ԱՄՈՒԼ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ այսօր խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ։ Այս հանդիպման ընդառաջ ԵԱՀԿ-ի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ կազմակերպուեցաւ մշտադիտարկում մը։ Իր կարգին, Ճէյմս Ուորլիքն ալ տեղեկացուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային խաղաղութիւնը հնարաւոր է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ամերիկացի դիւանագէտը յայտնեց, որ կարելի է հասնիլ խաղաղ կարգաւորման։
Հայաստանեան լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ միջնորդներու Մոսկուայի այսօրուան խորհրդակցութիւնը թէեւ հերթական է, սակայն որոշ հարցումներու պատասխաններուն կարելի է հասնիլ այսօրուան տեսակցութեան լոյսին տակ։
Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն Չինաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «G-20»ի գագաթաժողովը, որու շրջագծով հանդիպում մը ունեցան ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Պաշտօնական հաղորդումներու մէջ թէեւ որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարուած, սակայն մեկնաբաններ չեն բացառեր, որ ամերիկացի եւ ռուս ղեկավարները անդրադարձ մը կատարած ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ըստ իրենց, համանախագահներու այսօրուան խորհրդակցութեան լոյսին տակ յայտնի պիտի դառնայ, թէ Օպամա-Փութին տեսակցութեան ընթացքին որքան նշանակութիւն տրուած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման։ Եթէ համանախագահները Մոսկուայի այսօրուան խորհրդակցութենէն վերջ հրապարակեն բանակցութիւններու յառաջիկայ շարունակութեան վերաբերեալ տուեալներ՝ ապա հաւանական պիտի համարուի, որ Օպամա եւ Փութին գուցէ ակնարկներու մակարդակով անդրադարձած ըլլան այս հարցին։ Անշուշտ, բանակցութիւններու բովանդակութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները յայտնի պիտի դառնան աւելի ուշ։ Ռուս մեկնաբան մըն ալ «tert.am» կայքէջին հարցազրոյց մը տալով՝ պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից անվտանգութեան գօտիէն հինգ շրջաններ պիտի վերադարձուին՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացման փոխարէն։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները սերտացած են եւ այս մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Անգարայի մասնակցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Վերջին շաբաթներուն խօսուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի առանցքի մը ձեւաւորման նիւթին շուրջ։
Եռանախագահներու Մոսկուայի այսօրուան խորհրդակցութեան ընդառաջ Երեւանի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ բիւրեղացուց իր դիրքորոշումը իրադարձութիւններուն առընչութեամբ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայայտարեց, որ կը կարեւորէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած նախագահներու հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն կեանքի կոչուիլը։ Նոր ուսումնական տարուան սկսելուն առթիւ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ուսանողներու հետ զրուցելու ժամանակ Եդուարդ Նալպանտեան դիտել տուաւ, թէ այդ պայմանաւորուածութիւններուն կեանքի կոչուիլը համապատասխան պայմաններ պիտի ստեղծէ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու տեսակէտէ։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, որ լուրջ ակնկալութիւններ չունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հանդիպումէն։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զանգը-ւածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց չ՚արձանագրուիր պարզ պատճառով մը։ Արդարեւ, հակամարտ կողմերէն Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ նոյնիսկ սեղանի շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները։ «Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մենք այս գործընթացին մէջ ենք։ Պարբերաբար կ՚ըլլան հանդիպումներ, բայց բոլորդ գիտէք, որ Ատրպէյճան կը խախտէ նոյնիսկ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք սեղանի շուրջ ձեռքբերուած են։ Ըսուածին վառ վկայութիւնը կը հանդիսանան Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, որոնց ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերուեցաւ՝ պահպանել կայունութիւն շփման գծին վրայ, սակայն իրականութեան մէջ Ատրպէյճան ըստ էութեան, կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնները», ըսաւ փոխ-նախարարը։
Պատասխանելով միջնորդներու Մոսկուայի այսօր-ւան խորհրդակցութեան վերաբերեալ ակնկալութիւններուն՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ի՞նչ ակնկալութիւններ, երբ նոյն գործընթացին մէջ ենք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր։ Ակնկալութիւն կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ատրպէյճան փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը։ Տրամաբանական է. քանի տակաւին կը կրակեն, քանի տակաւին կը սադրեն անհնար է կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել»։