ՇԱՀՈՒ ԱՆՅԱԳ ԱԽՈՐԺԱԿԸ

Մարդ­կա­յին մո­լու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ եւ թե­րու­թիւն­ներ կան, բայց դժբախ­տու­թիւ­նը այն չէ՛ որ ա­սանկ շե­ղում­ներ, սխալ­ներ կան, դժբախ­տու­թիւ­նը այն է, որ ա­նոնք որ գի­տեն, թէ ո՛ր­քան ա­ղէ­տա­լի է ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քին մէջ՝ կա­մաւ կը զո­հեն այդ ա­ղէտ­նե­րուն ի­րենց մար­մինն ալ, հո­գի՛ն ալ։

Մարդ կրնայ չանդ­րա­դառ­նալ կարգ մը սխալ­նե­րուն, մո­լու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն անդ­րա­դառ­նա­լէ վերջ դար­ձեալ շա­րու­նա­կե­լը՝ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ է ցա­ւա­լին։

Զոր օ­րի­նակ, յայտ­նի սխալ մըն է՝ շա­հու ան­յագ ա­խոր­ժա­կէն մղուիլ։ Ան­շուշտ որ մարդ­կա­յին բնա­կան զգա­ցում մըն է՝ շա­հիլ, ու­նե­նալ, տի­րա­նալ, բայց ինչ­պէս ա­մէն մար­զի մէջ, հոս ալ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, սահ­մա­նը շատ կա­րե­ւոր է։ Ուս­տի շա­հու բնազ­դը բնա­կան պէտք է նկա­տուի, շա­հու ա­խոր­ժա­կը կեր­պով մը մար­դուս մղիչ ուժն է՝ աշ­խա­տե­լու, գոր­ծե­լու, ջա­նա­լու, ինչ որ կ՚եր­ջան­կաց­նէ զայն։

Բայց չա­փա­զանց՝ ան­յագ զգա­ցում­նե­րը միշտ վնաս կը պատ­ճա­ռեն մար­դուս։ Ան­յագ մար­դը՝ ինք­նա­կեդ­րոն, այ­լա­մերժ եւ ե­սա­մոլ մարդ է. իր­մէ զատ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ անձ կա­րե­ւո՛ր է, միայն ի՛նք կայ եւ կ՚ու­զէ որ ա­մէն բան ի՛­րը ըլ­լայ, ինք տի­րա­նայ։

Ընդ­հան­րա­պէս, ե­թէ անն­պաստ բան մը ըլ­լայ, կ՚ը­սենք, թէ մար­դիկ փո­խուած են, ներ­կա­յիս մար­դիկ չեն խղճա­հա­րիր, չեն օգ­ներ ի­րա­րու, շա­հա­մոլ եւ անձ­նա­սէր են, եւ այլն։ Բայց մար­դը չէ փո­խուած, մար­դը միշտ նո՛յն «մարդ»ն է՝ բնու­թեամբ, բնա­ւո­րու­թեամբ եւ ընդ­հա­նուր նկա­րա­գիր­նե­րով։ Հար­ցը հոն է, որ մենք միայն ներ­կան կը տես­նենք եւ ա­մէն ինչ ներ­կա­յով կը դա­տենք եւ կը կար­ծենք, որ ան­ցեա­լին ա­մէն բան լաւ էր։ Մար­դը չի փո­խուիր, այլ «կա­ղա­պար» կը փո­խէ, կամ ը­սենք, ծրա­րը տար­բեր կ՚ըլ­լայ, բայց ներք­նա­պէս միշտ նոյ­նը կը մնայ։

Ո­մանք ալ կ՚ը­սեն, թէ ժա­մա­նա­կը փո­խուած է։ Ո՛չ ան ալ միշտ իր բնա­կան, միօ­րի­նակ ըն­թաց­քին մէջ է, ար­տաք­նա­պէս «փոխուած» տե­սա­րան­ներ պար­զե­լը՝ ա­նոր տար­բեր բան մը ըլ­լա­լուն ա­պա­ցոյ­ցը չէ՛։ Ա­մէն ինչ իր բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ կ՚ըն­թա­նայ եւ մար­դիկ ալ ա­նոր հա­մըն­թաց կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ ի­րենց կեան­քը։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ան­ցեալ-ներ­կայ եւ ա­պա­գայ, ե­թէ ո՛չ նոյն, բայց նման պա­րա­գա­ներ են՝ միօ­րի­նակ, ար­տաք­նա­պէս տար­բեր, բայց ներք­նա­պէս, կամ էա­պէս նոյն վի­ճակ­ներ։

Հարց­նենք. ի՞նչ փո­խուած է ներ­կա­յիս՝ ան­ցեա­լի նկատ­մամբ կամ ի՞նչ պի­տի փո­խ-ւի ա­պա­գա­յին՝ ներ­կա­յիս բաղ­դատ­մամբ։

Կա­րե­լի է ը­սել. ո՛­չինչ։

Կա­րե­լի է ը­սել նաեւ. շա՜տ բան։

Օ­րի­նակ մը տա­լով բա­ցատ­րել ջա­նանք մեր միտ­քը։

Ա­ռէք խնձոր մը՝ խնձո­րը միշտ նո՛յն խնձորն է՝ այս խնձո­րը, ե­րէկ «խակ խնձոր» մըն էր, այ­սօր՝ հա­սուն, իսկ վա­ղը՝ փտած, նե­խած խնձոր մը. բայց մի՛շտ նոյն խնձո­րը։ Ու­րե՛մն էա­պէս չի փո­խուիր ո­րե­ւէ բան, որ բնու­թեան մաս կը կազ­մէ ե՛ւ մար­դը, այլ կեր­պա­րանք կամ ձեւ կը փո­խէ։ Եւ ու­րեմն, մարդ էա­կին հա­մար ալ ան­ցեա­լի նկատ­մամբ փո­խուած է ը­սել կա­րե­լի չէ, քա­նի որ ան­ցեա­լը չենք ապ­րած, ան­ցեա­լի մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն չու­նինք, ան­ցեա­լը՝ ան­ցած է եւ իր բո­լոր էու­թիւ­նը փո­խան­ցած է ներ­կա­յին։ Եւ ի՛նչ որ կը տես­նենք ներ­կա­յին՝ ան­ցեա­լի փո­խան­ցածն է՝ ներ­կան ինքն իր­մէ նոր բան մը չէ ստեղ­ծած։

Գա­լով ա­պա­գա­յին. ա­պա­գան բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ է, մարդ չի կրնար ա­պա­գա­յի մա­սին ստոյգ խօ­սիլ, քա­նի որ ա­նո­րոշ է ան, եւ ու­րեմն կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել զայն ներ­կա­յին հետ։ Ու­րեմն «ներ­կա­յիս մար­դը փո­խ-ւած է» երբ կ՚ը­սենք, մեր ձեռ­քը բաղ­դա­տու­թեան ստոյգ ա­պա­ցոյց­ներ չու­նինք եւ ո­րո­շում չենք կրնար տալ այս մա­սին։ «Ներ­կա­յի մարդ»ը չէ՛ փո­խուած էա­պէս. ան նոյն մա՛րդն է, ինչ որ էր ան­ցեա­լի մէջ եւ այս հե­տե­ւո­ղու­թեամբ կա­րե­լի է ը­սել, թէ վաղն ալ մար­դը շատ տար­բեր պի­տի չըլ­լայ՝ մար­դը մի՛շտ նոյն «մարդ»ը պի­տի մնայ։

Եւ երբ կ՚ը­սենք.- այ­սօր մար­դիկ ան­խիղճ են, այ­սօր մար­դիկ անձ­նա­սէր են, այ­սօր մար­դիկ զի­րար չեն սի­րեր, լաւ ու­րեմն, ան­ցեա­լին ալ չէի՞ն գտնուեր մար­դիկ, որ ան­խեղճ էին, անձ­նա­սէր եւ չէին սի­րեր զի­րար եւ կ՚ա­տէին մէկզ­մէկ։ Հա­պա ին­չո՞ւ մե­ղադ­րել «ներ­կայ»ն։­

Ե­թէ մե­ղադ­րել պէտք է՝ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը պէտք է մե­ղադ­րուի, որ ու­նի թե­րու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ, մո­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք չեն ուղ­ղուած, դա­րե­րէ՜, շրջան­նե­րէ՜ ի վեր կը շա­րու­նա­կեն, եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ կը փո­խան­ցուին։ Ու­րեմն ժա­մա­նա­կը՝ ան­ցեա­լի բաղ­դատ­մամբ ներ­կան չէ՛ որ պատ­ճառ է մար­դուս մո­լու­թեան. քա­նի որ ան­ցեա­լին ի՛նչ որ էր մարդ, այ­սօր ալ նո՛յնն է։ Ե­թէ այդ­պէս չէ, ա­պա ու­րեմն բա­րո­յա­խօս­ներ, հո­գե­ւո­րա­կան­ներ՝ ան­ցեա­լին եւ այ­սօր ին­չո՞ւ բա­րո­յա­կա­նու­թեան եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան դա­սեր կու տան, քա­րոզ­ներ կը խօ­սին։ Այ­սօր չէ՛ որ մարդս փո­խուե­ցաւ, այ­սօր չէ՛ որ բա­րո­յա­կան ան­կու­մի մէջ է մարդ, ան­ցեա­լը, պատ­մու­թիւ­նը ե­թէ ու­սում­նա­սի­րուի, պի­տի տես­նուի, թէ ան­ցեա­լի մարդն ալ այ­սօ­րուան մար­դէն շատ ալ տար­բե­րու­թիւն չու­նի։ Այս պատ­ճա­ռով է որ միշտ, բա­րո­յա­գէտ­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ ուղ­ղել ու­զած են մար­դը, եւ կը շա­րու­նա­կեն եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, եւ մարդ, միշտ նոյն «մարդ»ը պի­տի մնայ՝ ո՛չ ա­ւե­լի պա­կաս եւ ո՛չ ալ ա­ւե­լին։

Ար­դա­րեւ ա­մե­նէն ան­մե­ղին ճամ­բուն վրայ լա­րուած ո­րո­գայթ­ներ կ՚ել­լեն եւ կը թու­նա­ւո­րեն, կը դժուա­րաց­նեն ա­նոր կեան­քի ըն­թաց­քը։ Մէկ կող­մը Ա­ւե­տա­րա­նի ան­շեղ ճշմար­տու­թիւ­նը կայ, միւս կող­մը՝ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու, ծա­նու­ցում­նե­րու խլա­ցու­ցիչ եւ յա­մառ յան­կեր­գը, որ եր­բեք չի դադ­րիր։ Ա­ւե­տա­րա­նը մէկ ան­գամ կար­դա­ցո­ղը ան­դին՝ հա­րիւր ան­գամ կը կար­դայ, կամ կը լսէ, կա­մաւ կամ ա­կա­մայ, բո­լոր այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ Ա­ւե­տա­րա­նի ճշմար­տու­թիւն­նե­րու պատ­նէ­շը բա­ւա­կան պաշտ­պա­նու­թիւն չէ, որ շա­տեր անձ­նա­տուր կ՚ըլ­լան սա­տա­նա­յա­կան հնարք­նե­րու, եւ կ՚իյ­նան ա­նոր լա­րած ո­րո­գայթ­նե­րուն մէջ, եւ կը կոր­սուին...։­

Այս բո­լո­րը պատ­ճառ չէ, որ այ­սօ­րուան մար­դը ան­ցեա­լի մար­դէն ա­ւե­լի չար ըլ­լայ, ե­թէ բնու­թիւ­նը, նկա­րա­գի­րը բա­րի է, ան միշտ բա­րի կը մնայ։ Ուս­տի աշ­խար­հի վրայ ենք միշտ, բայց աշ­խար­հէն ենք, ինչ­պէս ե­ղած են ա­մէն դա­րու, ա­մէն շրջա­նի մար­դը։

Ու­րեմն անդ­րա­դառ­նա՛լ պէտք է՝ ո­րո­շե­լու հա­մար չա­րը եւ բա­րին, վնա­սա­բե­րը եւ օգ­տա­կա­րը։ Եւ պէտք է անդ­րա­դառ­նալ ճշմար­տու­թեա՛ն...։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 10, 2016, Գնա­լը կղզի

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016