ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՒՆ
Հայկական գիտական աշխարհը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին, որու անժամանակ մահը մեծ ցաւ յառաջացուց վերջին օրերուն։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հրաչեայ Թամրազեանի հոգեհանգիստը։ Նոր Նորք թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը՝ հոծ թիւով սգաւորներու մասնակցութեամբ։ Հրաչեայ Թամրազեանի առջեւ իրենց վերջին խոնարհումը բերելու փութացին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, պետական ու քաղաքական գործիչներ, բազմաթիւ գիտնականներ, մտաւորականներ եւ հոծ թիւով մարդիկ, որոնք Հրաչեայ Թամրազեանի նկատմամբ իրենց վերջին յարգանքը արտայայտել կը փափաքէին։
Երէկուան հոգեհանգիստէն վերջ Հրաչեայ Թամրազեան այսօր կը յուղարկաւորուի եւ իր մարմինը հողին կը յանձնուի։ Իրեն համար մասնաւոր սգահանդէս մը տեղի կ՚ունենայ Մատենադարանի մուտքասրահին մէջ։ Շուրջ տասն տարի իր կողմէ ղեկավարուած այդ հաստատութեան երդիքին տակ հրաժեշտի արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ ի յիշատակ Հրաչեայ Թամրազեանին։
Երէկուան հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին մտաւորականութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ շեշտեցին, թէ Հրաչեայ Թամրազեան բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, նաեւ՝ Մատենադարանի աղն ու մերանը։ Շարժանկարի յայտնի մասնագէտ Դաւիթ Մուրատեան ընդգծեց, որ Հրաչեայ Թամրազեան ունէր տակաւին ապրելիք կեանք ու գրելիք բան։ Ան ըսաւ. «Հրաչեայ Թամրազեան սակաւախօս էր, բառի գինը գիտէր, այդ պատճառաւ ալ գրի մէջ բառը կ՚իմաստաւորուէր։ Վաղուց կը ճանչնայի Թամրազեանը։ Մենք բոլորս նոյն ուսուցիչի սաներն ենք, գրական խմբակ ունէինք, կը հաւաքուէինք, Հրաչեան պայծառ պատանեակ մըն էր եւ տակաւին այդ տարիներուն ուշադրութեան կեդրոնին էր, գիտնականի եւ բանաստեղծի հետաքրքրական համադրութեամբ»։
Դաւիթ Մուրատեանի բնորոշմամբ՝ Թամրազեան ժրաջան էր, աշխատասէր, իսկ գիտնականի համար համարեայ երիտասարդ էր ու տակաւին ունէր բազում ընելիքներ, որոնց չհասաւ դժբախտաբար։
Բանաստեղծ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանն ալ ունի երկակի զգացումներ։ Հրաչեայ Թամրազեանի աշխատանքները մնացած են եւ միշտ պիտի յիշուին, միեւնոյն ժամանակ իրենք կորսնցուցած են նման բացառիկ մարդ մը։ «Երբ գրողը կը հեռանայ, իր գործերը կը մնան, սակայն այս պարագային ես երկակի ապրումներ ունիմ, որովհետեւ կորսնցուցինք մեծ մարդ մը», աւելցուց Էդոյեան։ «Իմ առաջին ուսանողներէն էր. համեստ, կիրթ, նուիրուած երիտասարդ։ Հրաչեայի հետ աւարտելէն վերջ մտերիմ բարեկամներ դարձանք։ Գիտելիքներու հարուստ պաշար ունէր, շատ լուրջ կը վերաբերուէր իր աշխատանքին նկատմամբ։ Գիտական խոր ուսումնասիրութիւններ կը կատարէր միջնադարեան գրականութեան ոլորտին մէջ։ Ինծի համար Հրաչեայ Թամրազեանը մեծ բանաստեղծ մըն էր, որու ստեղծագործութիւններու կարիքը այսօր կայ։ Ան կը ստեղծէր ամբողջական բանաստեղծութիւն։ Արտակարգ թարգմանութիւններ կատարած է։ Բարձր մարդկային արժանիքներ ունէր։ Իրեն համար կարեւոր էին գրականութիւնը, արուեստը եւ մարդկային յարաբերութիւնները։ Ես կորսնցուցի իմ հոգիիս ընկերը», շարունակեց Հենրիկ Էդոյեան։
1-2 Սեպտեմբերի գիշերը մահացած Թամրազեանին համար երէկ բարձրաստիճան հոգեւորականներ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յուզումնախառն այդ պայմաններուն ներքեւ յուղարկաւորներ լրագրողներուն հետ բաժնեցին իրենց խոհերն ու յիշատակները Հրաչեայ Թամրազեանի մասին։
Իր կարգին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանն ալ շեշտեց, թէ Հրաչեայ Թամրազեան մտաւորական մըն էր, որ մեծ դեր խաղացած է հայագիտութեան բնագաւառէն ներս իրականացուած հետազօտութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ «Թամրազեան յաջողեցաւ Մատենադարանը նոր նուաճումներու հասցնել։ Աշխարհի զանազան գիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ հիացած էին այն ձեռքբերումներով, որոնք Մատենադարանը ունեցաւ Հրաչեայ Թամրազեանի տնօրէնութեան ընթացքին։ Իր մահը մեծ կորուստ մըն է բոլորիս համար», ըսաւ ան։
Գրականագէտ ու բանասէր Արքեմնիկ Նիկողոսեանն ալ շեշտեց, որ Հրաչեայ Թամրազեան եղած է այն քիչ գրողներէն մին, որոնց բոլոր գիրքերը ինք կարդացած է եւ անոնց մասին գրած՝ դիմանկարային յօդուածներ։ Ըստ Նիկողոսեանի, Հրաչեայ Թամրազեան առաջին իսկ հանդիպման ժամանակ կը փշրէր բոլոր արգելքները եւ անմիջական շփում կը հաստատէր մարդոց հետ։ «Շատ ազնուազարմ տեսք ունէր։ Կարծես թէ մեր ժամանակներու մարդը չէր։ Եթէ յոգնած, ձանձրացած, զայրացած ըլլայիր, Հրաչեայի քով նստելով, կրնայիր միանգամայն հանգստանալ։ Իր մշտական որոնումները բանաստեղծութեան անդաստանէն ներս, իր Նարեկեան դպրոցի շուրջ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները իմ գիտական եւ գրականագիտական կեանքէն անպակաս եղած են։ Հրաչեայ Թամրազեանի մահը իսկապէս մեծ կորուստ է գիտական եւ գրականագիտական աշխարհի համար», մատնանշեց Նիկողոսեան։