ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ Փոխ-նա­խա­րար Մով­սէս Յա­կո­բեան, որ պետն է նա­խա­րու­թեան նիւ­թա­թեք­նիկ ա­պա­հով­ման բա­ժան­մուն­քի։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան երկ­կող­մա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ա­ւար­տին պի­տի հաս­նին վա­ղը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016