ՄՕՏԵՑՄԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը ե­րէկ նշուե­ցաւ խան­դա­վառ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մե­ծա­հան­դէս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­ցա­խի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան եւ բա­զում բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նին ե­րի­տա­սարդ­ներ երթ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Ար­ցա­խի մե­ծա­դիր դրօ­շա­կով մը, մինչ Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տա­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան տո­ղանցք եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան հա­մերգ։

Յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան՝ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած պա­տե­րազ­մի թարմ յի­շո­ղու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ 25-ա­մեա­կի առ­թիւ հեր­թա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ ան­ցեալ 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ա­պա­ցու­ցա­նած է, թէ տէրն է իր ո­րոշ­ման, այ­սինքն՝ որ­պէս պե­տու­թիւն կա­յա­ցած է Ար­ցա­խը։ «Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մը ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը պատ­րաստ է այ­սօր եւս ետ մղե­լու ո­րե­ւէ ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րա­րը, ո­րու հա­մոզ­մամբ՝ ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ար­դէն ի յայտ կը բե­րէ կամ ա­ռա­ջին հար­թու­թեան վրայ կը մղէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հար­ցը եւ այս մէ­կը կրնայ ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նել ամ­բողջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։

«Սա այն պահն է, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ այդ ուղ­ղու­թեամբ կ՚աշ­խա­տի ու սա նոր չէ, ար­դէն կան ճա­նաչ­ման ո­րո­շում­ներ, սա­կայն նա­հանգ­նե­րու, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ։ Տա­կա­ւին եր­կիր­ներ չկան, սա­կայն այդ աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րուի։ Շատ կա­րե­ւոր է ու­ժե­րը կեդ­րո­նաց­նել այդ ուղ­ղու­թեամբ», մատ­նան­շեց Շա­ւարշ Քո­չա­րեան, ըստ ո­րու, Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­ման հե­տե­ւան­քով այ­սօր նոյ­նիսկ պէտք է շատ լրջօ­րէն վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել այն մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնք կա­յին բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան շեշ­տեց նաեւ, թէ Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին կ՚ը­սէ միայն այն ինչ, որ ձեռն­տու է ի­րեն հա­մար։

ՍԱՀ­ՄԱ­ՆԻ ՎՐԱՅ ԶՈՀ

Միւս կող­մէ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ գի­շեր շփման գծին վրայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016