ԿԱՄՔԻ ՊԱԿԱՍԷ ԱՒԵԼԻՆ
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ։ Ներկայիս Գերմանիա այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է, ուստի ժողովի տանտէրն էր անոր Արտաքին գործոց նախարարը՝ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Ժողովէն առաջ արդէն յայտարարուած է, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Անպաշտօն խորհրդակցութեան մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Փոտըստամի իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Շթայնմայէրի, որ նախաձեռնած էր երէկուան կարեւոր հաւաքին։ Արդարեւ, անպաշտօն հանդիպումը հնարաւորութիւն տուած է կարծիքներ փոխանակելու՝ նախապատրաստելով յաջորդ Դեկտեմբերին նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Համպուրկի մէջ։ Նալպանտեան ըսաւ, թէ նախապատրաստութիւնը գետին կը ստեղծէ, որպէսզի Համպուրկի պաշտօնական հանդիպումը դառնայ միասնական յաջողութեան առիթ։ Ըստ իրեն, ի հարկէ, յաջողութիւնը կը չափուի ոչ թէ ընդունուած որոշումներու սոսկ քանակով, այլ երկխօսութեան որակով։ Նալպանտեան շարունակեց.
«Ակնյայտ է, որ ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանի իւրաքանչիւր մարտահրաւէր հարկաւոր է լուծել երկխօսութեան միջոցաւ։ Մենք կրնանք անվերջ բանավիճիլ։ Այդ երկխօսութիւնը ձեւաւորող ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներու եւ պարտաւորութիւններու էութեան եւ շրջանակներուն մասին։ Այնուամենայնիւ, եթէ համաձայնութեան չհասնինք հիմնարար սկզբունքի մը շուրջ, ապա մեր ջանքերը պարզապէս ապարդիւն կ՚ըլլան։ Խօսքը ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքին մասին է։ Անվերապահ հաւատարմութիւնը ուժի չկիրառման սկզբունքին համար կենսական է ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանէն ներս անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։
«Այս տարուան Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ նախապէս ծրագրուած եւ իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով եւ վայրագութիւններով հանդերձ, այս հակամարտութեան սոսկ հերթական սրացումը չէր։ Սա մարտահրաւէր էր ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանի ընդհանուր անվտանգութեան ու կայունութեան։ Սա լրջօրէն ետ նետեց ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։
«Ուժի կիրառման նման փորձերը, որպէս բանակցային գործընթացի վրայ ճնշում գործադրելու միջոց, համապատասխան արձագանգ չստանալու պարագային, կրնան տեղի տալ լրջագոյն անկայունութեան՝ յղի անկանխատեսելի հետեւանքներու ամբողջ տարածքաշրջանի համար։ Հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հանդէպ վստահութիւնը վերականգնելու համար պէտք է ձեռնարկուին համապատասխան միջոցներու՝ ուժի կիրառումը բացառելու եւ պայմաններ ստեղծելու խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով։ Սա էր Մայիսին Վիեննայի եւ Յունիսին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկու գագաթաժողովներուն գլխաւոր նպատակը։ Նախ եւ առաջ, հարկաւոր է իրագործել այն, ինչ որ ընդգծուած եւ համաձայնեցուած էր այդ հանդիպումներու շրջանակներէն ներս՝ 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերու ամբողջական կատարում, հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան ստեղծում, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնում։
«ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս առկայ հակամարտութիւնները նոյնական չեն, երբ խօսքը կը վերաբերի սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ այդ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին։ Իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնք պէտք է հաշուի առնուին։ Գոյութիւն ունի ընդհանուր մէկ սկզբունք՝ ուժի չկիրառումը, որուն հետամուտ պէտք է ըլլալ բոլոր հակամարտութիւններու պարագային։
«Կա՛մ այն ձեւով, ինչպէս մենք կ՚ըսենք, կա՛մ պատերազմ. այս մօտեցումը կը տանի փակուղիի։ Այս կարգի ձեւակերպումներ կը հնչեն ԵԱՀԿ-ի մօտ Ատրպէյճանի դիւանագէտներուն կողմէ, որոնք, արհամարհելով ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ կատարուած հինգ յայտարարութիւնները, կը փորձեն սեփական ընկալումներն ու տեսակէտները ներկայացնել որպէս հանգուցալուծման միակ ճանապարհ։ Երբ նոյնիսկ դիւանագէտները կը խօսին նման լեզուով, ապա խնդիրը այստեղ աւելին է, քան զուտ կամքի բացակայութիւնը։
«Հակամարտութեան գօտիէն ներս բնակող մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ թէ՛ հակամարտութիւններու կառավարման եւ թէ անոնց կարգաւորման հիմքին։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն ու իրագործումը կենսական նշանակութիւն ունի այս հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս որեւէ էական յառաջընթաց ապահովելու համար»։
Իր ելոյթին տեւողութեան Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ նաեւ սպառազինութիւններու խնդրին։ Ան ըսաւ. «Սպառազինութիւններու վերահսկողութեան արդիւնաւէտ կարգը եւ անոր լիարժէք իրագործումը առանցքային են՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքի գործնական կիրառութիւնը ապահովելու առումով։ Մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացանք ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի՝ Օգոստոսի 26-ի յօդուածին, որուն մէջ կ՚առաջարկուի վերագործարկել սպառազինութիւններու վերահսկողութիւնը։ Հայաստան մշտապէս համագործակցային անվտանգութեան բարելաւուած համաձայնութիւններու կողմնակից եղած է՝ միտուած ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանէն ներս թափանցիկութեան եւ կանխատեսելիութեան բարձրացման՝ հիմնուած զսպման եւ ռիսքերու նուազեցման սկզբունքներուն վրայ։ Այս իսկ մօտեցումով Հայաստան կը պատրաստուի ներգրաւուիլ Եւրոպայի մէջ սպառազինութիւններու վերահսկողութեան ապագային վերաբերեալ քննարկումներուն։ Յարձակողական սպառազինութեան ահագնացող թափերով կուտակումը եւ անվերահսկելիութիւնը պէտք է կանխուի։
«Մենք կը գնահատենք Վիեննայի փաստաթուղթի արդիականացման ուղղեալ ջանքերը։ Բայց նաեւ պէտք է առաւել քայլերու ձեռնարկել՝ ապահովելու Վիեննայի ներկայ փաստաթուղթի եւ սպառազինութիւններու վերահսկողութեան վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու իրականացումը։ Մենք բարձրաձայնած են Վիեննայի փաստաթուղթի առանցքային դրոյթներու մասին, ներառեալ՝ զօրավարժութիւններու եւ տեսչական ստուգումներու յայտագրման շարունակական խախտումները։ Մենք մշտապէս ընդգծած ենք հակամարտութիւններու գօտիներու բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ԵԱՀԿ-ի կարողութիւններու ամրապնդումը նախ եւ առաջ հակամարտութիւններու դաշտային առաքելութիւններուն մէջ, բոլոր երեք հարթութիւններով վստահութեան միջոցներու ամրապըն-դումը։ Այս առումով, առաջնային պէտք է ըլլայ Վիլնիուսի մէջ ընդունուած համապատասխան որոշման ամբողջական կիրառումը եւ անկէ բխած պարտաւորութիւններու կատարումը։
«Աւարտելով խօսքս՝ կը փափաքիմ ընդգծել, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը գերմանական նախագահութեան՝ Համպուրկի նախարարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստման հարցին մէջ»։
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Այսօր կը նշուի Արցախի անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի կ՚ունենան մեծահանդէս տօնակատարութիւններ։ Նոյն առթիւ Ստեփանակերտ մեկնած է նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Յոբելեանին կապակցութեամբ Սերժ Սարգսեան հրապարակած է նաեւ պատգամ մը՝ շնորհաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը։
«1991 թուականի Սեպտեմբերի 2-ը հայոց նորագոյն պատմութեան փառահեղ էջն է։ Քառորդ դար առաջ արցախահայութիւնը կատարեց իր անբեկանելի ընտրութիւնը։ Այդ բախտորոշ քայլը գիտակցուած էր եւ իմաստաւորուած։ Այդ ընտրութեամբ, այդ կամքով ու վճռակամութեամբ ստոյգ մահուան անդունդի եզրէն դէպի կեանք եւ դէպի ազատութիւն վերադարձաւ հայութեան ամենավտանգուած հատուածը՝ արցախահայութիւնը։
«Դուք կռուեցաք եւ յաղթեցիք անհաւասար պատերազմի մէջ։ Դուք կառուցեցիք պետութիւն մը եւ հասարակութիւն մը, որ ազատ է ինչպէս երբեւէ։ Դուք ստեղծեցիք բանակ, որ ամուր է եւ մարտունակ, ինչպէս երբեւէ։ Դուք աւերակներէն բարձրացուցիք երկրամաս մը, որ երբեւէ այսքան խնամուած ու գեղեցիկ չէ եղած։ Դուք ձեզի ապացուցանեցիք, ողջ հայութեան եւ աշխարհին ապացուցանեցինք, որ ազատ Արցախը ոչ միայն կենսունակ է, այլեւ ունի բազմակողմանի զարգացման մեծ ներուժ։
«Ի հարկէ, այդ ներուժը տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրականացուած։ Ի հարկէ, դեռ շատ ընելիքներ ունինք՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Եւ ի հարկէ, պիտի ընենք մեր ընելիքը։ Պիտի ընենք համայն հայութեան ջանքերով։ Պիտի ընենք ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն։
«Անցեալ Ապրիլի ռազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս, կարելի է ըսել՝ աւելորդ անգամ մը, ապացուցանեցին, որ թշնամին մեծ կորուստներով ետ պիտի շպրտուի, եթէ փորձէ ռազմական ճանապարհով հարց լուծել։ Ապացուցեցին, որ Արցախի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծող ուժ մը գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ։ Գոյութիւն չունի, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ դուք հաւատարիմ էք քսանհինգ տարի առաջ կատարած ձեր ընտրութեան։ Չկա՛յ ռազմական ճանապարհ։ Կայ քաղաքակա՛ն ճանապարհ։
«Այսօր՝ այս նուիրական օրը, կրկին կ՚ըսեմ ձեզի. ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ վաղը դուք պիտի որոշէք ձեր ճակատագիրը։ Արցախի լուսաւոր ապագայի նկատմամբ մենք կասկածներ չունինք։ Կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Արցախը։ Կեցցէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»։