ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏԳԱՄ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կ՚ա­պա­հո­վեն շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ։ Այս­պէս, շա­բա­թա­վեր­ջին Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի եր­կայն­քը ամ­բող­ջու­թեամբ մաք­րա­գոր­ծուե­ցաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն։ Սա ե­ղաւ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ար­դէն երկ­րորդ ճա­կատ մը բա­ցին դէ­պի Սու­րիոյ հիւ­սի­սը եւ թրքա­կան հրա­սայ­լե­րը երկ­րորդ կէ­տէ մըն ալ մուտք գոր­ծե­ցին այդ երկ­րի տա­րած­քը։ Այս բո­լոր ազ­դու մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նը մաք­րա­գոր­ծուե­ցաւ Ի­ՇԻՊ-էն, ինչ որ նոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցուց տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ ալ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին թրքա­կան զօր­քե­րը 83 թի­րախ­նե­րու վրայ 293 հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցին։ Այս­պէ­սով, Ա­զէզն ու Ճե­րապ­լու­սը միաց­նող 98 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ Մա­րէի ուղ­ղու­թիւ­նը բո­լոր­վին ան­ցաւ Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Ար­դա­րեւ, Մա­րէի հա­տուա­ծի 10 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ մէկ բա­ժի­նը մնա­ցած էր Ի­ՇԻՊ-ի ձեռ­քը։ Այս­պէ­սով այդ մէկն ալ մաք­րա­գոր­ծուե­ցաւ։

Դաշ­տի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած այս կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, շա­բա­թա­վեր­ջին Թուր­քիա դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ ալ բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք տա­րաւ մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րա­կա­տար­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Չի­նաս­տա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Այս շրջագ­ծով ան ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ, ո­րոնք Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին եւ Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րոշ­ման տե­սան­կիւ­նէն չա­փա­զանց կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։ Այս­պէս, Էր­տո­ղան ի­րե­րա­յա­ջորդ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Շի Ճին­փին­կի, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ գա­հա­ժա­ռանգ Մու­համ­մէտ Պին Սալ­մա­նի, ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւո­րա­գոյն տե­սակ­ցու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը։ Ար­դա­րեւ, շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղա­կան մա­մու­լը հա­ղոր­դեց, թէ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեամբ զօ­րակ­ցիլ սկսած են նաեւ ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րը։ Օ­պա­մա­յի հետ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա բա­ցար­ձա­կա­պէս պի­տի չար­տօ­նէ՝ իր հա­րա­ւին ա­հա­բեկ­չա­կան նրբաց­քի մը ձե­ւա­ւո­րուե­լուն։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ վճռա­կա­մու­թեամբ պայ­քա­րիլ՝ Ի­ՇԻՊ-ի, ՓՔՔ­-ի, ԵՓԿ-ի, ՓԵՏ-ի նման ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը նոյն պատ­գամ­նե­րը կրկնեց նաեւ Մեր­քէ­լի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։ Իր կար­գին, Օ­պա­մա ընդգ­ծեց, թէ ա­մե­րի­կեան բա­նա­կը, անվ­տան­գու­թեան ու­ժերն ու լրա­քա­ղու­թեան գետ­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նպաս­տած են՝ որ­պէս­զի Ի­ՇԻՊ ետ մղուի Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նէն։ Ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վա­րին հա­մոզ­մամբ, հի­մա կող­մե­րը պէտք է ա­ւար­տին հասց­նեն այս գոր­ծը։

Բա­ցի Օ­պա­մա­յէն, Չի­նաս­տա­նի մէջ ու­նե­ցած բո­լոր երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան շօ­շա­փեց Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Ան «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին։ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յայտ­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն քսան­հինգ օր վերջ թուրք եւ ռուս ղե­կա­վար­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ տե­սակ­ցե­ցան Չի­նաս­տա­նի մէջ։ Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ օ­րա­կար­գի վրայ էր Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ըն­թաց­քը։ Էր­տո­ղան բա­ցատ­րեց, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պի ժամ ա­ռաջ կար­գա­ւո­րու­մը անհ­րա­ժեշտ է տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան եւ ան­դոր­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Բո­լոր եր­կիր­նե­րը պէտք է զո­հո­ղու­թիւն կա­տա­րեն՝ որ­պէս­զի հրդե­հը կա­սե­ցուի ա­ռանց ա՛լ ա­ւե­լի ծա­ւա­լե­լու։

ՀԱ­ԼԷ­ՊԻ ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ

Մինչ այդ, Սու­րիոյ բա­նակն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մով մը պա­շա­րեց Հա­լէ­պը։ Երկ­րի ղե­կավ­ար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ զօր­քերն ու ա­նոնց դաշ­նա­կից «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ու­ժե­րը ան­գամ մը եւս պա­շա­րե­ցին Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քը, որ կը գտնուէր ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­նե­րու հա­կակշ­ռին տակ։ Վեր­ջին մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին սաս­տիկ բա­խում­նե­րու թա­տե­րա­բե­մը հան­դի­սա­ցած Հա­լէ­պի շուրջ զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րը կորսն­ցու­ցին շուրջ եր­կու հա­զար հո­գի։

Տուեալ շրջա­նէն ներս մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն «Վե­րա­զին­ման ա­կա­դե­միա» կո­չուած շրջանն ու զի­նուո­րա­կան հիմ­նար­կը։ Այդ բո­լո­րին գտնուած շրջա­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին գրա­ւուե­ցաւ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ։ Ըստ շրջա­նէն հա­սած լու­րե­րուն, Սու­րիոյ բա­նա­կը այս­պէ­սով գործ­նա­կա­նօ­րէն խզած կ՚ըլ­լայ այն ճա­նա­պար­հը, ո­րու մի­ջո­ցաւ զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը կը ստա­նան պա­րէն։ Բա­նա­կի վեր­ջին յա­ռաջ­խա­ղաց­ման հե­տե­ւան­քով ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ծանր դրու­թեան մը մատ­նուած կ՚ըլ­լան նաեւ Ռա­մու­սա շրջա­նէն ներս, ուր անց­նող շա­բաթ­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեամբ բա­նա­կը ծանր մար­տեր մղած է զի­նեալ­նե­րուն դէմ։

ԴԻ­ՒԱ­ՆԱ­ԳԻ­ՏԱ­ԿԱՆ ՁԱ­ԽՈ­ՂՈՒՄ

Միւս կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ալ ջան­քե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կուին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շրջագ­ծով։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կ՚աշ­խա­տէին ծրագ­րի մը վրայ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով փոր­ձած էին բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տու­թեամբ հա­սունց­նել այդ ծրա­գի­րը։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը թէեւ բա­ւա­կան լա­ւա­տես հա­ղոր­դում­ներ կը կա­տա­րէին, սա­կայն այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, որ ռուս-ա­մե­րի­կեան հա­մա­ձայ­նու­թեան ծրա­գի­րը ձա­խո­ղած է։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րի մը կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, ըստ այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան, Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը պի­տի դադ­րեց­նէին հա­րուած­ներ հասց­նել ընդդիմա­դիր զի­նեալ­նե­րու այն դիր­քե­րուն, ո­րոնք կը գտնուին Հա­լէ­պի մէջ։ Հա­մա­ձայ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­յին նաեւ կարգ մը այլ կէ­տեր, ո­րոնց պա­րա­գա­յին խորհր­դա­պա­հու­թիւն նա­խընտ­րուած էր։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Սու­րիոյ տագ­նա­պի վե­րա­բե­րեալ ռուս-ա­մե­րի­կեան ծրագ­րի ձա­խող­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են շա­բա­թա­վեր­ջի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քին ար­ձա­նագ­րուած յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը, մաս­նա­ւո­րա­բար քա­ղա­քէն ներս տե­ղա­կա­յուած ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու պա­րէ­նի հիմ­նա­կան ճա­նա­պար­հին խզուի­լը՝ նոր ի­րա­վի­ճա­կի մը ծնունդ տուած է եւ ինք­նա­բե­րա­բար ռուս-ա­մե­րի­կեան ծրա­գիրն ալ ձա­խո­ղած։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016