ԿԻՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Հիւր վարչապետը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։
Քվիրիքաշվիլիի Երեւան այցելութեան ընդառաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի միջեւ՝ անցեալ շաբաթավերջին, երբ անոնք Պրաթիսլաւայի մէջ մասնակցեցան Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները գոհունակութեամբ վերահաստատեցին հարեւան երկիրներու փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ առաւել ամրապնդելու համար բարիդրացիական աւանդական յարաբերութիւններն ու զանոնք խորացնելու համար բազմակողմանի համագործակցութիւնը։ Անդրադառնալով երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն՝ նախարարները աչքէ անցուցին նաեւ Քվիրիքաշվիլիի այսօրուան պաշտօնական այցելութեան վերջին նախապատրաստութիւնները։