ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Ե­րե­ւա­նէն այս ա­ռա­ւօտ հա­սաւ տխուր լուր մը։ Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ եր­կա­րա­տեւ ու ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ վերջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան։ Հե­ղի­նա­կա­ւոր գիտ­նա­կա­նը մա­հա­ցած է Ե­րե­ւա­նի «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, ուր կը դար­մա­նուէր վեր­ջին շրջա­նին։

Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի կո­րուս­տը լուրջ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ։ Իր մա­հը ցնցիչ է, ո­րով­հե­տեւ վրայ հա­սած է ան­ժա­մա­նակ։ Այդ ցնցու­մը ա­ռա­ւել եւս կը խո­րա­նայ՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան գեր­մարդ­կա­յին ջան­քե­րով յա­ջո­ղած էր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Մա­տե­նա­դա­րա­նի գոր­ծու­նէ­թիւ­նը դնել կա­յուն վե­րել­քի հու­նի մէջ։ Որ­պէս նուի­րեալ գիտ­նա­կան՝ ան թէ՛ վար­չա­կան եւ թէ մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թիւն­նե­րը շռայ­լօ­րէն ի գործ կը դնէր Մա­տե­նա­դա­րա­նի վե­րել­քին հա­մար։

Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան ծնած էր 1953 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ։  1976-ին ա­ւար­տած էր Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Բա­նա­սի­րա­կան ֆա­քիւլ­թէն։ Տա­րի մը վերջ աշ­խա­տան­քի ան­ցած էր Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ։ 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բին ե­ղած էր տնօ­րէ­նը «Նա­յի­րի» հրա­տա­րակ­չու­թեան։ 2007 թուա­կա­նին նշա­նա­կուած էր Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն։ Կ՚ան­դա­մակ­ցէր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ թղթա­կից ան­դամն էր։ Ան հե­ղի­նա­կած էր բազ­մա­թիւ մե­նագ­րու­թիւն­ներ եւ գի­տա­կան յօ­դուած­ներ, ինչ­պէս նաեւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ։ Իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, ըստ էու­թեան, կը վե­րա­բե­րին միջ­նա­դա­րա­գի­տու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին։

Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան որ­դին էր ա­նուա­նի գիտ­նա­կա­նի մը՝ Հրանդ Թամ­րա­զեա­նի։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016