ՀԱՅ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԻԻ Ի­ՐԱ­ՒԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԵՒ Ա­ՄՈՒՍ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒ­ՄԸ - Ե -

Ե­թէ մարդս պէտք է պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ ըլ­լայ իր գոր­ծո­ղու­թեան լաւ կամ վատ հե­տե­ւանք­նե­րուն հա­մար, ան պի­տի ու­նե­նայ ո՛չ միայն ո­րո­շեալ չա­փա­հա­սու­թիւն կամ կա­տա­րեալ տա­րիք, այ­սինքն՝ ա­ռողջ եւ հա­սուն մտա­ծու­թիւն, այլ նաեւ «կամ­քի ա­զա­տու­թիւն», կամ որ նոյնն է՝ «յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թի՛ւն»։­

Ար­դա­րեւ ա­ռանց «ա­զատ կամք»ի կամ «յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թեան» կա­տա­րած ո­րե­ւէ գոր­ծի հա­մար բնաւ կա­րե­լի չէ՛ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն դնել գոր­ծո­ղի վրայ։ Զոր օ­րի­նակ, մէ­կը կա­րե­լի չէ՛ պա­տաս­խա­նա­տու հա­մա­րել իր վատ­թա­րա­ցած ա­ռող­ջու­թեա­նը հա­մար, քա­նի որ իր «ա­զատ կամք»ը կամ «յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւ­ն­»ը չկա՛յ, ան­շուշտ ե­թէ գի­տակ­ցա­բար սխալ մը չէ գոր­ծած կամ իր ա­զատ կամ­քը այդ ուղ­ղու­թեամբ չէ՛ գոր­ծա­ծած։

Հռով­մէա­կան օ­րէն­քով յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւ­նը «consensus» գլխա­ւոր պայ­ման կը հա­մա­րուէր ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն տե­սակ ըն­կե­րա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հա­մար, ա­ռանց ո­րու վա­ւե­րա­կան եւ օ­րի­նա­ւոր չէր հա­մա­րուեր այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ ո­րե­ւի­ցէ պատ­ճա­ռով յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւն չու­նե­ցո­ղը ի­րա­ւունք ու­նէր հրա­ժա­րուիլ հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան բո­լոր պայ­ման­ներն ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լէ։

Եւ քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը կը հա­մա­րուէր բա­րո­յա­կան-քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն, ուս­տի ա­նոր օ­րի­նա­ւո­րու­թեա­նը հա­մար գլխա­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րէն մին էր, եւ ա­ռաջ­նա­կար­գը կը հա­մա­րուէր ե՛ւ կը պա­հան­ջուէր ա­մուս­նա­ցող­նե­րու ա­մուս­նա­կան յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւ­նը՝ «consensus nuptalis»։­

Ե­թէ այդ «յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւն»ը բռնա­դա­տուած է ո­րե­ւի­ցէ կեր­պով, ա­պա ա­մուս­նու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ որ վա­յե­լէ փո­խա­դարձ սէր եւ յա­րա­տե­ւու­թիւն, ու­րեմն կա­րե­լի չէ՛ «օ­րի­նա­ւոր» հա­մա­րուիլ։

Հայ Ե­կե­ղե­ցին այդ յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւ­նը՝ կը պա­հան­ջէ ա­մու­սին­նե­րէն թէ՛ նշա­նադ­րու­թեան, թէ՛ պսա­կի ժա­մա­նակ։ Ուս­տի Յով­հան­նէս Ի­մաս­տա­սէր Կա­թո­ղի­կո­սի (Ս. Յով­հան­նէս Գ Օձ­նե­ցի. 717-728) կար­գադ­րու­թեամբ 719 թուա­կա­նին գու­մա­րուած Դվի­նի եօթ­նե­րորդ Ժո­ղո­վի կար­գադ­րու­թեան 16-րդ կա­նո­նը կ՚ը­սէ. «Իսկ զեր­կեա­կան (երկ­րորդ ան­գամ ա­մուս­նա­ցող) նոյն­պէս պար­տա­ւոր է ըստ ա­ռա­ջին կար­գին (այ­սինքն՝ ինչ­պէս ա­ռա­ջին ա­մուս­նու­թեան ժա­մա­նակ) խօս­քով եւ վկա­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ հա­ւա­նե­ցու­ցա­նել «յի­րե­րաց յօ­ժա­րու­թեամբ» եւ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ քա­հա­նա­յէն օրհ­նու­թիւն ըն­դու­նիլ որ­պէս նշան ի­րենց զու­գա­ւո­րու­թեան…»։ (Կա­նո­նա­գիրք Էջ­միած­նի, կա­նոն. ՌՃՂԹ)։ Յով­հան­նէս Երզն­կա­ցիի գրուած­նե­րուն մէջ (14-րդ դար) կը կար­դա­ցուի.

«Պսա­կին էու­թեան հա­մար. ա) հարսն ու փե­սան երբ զի­րար կը տես­նեն հա­ւա­նին ի­րա­րու փո­խա­դար­ձա­բա՛ր, բ) նշան դնեն հար­սին, եւ գ) այն որ ե­կե­ղե­ցիին դրան առ­ջեւ քա­հա­նան հարց­նէ ա­նոնց եւ հար­սը փե­սա­յի յանձ­նէ եւ փո­խա­դարձ հա­ւա­նու­թեամբ՝ տէր կանգ­նին ի­րա­րու, եւ ա­պա մտնեն ե­կե­ղե­ցի եւ պսա­կի օրհ­նու­թեան ար­ժա­նան»։­

Ուս­տի Հին Մաշ­տո­ցի «նշան օրհ­նե­լոյ» կա­նո­նի մէջ կը կար­դանք. «քա­հա­նան պար­տա­ւոր է նախ ընտ­րել կա­նո­նի հա­մա­ձայն փե­սան եւ հար­սը…»։­

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ նշա­նադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ փե­սան եւ հար­սը պէտք է տես­նեն զի­րար եւ հա­ւա­նին։

Ու­րեմն Հայ Ե­կե­ղե­ցին իր կա­նոն­նե­րով եւ օ­րի­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ըն­դու­նած է ա­մուս­նա­նալ փա­փա­քող­նե­րուն փո­խա­դարձ յօ­ժա­րա­կամ հա­ճու­թիւ­նը, որ կը հիմ­նուի «ա­զատ կամք»ի սկզբուն­քին վրայ։ Իսկ «ա­զատ կամք»ը աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տարրն է՝ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան անհ­րա­ժեշտ շնոր­հը։

Հոս, նկա­տի ու­նե­նա­լով «զեր­կեա­կան», այ­սինքն երկ­րորդ ան­գամ ա­մուս­նա­ցող­նե­րու պա­րա­գան, կ՚ու­զենք հար­ցում մը ուղ­ղել՝ բո­լո­րո­վին միա­մ­­տօ­րէն եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ։ Թէ՝ երբ ա­ռա­ջին պսա­կը ըստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րէնք­նե­րուն ան­լու­ծա­նե­լի՛ է, միայն բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րուն կա­րե­լի, ա­պա ու­րեմն երկ­րորդ ա­մուս­նու­թիւ­նը կա­րե­լի է՝ միա՛յն ա­մու­սին­նե­րէն մէ­կուն մա­հուան պա­րա­գա­յին եւ բա­ցա­ռիկ ա­մուս­նա­լուծ­ման ա­տեն, որ ար­տօ­նուած է քրիս­տո­սա­ւանդ թոյլ­տուու­թեամբ։ Եւ 719 թուա­կա­նի Դվի­նի կա­նոնն ալ այս­պէս պէտք է հասկ­նալ։ Ու­րեմն սա կ՚ու­զենք հասկ­նալ, երբ ա­մէն պա­րա­գա­յի կը կա­տա­րուի «երկ­րորդ պսակ», այդ երկ­րորդ պսա­կը ի՞նչ հի­ման վրայ կը կա­տա­րուի։

Ան­շուշտ դա­տա­կան ո­րո­շու­մով կա­րե­լի է օ­րի­նա­ւոր կեր­պով ա­մուս­նա­լու­ծում կա­տա­րել, քա­ղա­քա­ցիա­կան տուեալ օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն, ը­սե­լիք չու­նի՛նք, բայց հար­ցը սա է. դա­տա­կան ո­րո­շու­մով՝ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քի հա­մա­ձայն ան­լու­ծա­նե­լի ա­մուս­նու­թիւ­նը, այ­սինքն պսա­կը եւս լու­ծուած կա­րե­լի՞ է նկա­տել։ Եւ մեր հար­ցու­մը շա­րու­նա­կե­լով՝ ե­թէ ա­ռա­ջին ա­մուս­նու­թիւ­նը լու­ծուած կը նկա­տուի, ի՞նչ ի­րա­ւա­բա­նա­կան հի­ման վրայ, քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէն­քի գոր­ծադ­րու­թեան մար­զը եւ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քին գոր­ծադ­րու­թեան եւ ազ­դե­ցու­թեան մար­զը, քա­նի որ բո­լո­րո­վին զա՛տ է եւ այդ­պէս պէտք է ըլ­լայ, ա­պա ու­րեմն ան­քա­կե­լի, ան­լու­ծե­լի պսա­կը ինչ­պէ՞ս լու­ծուած կը նկա­տուի եւ երկ­րորդ պսա­կը կը կա­տա­րուի։ Այս եր­կու մար­զե­րու մէջ կի­րար­կե­լի, ի­րար­մէ ան­ջատ ու ան­կախ ի­րա­ւա­բա­նա­կան դրու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ներ­դաշ­նա­կել։ Այս մեր հար­ցու­մը ո՛չ թէ ներ­կայ կի­րար­կու­թիւ­նը խա­փա­նե­լու, այլ ա­նոնց ի­րա­ւա­կան գե­տին մը, ի­րա­ւա­բա­նա­կան հիմք մը գտնե­լու նպա­տակ ու­նի։

Եւ դժբախ­տա­բար, կան լուրջ եւ ծան­րակ­շիռ պա­րա­գա­ներ, ո­րոնք «կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեամբ» եւ «ես ը­րի՝ ե­ղա՛ւ» մտայ­նու­թեամբ կա­րե­լի չէ՛ կա­տա­րել։ Ուս­տի ա­մուս­նու­թիւ­նը լուրջ եւ ծան­րա­խո­հու­թիւն պա­հան­ջող ո՛չ միայն ա­մու­սին­նե­րը՝ այր-մար­դը եւ կին-մար­դը շա­հագրգ­ռող, հե­տաքրք­րող միու­թիւն մըն է, քա­նի որ ա­նով կը կազ­մուի «ըն­տա­նիք»ը՝ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան եւ մարդ­կու­թեան կո­րի՛­զը։ Այս ի­մաս­տով կը հե­տաքրք­րէ նաեւ սե­րուն­դի մը ամ­բողջ ա­պա­գան, եւ ու­րեմն եր­կու հո­գիի քմա­հաճ կիր­քե­րուն պէտք չէ՛ զո­հուի, եւ պէտք չէ՛ ա­մուս­նու­թեան, պսա­կին՝ պարզ «մարդ­կա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան» մը աչ­քով նա­յուի։

Ուս­տի, «գիտ­ցո՛ղ»ի մը լու­սա­բա­նու­թեան ակն­կա­լու­թեամբ, ա­ռայժմ կը վեր­ջաց­նենք մեր այս մա­սին խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 28, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016