ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ամմանի մէջ մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) 11-րդ համաժողովին, որու ընթացքին յայտարարեց, թէ առանց քրիստոնէութեան տարածքաշրջանը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնն ու իւրայատկութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին Անթիլիասի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
«Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է՝ միաժամանակ ան ազդեցութիւնն է կրած շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին ուղղած իր պատգամին ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը, որպէս գլխաւոր դասախօսը յիշեալ համաժողովին, իր խօսքին սկսաւ երկու հաստատումներ կատարելով. «Առաջին՝ քրիստոնէութիւնը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ Միջին Արեւելքին։ Եկեղեցին անցեալի արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն թանգարանը չէ, այլ կենդանի ներկայութիւն Միջին Արեւելքի ընկերութեան՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Երկրորդ՝ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, քրիստոնէութիւնը վճռած է մնա՛լ շրջանէն ներս»։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ ա՛յս է հաւաքական կեցուածքը Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիներուն եւ այս կեցուածքը կը բաժնեն նաեւ մեր իսլամ դրացիներն ու համաքաղաքացիները։
Ան ընդհանուր վերլուծում մը կատարելէ ետք Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան եւ անդրադառնալէ վերջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն ու յատկապէս արտագաղթին, հետեւեալ ութ կէտերը նկատեց որպէս առաջնահերթութիւն եկեղեցիներուն դիմաց. ա) Քրիստոնեայ համայնքները պէտք է մասնակից դառնան ժողովրդավարական սկզբունքներ հաստատելու ձգտող բոլոր շարժումներուն ու ծրագիրներուն։ բ) Քրիստոնեայ համայնքները, իրենց պարտաւորութիւններուն առընթեր, պէտք է տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն՝ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ։ գ) Երեք միաստուածեան կրօնները, մեկնելով իրենց հասարակաց արժէքներէն եւ ուսուցումներէն, պէտք է որդեգրեն հաւաքական կեցուածք՝ ընկերութիւնը յուզող ընդհանրական հարցերու նկատմամբ։ դ) Անհրաժեշտ է քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալ։ ե) Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը հրամայական է՝ յատկապէս ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին տակ։ զ) Անհրաժեշտ է արեւմտեան եկեղեցիներու հետ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդել։ է) Եկեղեցիներ իրենց սփիւռքի համայնքներուն հետ պէտք է ունենան աւելի հետեւողական ու արդիւնաշատ գործակցութիւն։ ը) ՄԱԵԽ-ի վերակազմակերպումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։
Այս կէտերուն մասին կարճ անդրադարձ ունենալէ ետք, Նորին Սրբութիւնը կարեւոր հարցադրում մը կատարեց ըսելով՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքէն ներս։ Հպանցիկ ակնարկ մը կատարելէ ետք այս ուղղութեամբ կատարուող թեր ու դէմ կարծիքներուն, թէ՛ Միջին Արեւելքէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն ներս, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Միջին Արեւելքի պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ յաճախ տագնապներով եւ բեւեռացումներով լեցուն եղած է շրջանը։ Հակառակ այս իրողութեան, պատմական իրագործումներ արձանագրուած են շրջանէն ներս։ Այսօր եւս, տագնապի մէջ է Միջին Արեւելքը եւ լուսարձակի տակ է միջազգային համայնքին կողմէ։ Այս բացասական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ կան դրական զարգացումներ եւ արմատական փոփոխութիւններ։ Քրիստոնէութիւնը շրջանէն ներս պէտք է շարունակէ մնալ, սա ո՛չ միայն Արեւմուտքի եւ Արեւելքի եկեղեցիներուն կեցուածքն է, այլ նաեւ իսլամ պետութիւններուն, հետեւաբար ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ եւ կատարուող զարգացումները ճիշդ գնահատել։ Առանց քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ իւրայատկութիւնը»։
Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը բարձրօրէն գնահատուեցաւ եւ յաջորդաբար խօսքեր արտասանուեցան հետեւեալ նիւթերուն շուրջ. Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն՝ նախարար Աքըլ Պիլդաժի (Յորդանան), Արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ յարաբերութիւն՝ նախարար Նապիլա Մաքրամ Ապտըլ Շահիտ (Եգիպտոս) եւ ՄԱԵԽ-ի վերակազմակերպումը՝ Փրոֆ. Ֆատի Տաու։