ՀՈԳԵՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդ­կա­յին մտա­յին կազ­մու­թիւ­նը այն­պէս է որ մարդս չի կրնա՛ր պարզ կեր­պով, այ­սինքն՝ ա­ռանց զգա­լի՛ բա­նե­րու ա­նուն­նե­րը կամ բա­ռե­րը գոր­ծա­ծե­լու, բա­ցատ­րել մտքի կամ վե­րա­ցեալ ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ գա­ղա­փար­ներ, հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ։ Ուս­տի «ի­մա­ցա­կան գա­ղա­փար­ներ» բա­ցատ­րե­լու հա­մար, մար­դուս այս բնա­կան վի­ճա­կին զի­ջա­նիլ ու­զե­լով, Աս­տուած, մար­դուս ծա­նօթ զգա­լի, տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի ի­րե­րու՝ ա­ռար­կա­նե­րու նշան­նե­րով կամ բա­ռե­րով հա­ղոր­դած է ա­նոնց՝ կրօ­նա­կան եւ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ. ու­րիշ խօս­քով՝ ծա­նօ­թա­ցու­ցած զա­նոնք, մար­դուս ըն­տա­նի մի­ջոց­նե­րով։

Աս­տուած ու­զած է «զի­ջա­նիլ» մարդ­կա­յին բա­ցատ­րու­թեան եւ հասկ­ցո­ղու­թեան բնա­կան կեր­պին։ Ա­ւե­լի ճշմա­րիտ կ՚ըլ­լար ը­սել, թէ Աս­տուած այն­պէս կար­գադ­րած եւ տնօ­րի­նած է բո­լոր «զգա­լի» ի­րե­րը, որ ա­նոնք շատ յար­մա­րու­թիւն եւ դիւ­րու­թիւն ու­նին ներ­կա­յաց­նե­լու եւ յայտ­նե­լու «հո­գե­ւոր գա­ղա­փար»ներ, «հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն»ներ։ Ար­դա­րեւ, ՏԵ­ՍԱ­ՆԵ­ԼԻ եւ ՇՕ­ՇԱ­ՓԵ­ԼԻ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԸ ԱՆ­ՏԵ­ՍԱ­ՆԵ­ԼԻԻՆ ՀԱ­ՅԵ­ԼԻ՛Ն Է։

Ուս­տի մի եւ նոյն «ձեռք»էն ե­լած են այս եր­կու աշ­խար­հը՝ տե­սա­նե­լին եւ ան­տե­սա­նե­լին։ Տա­րա­կոյս չկա՛յ այս մա­սին։ Յատ­կա­պէս բա­րե­պաշտ մար­դը ա՜յն­չափ նմա­նու­թիւն կը տես­նէ «տե­սա­նե­լի» եւ «ան­տե­սա­նե­լի» աշ­խարհ­նե­րուն մէջ, որ հո­գե­ւոր աշ­խար­հին խորհր­դա­ւոր նշան կամ պատ­կեր կը հա­մա­րէ նիւ­թա­կան աշ­խար­հը։

Բայց ե­թէ ներշն­չեալ սրբա­զան մա­տե­նա­գիր­ներ «այ­լա­բա­նա­կան լե­զու» կը գոր­ծա­ծեն, պատ­ճա­ռը այն չէ՛ միայն որ մարդ­կա­յին լե­զուն ան­բա­ւա­կան է բա­ցատ­րել հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ, եւ կամ թէ զգա­լի եւ ի­մա­նա­լի ի­րե­րու մէջ կայ զար­մա­նա­լի՜ կա­պակ­ցու­թիւն։

«Այ­լա­բա­նա­կան լե­զու»ն յա­ճախ զօ­րա­ւոր եւ գե­ղե­ցիկ է. ուս­տի գա­ղա­փար­նե­րը ա­ւե­լի՛ ազ­դուու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ միտ­քե­րու՝ կը կրթէ դա­տո­ղու­թիւ­նը, կը զուար­թաց­նէ եւ կ՚ո­գե­ւո­րէ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը, ա­ւե­լի եւս տպա­ւո­րու­թիւն կը գոր­ծէ յի­շո­ղու­թեան վրայ, եւ կը շա­հի «սիրտ»ը. հա­սա­րակ կամ բնա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ չու­նին այս ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը։

Հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ բա­ցատ­րե­լու հա­մար Սուրբ Գիր­քի մէջ այ­լա­բա­նա­կան լե­զու գոր­ծա­ծուե­լու օ­րի­նակ­նե­րը շատ են։ Զոր օ­րի­նակ, ը­սուած է Աս­տու­ծոյ հա­մար, թէ «լոյս»ի մէջ կը բնա­կի, կը հաս­տա­տէ իր «թա­գա­ւո­րու­թիւն»ը կամ «Ար­քա­յու­թիւ­ն»ը, եր­կի՛նք է Ա­նոր «ա­թոռ»ը։ Ուս­տի քրիս­տո­նեա­յին հա­ւատ­քը նկա­րագ­րուած ու բա­ցատ­րուած է հա­սա­րակ կամ զգա­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա՛մ ի­րո­ղու­թիւն­ներ բա­ցատ­րող բա­ռե­րով. զոր օ­րի­նակ, ը­սուած է. «Կե­նաց խօսք»ը «բռնե՛լ», Ա­նե­րե­ւոյ­թը «տես­նե՛լ», Քրիս­տո­սի «եր­թա՛լ», Քրիս­տո­սի «կռթնիլ», եւ այլն։ Դար­ձեալ Սուրբ Գիր­քը Աս­տու­ծոյ մա­սին կը խօ­սի որ­պէս թէ «մարդ»ու վրայ։ Հոս կ՚ար­ժէ յի­շել Ժան Ժագ Ռու­սո­յի սա խօս­քը «Է­միլ»ին մէջ, թէ՝ մա­նուկ­նե­րու՝ վեց տա­րե­կա­նէն ա­ռաջ որ­պէս «մարդ» մի՛ ներ­կա­յաց­նէք ու մի՛ բա­ցատ­րէք Աս­տուած, քա­նի որ ա­նոնք մին­չեւ վերջ զԱս­տուած կը կար­ծեն, թէ «մարդ» մըն է եւ կը դժուա­րա­նան հասկ­նալ Ա­նոր հո­գե­ւոր էու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ի­րենց հա­սուն հա­սա­կին մէջ ալ։ Եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի է նկա­տել շա­տե­րու վրայ, ո­րոնք զԱստուած կը նկա­րագ­րեն որ­պէս «ա­լե­հեր, սպի­տակ մա­զե­րով եւ մօ­րու­քով մարդ» մը։ Եւ կան սրբան­կար­ներ ալ՝ ուր զԱս­տուած կը նկա­րագ­րուի ա՛յդ­պէս։ Մինչ­դեռ այս կեր­պով շատ ան­գամ մարդ կը կորսնց­նէ իր իս­կա­կան հա­յեաց­քը կամ կար­ծի­քը Աս­տու­ծոյ էու­թեան նկատ­մամբ։

Չեմ գի­տեր, ի՞նչ է կար­ծի­քը «մաս­նա­գէտ» ման­կա­վարժ­նե­րու, բայց կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը այն ցոյց կու տայ, թէ ի­րա­ւա­ցի՛ է Ժան Ժագ Ռու­սօ իր տե­սա­կէ­տին եւ յոր­դո­րին մէջ…։

Ը­սինք, որ Սուրբ Գիր­քը Աս­տու­ծոյ մա­սին կը խօ­սի որ­պէս թէ «մարդ»ու վրայ։ Բայց նշենք, որ ա­սի­կա վե­րո­յի­շեալ տե­սու­թեան հետ նոյն բա­նը չէ, եւ թէ չի հա­կա­սեր Ռու­սո­յի տե­սու­թեան։ Սուրբ Գիր­քը Աս­տու­ծոյ մա­սին «որ­պէս մարդ» կը խօ­սի իբ­րեւ թէ Աս­տուած ու­նի մարդ­կա­յին կիր­քեր եւ կը կա­տա­րէ մարդ­կա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Այս­պէս նաեւ Աս­տու­ծոյ ըն­ծա­յած է «ձեռք», «աչք» եւ «ոտք», ո­րոնց նշա­նա­կու­թիւնն է թէ Աս­տուած կա­րո՛ղ է կա­տա­րել բո­լոր այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, զորս կը կա­տա­րէ մարդ՝ իր ա՛յն ան­դամ­նե­րով եւ գոր­ծա­րան­նե­րով։ Ար­դա­րեւ «Հայր» ա­նուա­նուած է Աս­տուած, քա­նի որ Ան է հո­գե­ւոր կեան­քի աղ­բիւ­րը, Ան է մար­դուս ստեղ­ծի­չը, Ան է մար­դուս պահ­պա­նի­չը, նա­խախ­նա­մը։ Եւ մա­նա­ւանդ, ինչ­պէս ը­սինք, Ա՛ն է «հո­գե­ւոր կեանք»ի աղ­բիւ­րը, քա­նի որ Ան Հո­գի՛ է։ Աս­տուած «Հո­գի» է, քա­նի որ մարմ­նա­ւոր մը՝ «մարդ»ը չէր կրնար կա­տա­րել այդ ա­մէն­քը։ Եւ ը­սենք՝ Աս­տուած «Աս­տուա՛ծ» է, եւ մար­դը՝ «մա՛րդ»։ Մար­դուս Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թեամբ եւ Ա­նոր պատ­կե­րով ստեղ­ծուած ըլ­լա­լը, զինք եր­բեք չ՚աս­տուա­ծաց­նե՛ր։ Աս­տուած հո­գի՛ է, իսկ մար­դը հո­գի եւ մար­մին՝ մարմ­նա­ցեալ հո­գի՝ մա՛րդ…։

Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Տէ՛ր, քու ե­րե­սիդ լոյ­սը մեր վրայ ծա­գէ» (ՍԱՂՄ. Դ 6), փո­խա­նակ ը­սե­լու.- Տէ՛ր, յայտ­նէ մեզ քու ներ­կա­յու­թիւնդ եւ սէրդ։

Եւ դար­ձեալ կ՚ը­սէ. «Ան­տես կ՚ըլ­լաս» (ՍԱՂՄ. Ժ 1), փո­խա­նակ ը­սե­լու.- կը զրկես զմեզ օրհ­նու­թիւն­նե­րէդ։

Ո­մանք կ՚ա­ռար­կեն, թէ երբ վե­րա­բա­նա­կան կամ այ­լա­բա­նա­կան նշա­նով հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն մը կը ներ­կա­յա­ցուի, ներ­կա­յա­ցուած բա­նը ա­ւե­լի ազ­նիւ եւ կա­տա­րեալ է քան ներ­կա­յաց­նող ի­րը կամ ա­ռար­կան. այս­պէս է ա­մէն տե­սակ այ­լա­բա­նու­թեան մէջ։

Զոր օ­րի­նակ, կ՚ը­սենք.- Միտ­քը կը կշռէ ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րը կամ փաս­տե­րը, բայց մտքի այն գոր­ծո­ղու­թիւ­նը զոր կը բա­ցատ­րենք կշռել բա­ռով՝ ա­ւե­լի՛ ազ­նիւ է քան մե­քե­նա­պէս կշռե­լու գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Այս­պէս եւս «Աս­տու­ծոյ տես­նել»ը ան­հա­մե­մատ կեր­պով ա­ւե­լի՛ կա­տա­րեալ է քան մարմ­նա­ւոր աչ­քին տես­նե­լը՝ մար­դուն տես­նե­լը. եւ «լոյս»ը՝ ո­րու մէջ կը բնա­կի Ան, այն­պի­սի է որ մարդ­կա­յին՝ նկա­տող բնա­կան լոյ­սը հա­զիւ կրնայ ա­նոր շատ ա­ղօտ նմա­նու­թիւ­նը ըլ­լալ։ Երբ կ՚ը­սուի, թէ Ե­կե­ղե­ցին Քրիս­տո­սի «Հարս»ն է, Ե­կե­ղե­ցիին այս երկ­նա­ւոր ա­ռըն­չու­թիւնն է՝ որ շատ ա­ւե­լի գե­րա­զանց է քան նոյն ա­ռըն­չու­թեան երկ­րա­ւո­րը, այ­սինքն՝ երկ­րի վրայ տես­նուած հարս­նու­թիւ­նը։

Ուս­տի, ԵՐԿ­ՐԱ­ՒՈ­ՐԸ ԵՐԿ­ՆԱ­ՒՈ­ՐԻՆ ՇՈ՛Ւ­Ք­Ն Է։

Պէտք է գիտ­նալ, թէ թէ­պէտ շատ յատ­կու­թիւն­ներ կան որ կ՚ըն­ծա­յուին առ հա­սա­րակ Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց, զոր օ­րի­նակ՝ «ի­մաս­տու­թիւն», «սէր», «գի­տու­թիւն», «սրբու­թիւն», մեծ եւ յայտ­նի տար­բե­րու­թիւն կա՛յ Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց յատ­կու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, վե­րա­բա­նու­թիւն կամ նմա­նու­թիւն տես­նուե­լու հա­մար է միա՛յն որ նոյն բա­ռը կամ բա­ռե­րը կը գոր­ծա­ծուին Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց հա­մար միան­գա­մայն…։

- Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- «Այ­լա­բա­նու­թիւն»= փո­խա­բե­րու­թիւն, ա­ռա­կա­խօ­սու­թիւն՝ պատ­կե­րա­ւոր՝ փո­խա­կեր­պուած ը­սել գա­ղա­փար մը, հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն մը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 18, 2016, Իս­թան­պու

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016