97-ԱՄԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ
Վերջերս, Երեւանի մէջ հիմնանորոգումէն ետք հանդիսաւորութեամբ իր դռները բացաւ Երեւանի հնագոյն ու վարկանիշ ունեցող դպրոցներէն մին՝ Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցը, որուն երեք մասնաշէնքերու ամբողջական նորոգումը իրականութիւն դարձած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ութ բարերարներու նուիրատութիւններուն շնորհիւ դպրոցը բոլորովին այլ տեսք մը ստացած է եւ կրնանք ըսել, որ Հայաստանի պետական դպրոցներէն միակն է, որ նման ժամանակակից կահաւորում ունի: Մասնաւոր դպրոցներուն մէջ, անշուշտ, կան նոր շէնքերով գործողներ, բայց պետական ու անվճար դպրոցներու մէջ Չայքովսքիի անուան դպրոցը դարձաւ միակն ու առաջինը:
Ութ բարերարներէն ամենամեծ նուիրատուութիւնը այս գործին տրամադրած է ամերիկահայ՝ Ճորճ Էնտրու Գրիգորեան, որուն կտակին համաձայն, անոր մահէն ետք նուիրատուութիւն կատարուած է արուեստի այս դպրոցին եւ այսօր դպրոցի համերգասրահը կը կրէ բարերարին անունը։
Հիմնանորոգումէն ետք դպրոցի առաջին այցելուներուն մէջ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, այլ պաշտօնատար անձինք, ինչպէս նաեւ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի տեղական մարմնի պատասխանատուներ:
Մենք նոյնպէս այցելած էինք ռուս մեծ երգահան՝ Փիթըր Չայքովսկիի անուան երաժշտական միջնակարգ դպրոցը, ծանօթանալու դպրոցի ներքին յարդարանքին ու նոր աշխատանքներուն:
Եզնիկ Կողբացի փողոցին վրայ գտնուող շէնքը իրաւամբ ամենէն արդիական պայմաններով ապահովուած է, վեց հարիւր աշակերտ այս երդիքին տակ, ամէնօրեայ դրութեամբ, կը պատրաստեն իրենց առօրեայ դասերը, իսկ դասերէն ետք, իւրաքանչիւրը կը մասնագիտանայ իր ընտրած երաժշտական ճիւղին մէջ:
Երեւանի կեդրոնը գտնուող այս դպրոցը առընչուածութիւն մը ունի մօտակայ Երեւանի Պետական երաժշտանոցին, ինչպէս նաեւ՝ Օփերայի շէնքին հետ: Բազմաթիւ երգիչներ, երաժիշտներ, ջութակահարներ դաշնակահարներ այս դպրոցը աւարտելէ ետք Երաժշտանոց գացած են, այնուհետեւ շարունակած իրենց երթը թէ՛ հայրենի համերգասրահներուն, թէ՛ ալ աշխարհի լաւագոյն բեմերուն վրայ: Այդ անուններէն են Էտուարտ Թադէոսեան, Ռուբէն Ալթունեան, Վահրամ Սարաճեւ, Ժան Տէր-Մերկելեան, Լեւոն Չաուշեան, Սէրկէյ Սմբատեան, Տիգրան Համասեան, Արամ Թալալեան, Վահագն Հայրապետան, Արմէն Պապախանեան, Ստեփան Լուսիկեան եւ այլք:
Իսկ Չայքովսկիի անուան դպրոցի ուսուցիչները ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց նրբաճաշակ կեցուածքով, նուիրուածութեամբ: Արուեստի եւ երաժշտութեան դպրոցի այդ ուսուցիչները այսօր ալ կը մնան իրենց բարձունքին վրայ՝ միշտ նրբագեղ ճաշակով, աշակերտներուն հանդէպ պատրաստակամ, իսկ կրթութեան հանդէպ՝ հաւատքով ու նուիրումով առլցուն:
Չայքովսկիի անուան դպրոցի ուսուցիչներէն է նաեւ դպրոցի երաժշտութեան տեսութեան ուսուցչուհի Մարիամ Տօնեան, որ դպրոցի հիմնանորոգման առթիւ կազմակերպուած միջոցառման եկած էր առոյգ, երիտասարդական աւիւնով, ժպիտը դէմքին, միտքերը՝ դասաւորուած:
Բայց չէք հաւատար, որ Մարիամ Տօնեան այսօր ալ տակաւին կը դասաւանդէ դպրոցէն ներս, եւ դպրոցի հիմնադրման օրուընէ ի վեր՝ 1938 թուականէն մինչ օրս նոյն աշխատանքին կը ծառայէ: Այս կինը բազում անգամներ հիացմունք ու զարմանք պատճառած է շատերուն, նոյնպէս եւ մեզի, որ հիացած ենք իր պատրաստակամութեամբ, զրուցելու, պատմելու, գեղեցիկի հետ հաղորդակից դառնալու իր ունակութեամբ: Միջոցառման օրը ան դպրոց եկած էր երկար արծաթեայ օղերը կախած, կարմիր լանջաբացուածքով ամրան զգեստը հագած, մազերը խնամքով ներկած ու սանտրած:
Շատ քիչեր գիտեն, որ ինսունեօթ տարեկանին տակաւին ուսուցչութիւն ընող այս կինը ի՜նչ դժուար եւ տառապալից կեանք մը ունեցած է, եւ ինչպէ՞ս կրցած է դիմագրաւել բոլոր փորձութիւնները եւ հասած այս օրուան:
Ինչպէս ընդունուած էր խորհրդային տարիներուն՝ մանաւանդ որոշ դիրք ունեցող մարդոց եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիներուն դիմել անոր հայրանունով, այնպէս ալ աշակերտները Մարիամ Տօնեանին կը դիմեն Մարիամ Արշակովնաով: Բայց նոր սերունդի աշակերտներէն քիչեր հաւանաբար գիտեն, թէ ո՞վ է Արշակ Տօնեան, որուն դուստրն է իրենց սիրելի ուսուցչուհին: Ան հայ նշանաւոր բառարանագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ է, որ ծնած է 1888 թուականին, Բանանց գիւղին մէջ։ 1906 թուականին աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, 1914 թուականին՝ Հալլէի համալսարանը, Գերմանիա։ Եղած է ուսողութեան ուսուցիչ Շուշիի թեմական դպրոցէն ներս 1909-1910 թուականներու միջեւ, Թիֆլիզի Ներսիսեան եւ Յովնանեան դպրոցներուն մէջ՝ 1914-1921 թուականներու միջեւ։ 1921-1937 թուականներուն աշխատած է Երեւանի համալսարանին մէջ, իսկ հետագային ալ ապրած է աքսորեալի կեանքով:
Ինք՝ Մարիամ Տօնեան ծնած է իր հօր Թիֆլիզ եղած շրջանին՝ 1919 թուականին:
Այնուհետեւ տեղափոխուած են Երեւան, ուր Մարիամ Տօնեան հիմնաւոր կրթութիւն ստացած է, տասնութ տարեկանին մտած է դասարան եւ հասկցած է, որ ուսուցչութիւնն է իր գլխաւոր առաքելութիւնը, որուն հաւատարիմ մնացած է մինչ օրս: 1937 թուականէն մինչեւ այսօր հասած է ուսուցչութեան ամենէն բարձր աստիճաններուն՝ վեթերան ուսուցիչի եւ վաստակաւոր ուսուցիչի կոչումներ ստացած է: Չայքովսկիի անուան դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարէ հիմնադրումէն ի վեր:
Իր երիտասարդ մնալու եւ միշտ աշխատելու փափաքը Մարիամ Տօնեան կը բացատրէ իր դասաւանդած առարկայի՝ երաժշտութեան տեսութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ երախաներու հանդէպ իր սիրով: Ան կ՚ըսէ. «Ես մեր դպրոցի տնօրէնին ըսած եմ՝ եթէ կ՚ուզէք կեանքս կարճցնել, ապա զիս հանեցէք աշխատանքէն, առանց աշխատանքի իմ կեանքս անիմաստ կը տեսնեմ»։ 97-ամեայ կինը, հակառակ անոր, որ ունի երեք երախաներ, տասնեակ թոռներ, նաեւ ծոռ մը, սակայն իր կեանքի իմաստը կը տեսնէ միայն աշխատանքին մէջ։ «Ընտանիքն իր տեղը ունի, դպրոցը՝ իր: Ես ամէն ինչ տուած եմ իմ ընտանիքիս, ամէն մէկը իր ճամբուն վրայ են, ամուսնացած են, երախաներ ունին, իրենց կեանքը ունին, ինչ ձեւով որ կրնամ՝ կ՚օգնեմ, բայց առանց դպրոց գալու ես չեմ երեւակայեր, որ կեանք կ՚ունենամ», կ՚ըսէ դէպի իր կեանքի չորրորդ 30-ամեակը քալող անզուգական կինը:
Տիկին Մարիամ ինքզինք կը բնութագրէ խիստ, բայց՝ բարի։ Կ՚ըսէ, թէ երջանիկ է, քանի որ բազմաթիւ աշակերտներու համար օրինակ եղած է իր խառնուածքով, նուիրուածութեամբ, բարութեամբ, բայց նաեւ՝ կարգապահութեամբ:
Մարիամ Տօնեանի աշակերտները այսօր սփռուած են աշխարհով մէկ, իր ձեռքին տակէն անցած են բազմաթիւ հռչակաւոր երաժիշտներ։ Ան դասաւանդած է նաեւ իր երախաներուն ու թոռներուն: Երկարակեացութեան գաղտնիքը, ըստ Մարիամ Տօնեանի, ոչ միայն սիրած աշխատանքը կատարելն է, այլ նաեւ՝ առողջ ապրելակերպը, որուն ինք կը հետեւի, այս տարիքին տակաւին ամէն առտու, տան մէջ մարզանք կ՚ընէ, եւ գիտէ, թէ մարզանքն է, որ նաեւ թարմ եւ առոյգ կը պահէ զինք: Հետաքրքրական է, որ Մարիամ Տօնեան յօրինած է մարզանքի յատուկ ձեւեր, որոնց կը հետեւի եւ որոնք չեն յոգնեցներ, այլ դիւրութեամբ կարելի է կիրառել: Բայց հիմնականը, որ մարդու երկարակեացութեանը կը նպաստէ, մարդու բնաւորութիւնն է։ «Ես ի ծնէ բարի եմ: Այնքան մարդիկ եղած են, որ զիս հարուածած են, փորձած են չարութիւն ընել, բայց ես ներած եմ անոնց եւ ոխ չեմ պահած մէջս: Իննսունեօթ տարեկան եմ, ամէն տեսակ մարդ տեսած եմ, ինչ տեսակ վատութեան ըսես՝ հանդիպած եմ, բայց ներած ու յառաջ անցած եմ, ատոնք չեմ կուտակած մէջս, եթէ կուտակէի, հիմա այսքան տարի չէի ապրեր», իր գաղտնիքներէն մին կը բացայայտէ Մարիամ Տօնեան: Ան նոյնիսկ կ՚ըսէ, որ իրեն չարակամութեամբ դիմաւորած մարդոց երախաները ուսանած են իր մօտ, սակայն ինք այդ երախաներուն վերաբերած է իր զաւակներէն շատ աւելի լաւ: «Նոյնիսկ այդ մարդիկը իրենք ալ զարմացած մնացած են, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդպէս ըլլալ: Բայց ես այդպէս եմ, այդ մէկը ժառանգած եմ հօրմէս ու մօրմէս», կ՚ըսէ ան:
Թիֆլիզ ծնած, Երեւան մեծցած Մարիամ Տօնեան Հայաստանի նկատմամբ իր պատկերացումը ունի։ Անոր համար Հայաստանը, հայկականութիւնը ամբողջական է իր պատմութեամբ, գրականութեամբ, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով: Կը սիրէ ընթերցել արեւմտահայերէն գրականութիւն, ծանօթ է բոլոր դասական հեղինակներուն, դիտած է ժամանակի նշանաւոր շարժանկարները, եւ ամենէն կարեւորը, որ ինքզինք հարստացուցած է, այդ մէկը ժամանակի մեծերուն հետ շփումը եղած է: Սկիզբէն անոնց ծանօթացած է իր հօր միջոցաւ, իսկ այնուհետեւ՝ իր աշխատանքին բերումով:
«Աբովեան փողոցն է իմ ամենէն սիրելի փողոցը, ուր ես ապրած եմ երկու տարեկանէն սկսեալ: Նոյն պատշգամի վրայ բնակած է մեր ընտանիքը՝ յայտնի վիրաբոյժ Յարութիւն Քեչեկի, Հրաչեայ Աճառեանի, Յակոբ Մանանդեանի, Ստեփան Ղամբարեանի, Պապա Քալանթարի ընտանիքներուն հետ: Հին շէնք մըն էր եւ այնպէս էր կառուցուածքը, որ նոյն պատշգամի վրայ էին մեր տուները: Ճիշդ է, մէկ ընդհանուր պատշգամ էր, մէկ ընդհանուր խոհանոց, բայց մենք բոլորս երջանիկ էինք, քանի որ մտաւորական կեանքի մէջ էինք: Ես փափուկ մեծցած երախայ մը եղած եմ, նոյնիսկ մէկ քիլօկրամ հաց չէի առած իմ կեանքիս մէջ, եւ հայրս միշտ կը մտահոգուէր, որ տասնութ տարեկան էի, եւ այդ փորձառութիւնը չունէի։ Բայց կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ հետագային, որ կոփուեցայ, ամէն տեսակ փորձառութիւն ալ ձեռք ձգեցի: Եւ միշտ կ՚ըսէի՝ հայրիկ, երանի բանաս աչքերդ եւ տեսնես, թէ քու Մանոդ ինչպէ՛ս կրցաւ դասաւորել իր կեանքը եւ ինչպէ՛ս ամուր կանգնեցաւ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ յանդիման», յուզմունքով կը պատմէ կեանքի շատ ծանր դպրոցը անցած կինը:
«Ես տասնինն տարեկան էի, իսկ իմ եղբայրս՝ տասնհինգ, երբ հայրս ձերբակալեցին: Հակառակ որ հայրս տարին, բայց մենք ուրախ էինք, ուրախ էինք մէկ բանի համար, որ մայրս ալ չտարին, քանի որ այդ տարիներուն ընտանիքին հայրն ու մայրը կը տանէին, իսկ երախաները՝ կը դնէին մանկատուն: Մայրս մնաց, մենք ալ մնացինք իր քովը: Հայրս այդպէս ալ չվերադարձաւ: Մինչեւ 1942 թուականը աքսորուած մտաւորականները պահեցին Երեւանի մէջ, անընդհատ անոնց մասին նիւթեր կը ղրկէին Մոսկուա, հոնկէ կ՚ըսէին, թէ դուրս աքսորելու համար անբաւարար են նիւթերը եւ անոնք կը մնային Երեւանի մէջ՝ բանտարկուած: Եւ այդ ընթացքին մենք տեսակցութիւններ կ՚ունենայինք հօրս հետ՝ ամիս մէկ անգամ միայն հինգ վայրկեանով. առանց ձեռք տալու եւ առանց համբուրուելու: Ես կը յիշեմ անոր հիւծած դէմքը, ծեծէն ջարդուած ատամները, առանց քուղի կօշիկները եւ սիրտս այնքան կը ցաւէր, որ ի՞նչ դարձած է Գերմանիա ուսանած, համալսարանի փրոֆեսէօր եղած մարդը, որուն միակ «յանցանքը» այն էր, որ մտաւորական էր: Յետոյ սկսաւ պատերազմը, հայրիկս դատեցին եւ շոգեկառքով ուղարկեցին անյայտ ուղղութեամբ: Շատ քիչեր վերադարձան, իսկ 1942 թուականին մեզ կանչեցին ու ըսին, որ Արշակ Տօնեան մահացած է:
«1940 թուականին ես արդէն ամուսնանած էի, եւ 1945 թուականին ալ ամուսինս տարին: Ան Սեն Փեթերսպուրկի համալսարանը աւարտած փրոֆեսէօր էր, երաժշտանոցի փոխ-տնօրէն, ուրիշ այլ պաշտօններ ալ ունեցած է: Պատերազմը վերջացաւ եւ զինք որպէս հակայեղափոխան բռնեցին ու տարին, վեց տարի բանտերուն մէջ անցուց, ծայրայեղ պայմաններու տակ: Իմ երեք երախաներս արդէն ծնած էին:
«Ի հարկէ, հետագային թէ՛ հօրս եւ թէ ամուսինիս արդարացման թուղթերը ստացանք, բայց մենք մեծ տառապանքներ ապրեցանք այդ ընթացքին: Հօրս հանդէպ սուտ մատնութիւններ տուած մարդն ալ հետագային տառապանքներ կրեց անշուշտ, Աստուած դաժան վարուեցաւ անոր հետ, չեմ ուզեր յիշել…
«Կոչումներու, շքանշաններու հանդէպ անտարբեր եղած եմ, ուզեցին ինծի այլ կոչումներ եւս տալ, ես չհետեւեցայ, չձգտեցի. դպրոցս կը սիրէի եւ մնացի այնտեղ, արդէն 79-րդ տարին: Կը զգայի, որ կու տամ եւ կը ստանամ: Եւ որքան կու տամ, այնքան ալ ետ կը ստանամ: Ես շատ կը սիրեմ մեր ժամանակները, զարգացած քաղաքակրթութեան այս դարաշրջանը նոյնքան հարազատ է ինծի, որքան 1920-1930-ականները, երբ ես ձեւաւորուած եմ», կ՚ըսէ Մարիամ Տօնեան:
Իրեն համար լաւ հայ ըլլալու համար կա-րեւոր է լաւ գիտնալ պատմութիւնը։ Ան շատ կը կարեւորէ Յակոբ Պարոնեանի գործերը, զորս հաճոյքով կը կարդայ տակաւին։
Մեծ ուսուցիչը շատ կարեւոր կը համարէ նաեւ մայր լեզուն։ «Ամէն մարդ պէտք է լաւ իմանայ իր մայր լեզուն։ Իմ զաւակները Միացեալ Նահանգներ հաստատուած են, բայց իրենց երախաները տան մէջ անպայման հայերէն կը խօսին։ Նոյնիսկ տան երդիքին տակ մէկ բառ անգլերէն չեն փոխանակեր իրարու հետ», կ՚ըսէ Մարիամ Տօնեան։
2017 թուականին կը լրանայ Մարիամ Տօնեանի գործունէութեան 80-ամեակը: Թէ՛ ընտանիքի անդամները, թէ՛ գործընկերները կը պատրաստուին մեծ շուքով նշել 100-ամեակին մօտեցող սիրելի Մարիամ Տօնեանի այդ յոբելեանը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024