ՄԱՐԻԱՄ ԱՍԼԱՄԱԶԵԱՆԻ «ԿԵԱՆՔԻ ԴԱՎԹԱՐԸ» ԿԸ ԴՐՈՒԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ՍԵՂԱՆԻՆ
Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ (Փրոֆ. Ա. Աբրահամեանի հաւաքածոյ) Սեպտեմբերի 3-ին Կիւմրի քաղաքի Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի հետ համատեղ տեղի կ՚ունենայ նկարիչ Մարիամ Ասլամազեանի «Կեանքի դավթարը» ինքնակենսագրական պատումներու ժողովածոյի շնորհանդէս-վաճառքը: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, գիրքի վաճառքէն ստացուած հասոյթը կը տրամադրուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի բարենորոգման։
Մարիամ Ասլամազեանի կեանքը անմնացորդ նուիրում էր արուեստին: Նկարիչը ապրած է շուրջ մէկ դար՝ վրձինը ձեռքին, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն, ի մի բերելով ըրածն ու չըրածը, գրած է «Կեանքի դավթարը» պատումներու գիրքը: Մարիամ Ասլամազեան, իրեն բնորոշ անկեղծութեամբ եւ սեփական դիտարկումներով վերլուծած է իր ապրումները, պատմած կեանքի դժուարին տարիներու ու երջանիկ դիպուածներու մասին, անդրադարձած իր ընկերներու՝ Մարտիրոս Սարեանի, Սեդրակ Առաքելեանի, Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի, Ինտրա Կանտիի եւ այլոց հետ հանդիպումներու թանկ յուշերուն: Հեղինակը իր տեսանկիւնէն վերանայած է խորհրդային, յետպատերազմեան տարիները եւ բնորոշած՝ անոնց հետեւանքները: Պատումներու գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 2000 թուականին, Մոսկուայի մէջ՝ հեղինակ Մարիամ Ասլամազեանի միջոցներով: 2016 թուականին «Կեանքի դավթարը» ինքնակենսագրականը վերահրատարակուած է։
Սովետական Միութեան եւ Սովետական Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Մարիամ Ասլամազեանի ստեղծագործութիւններու ամբողջական հաւաքածոն կը գտնուի Կիւմրիի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահին մէջ, իսկ նկարիչի ստեղծագործութիւնները այսօր կը զարդարեն Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ֆրանսիայի՝ շուրջ յիսուն հռչակաւոր թանգարաններու հաւաքածոներն ու մշտական ցուցադրութիւնները: