով կը կա­տա­րէ ա­մէն ինչ. բեռ­նակ­րու­թիւն կ­­՚ը­նէ ցե­րե­կը, հա­զիւ գտած է այս աշ­խա­տան­քը, շա­բա­թա­կան հինգ օր կ­­՚աշ­խա­տի, եր­բեմն ալ յա­ւե­լեալ վճա­րու­մի հա­մար յա­ւե­լեալ ժա­մեր կը վերց­նէ: Յոգ­նած ու սպա­ռած տուն կը վե­րա­դառ­նայ, ուր կը գտնէ առ­տուան իր իսկ կնոջ ու աղջ­կան հա­մար պատ­րաս­տած նա­խա­ճա­շի աղ­տոտ պնակ­նե­րը, կը լուայ ու ճա­շի եւ ընթ­րի­քի պատ­րաս­տու­թեան կը սկսի:

Ահ­մատ այս­պէս դա­սա­ւո­րած է իր ա­ռօ­րեան, տուն գա­լուն պէս նախ կուշտ մը կը խօ­սի աղջ­կան հետ, որ­պի­սու­թիւ­նը կը հարց­նէ ա­նոր, ա­րա­բե­րէ­նով կը խօ­սի, ա­ռանց իսկ գի­տակ­ցե­լու, որ կի­նը ար­գի­լած է աղջ­կան ա­րա­բե­րէն խօ­սիլ. բայց ման­կի­կը կը խա­ղա­ղի երբ հայ­րը տես­նէ, գի­տէ ան զինք սի­րող ու ի­րեն գուր­գու­րա­ցող հօ­րը ար­ժէ­քը, բայց չի հա­մար­ձա­կիր ա­րա­բե­րէն հնչիւն մ­­՚իսկ ար­տա­բե­րել, տե­սած է ան մօ­րը զայ­րա­ցած հա­յեաց­քը, երբ կը փոր­ձէր քա­նի մը հնչիւն ար­տա­սա­նել ա­րա­բե­րէ­նով, հա­կա­ռակ ա­նոր որ կը հասկ­նայ ա­մէն ինչ, ուս­տի գլխու շար­ժում­նե­րով կը հա­ղոր­դակ­ցի հօ­րը հետ. Ահ­մատ կը նկա­տէ, կը սկսի անգ­լե­րէն խօ­սիլ, ման­կի­կը հա­մար­ձա­կու­թիւն կ­­՚առ­նէ ու հնչիւն-հնչիւն զուարթ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը կը սկսի:

Ահ­մատ ա­մուս­նու­թե­նէն ետք փա­փա­քած էր զա­ւակ մը ու­նե­նալ, ո­րուն ընդ­դի­մա­ցած էր կի­նը, քա­նի որ զաւ­կին ծնուն­դով Ահ­մա­տի հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կրնար նուա­զիլ ի­րեն հան­դէպ, ա­մէ­նօ­րեայ շո­յանքն ու գիր­կընդ­խառ­նու­մը կրնա­յին պակ­սիլ․-բայց ա­րե­ւելք­ցի Ահ­մա­տին հա­մար անպ­տուղ ա­մուս­նու­թիւ­նը ի­մաստ  չու­նէր, ա­մուս­նա­ցո­ղը պէտք է զա­ւակ ու­նե­նայ, աս է աշ­խար­հի կար­գը. ուս­տի խոս­տա­ցաւ կնոջ, որ ոչ մէկ բան կրնայ փո­խա­րի­նել զաւ­կին ծնուն­դը, եւ բժիշկ­նե­րու դի­մեց ու կի­նը յղա­ցաւ: Նո­րա­ծի­նին ծնուն­դով շատ ու­րախ ու խան­դա­վառ էր Ահ­մատ, շատ կը յոգ­նէր վազվ­զու­քէն. ման­կա­բար­ձու­հի մը բե­րած էր սկիզ­բը, ա­ռա­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը ման­կի­կին ցե­րե­կուան խնամ­քը վստա­հած էր ա­նոր: Եր­րորդ տա­րուը­նէ սկսեալ, ման­կա­բար­ձու­հին հրա­ժա­րած էր ճամ­բոր­դու­թեան պատ­ճա­ռով, Ահ­մա­տին հա­մար ալ ձեռն­տու ե­ղած էր այդ մէ­կը, քա­նի մեծ էր ա­նոր վճա­րուած գու­մա­րը, բա­ցի ան­կէ ինք նաեւ աշ­խա­տա­վար­ձին կէ­սը ար­դէն կնոջ կը յանձ­նէր ա­մէն ա­միս, այս­պէս էր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ա­նոնց մի­ջեւ, ուս­տի ո­րո­շած էր ու­րիշ մը չբե­րել եւ ինք հոգ տա­նիլ ման­կի­կին: Այս­պի­սով մա­նու­կը ցե­րեկ­նե­րը անխ­նամ կը մնար մին­չեւ հօ­րը գոր­ծէն վե­րա­դառ­նա­լը ու վեր­ջին տա­րուան ըն­թաց­քին ալ հո­գե­կան պոռթ­կում­ներ կ՚ապ­րէր այս պատ­ճա­ռով:

Տա­րի­ներ ետք, Հե­լէն իր նման­նե­րուն հետ, ման­կա­կան հո­գե­բու­ժա­րա­նի մը մէջ պուպ­րի­կը գրկած կը շրջի, մինչ հայ­րը՝ Ահ­մատ կը մնայ կնոջ կող­քին եւ մերթ ընդ մերթ ալ կ՚այ­ցե­լէ ման­կի­կին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016