ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐ
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւնները կը շարունակեն որոշիչ դեր մը խաղալ այդ երկրի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ կարեւոր հարուածներ տրուած է այս գործողութիւններուն շնորհիւ։ Ներկայիս թրքական զօրքերը նպատակասլաց քայլերով կը յառաջանան՝ ճանապարհ հարթելով Ազատ Սուրիոյ բանակին առջեւ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած իրերայաջորդ հանդիպումներէն վերջ Անգարայի յառաջիկայ քայլերն ալ կը յստականան աստիճանաբար։ Ներկայիս Ռաքքա եւ Էլ Պապ քաղաքները կը գտնուին շահագրգիռ կողմերու ուշադրութեան կիզակէտին։ Էրտողան երէկ յայտնեց, թէ Օպամա կը փափաքի Ռաքքայի հարցին շուրջ միասնաբար քայլերու դիմել։ Անգարայի տեսակէտէ խնդրայարոյց պարագայ մը չկայ այս նիւթին շուրջ։ Նախագահը համոզուած է, որ եթէ կողմերու զինուորականները ի մի գան, ապա անհրաժեշտը կրնայ տնօրինուիլ։ Թուրքիա ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան հետ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Էլ Պապ քաղաքին հակակշիռը ձեռք անցընելու առաջադրութեամբ։ Արդարեւ, ներկայիս այդ քաղաքը դարձած է ՓԵՏ-ի թիրախը։
Այս մթնոլորտին մէջ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները երէկ հրթիռներով յարձակեցան երկու թրքական հրասայլերու վրայ։ Էլ Ռայիի մերձակայքին պատահեցաւ այս դէպքը, որու հետեւանքով երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Չորս զինուոր ալ վիրաւոր-ւեցաւ։ Թուրք զինեալ ուժերը աւելի վերջ ռումբ տեղացուցին ԻՇԻՊ-ի 50 թիրախներուն վրայ։ 225 հարուածներ հասցուեցան ահաբեկչական լծակներուն։
Միջազգային կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Անգարա մտադիր է Սուրիայէն վերջ շարժման անցնիլ նաեւ Իրաքի մէջ եւ Մուսուլ քաղաքը ազատագրել ԻՇԻՊ-էն։ Այս կապակցութեամբ առայժմ կը պակսին մանրամասնութիւնները։
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրները արձագանգեցին Սուրիոյ մէջ թռիչքներու համար փակ գօտի մը ստեղծելու վերաբերեալ Թուրքիոյ առաջարկին։ Ծանօթ է, որ թրքական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը պահէ այս առաջարկը եւ այդ մէկը բոլորովին վերջերս կրկնուեցաւ՝ Չինաստանի մէջ կազմակերպուած «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն, երբ Էրտողան իրերայաջորդ տեսակցեցաւ Օպամայի եւ Փութինի հետ։ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու գծով խորհրդականի տեղակալը՝ Պէն Ռոտց յայտնեց, թէ թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծուիլը իրենց համոզմամբ չի կրնար լուծել Սուրիայէ ներս դաշտի վրայ առկայ հիմնական խնդիրները։ Արդարեւ, թռիչքներու համար փակ շրջանը սահմանափակ տարածքի մը պարագային գոյութիւն պիտի ունենայ, մինչդեռ խնդիրներն ու բռնութիւնը ի զօրու են երկրի ընդհանուրէն ներս։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը շեշտեց, որ իրենց մեծ գոհունակութիւն պատճառած է՝ ԻՇԻՊ-ի տարրերուն Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն մաքրագործումը։ Եթէ մաքրագործեալ այդ տարածքը պահպանուի, ապա աւելի լայն շրջանի մը անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորուի ու պիտի կասեցուի օտար զինեալներուն հոսքը։