ՁԱՅՆԱԼԱՐԵՐԸ, ԱՆՈՆՑ ԴԵՐԸ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ VOCAL CORDS, THEIR FUNCTIONS AND DISEASES

Ձայ­նա­լա­րե­րը կը գտնուին խռչա­փո­ղին-խռչա­կին (larynx) մէջ: Ա­նոնց մա­սին խօ­սե­լէ ա­ռաջ հարկ է, որ ամ­փոփ ձե­ւով խօ­սինք խռչա­փո­ղի մա­սին:

Խռչա­փո­ղը կը կազ­մէ շնչա­փո­ղի (trachea) վե­րին բա­ժի­նը: Ա­նի­կա կը գտնուի շնչա­փո­ղին եւ ըմ­բա­նին մի­ջեւ եւ վի­զին յա­ռա­ջա­մա­սը: Ա­նոր սահ­ման­ներն են՝ վե­րէն՝ են­թաըմ­բա­նը (hypopharynx), վա­րէն՝ շնչա­փո­ղը, առ­ջե­ւէն՝ վի­զի եր­կու մկան­նե­րը եւ վա­հա­նա­գեղ­ձը (thyroid gland) ու ե­տե­ւէն՝ որ­կո­րի վե­րի բա­ժի­նը: Խռչափո­ղը կազ­մուած է կմախ­քէ (skeletal) եւ մկա­նա­յին մա­սե­րէ: Կմախ­քը բաղ­կա­ցած է ան­զոյգ եւ զոյգ ա­ճառ­նե­րէ (cartilage): Ան­զոյգ ա­ճառ­ներն են՝  մա­կա­լե­զուա­կը (epiglottis), վա­հա­նա­ճա­ռը (thyroid bone) եւ մա­տա­նիա­ճա­ռը (cricoid bone). Իսկ զոյգ ա­ճառ­ներն են՝  շե­րե­փա­ճառ­նե­րը (arytenoid  cartilages), եղ­ջե­րա­ճառ­նե­րը (corniculate cartilages) եւ սե­պա­ճառ­նե­րը (cunei­form cartilages): Մա­կա­լե­զուա­կը կը գտնուի խռչա­փո­ղի վե­րի մա­սը եւ կը ծա­ռա­յէ որ­պէս կա­փա­րիչ՝ պէտք ե­ղած պա­հուն գո­ցե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար խռչափո­ղը: Մնա­ցեալ ա­ճառ­նե­րը ի­րա­րու կա­պուած են կա­պան­նե­րով (ligaments) եւ լորձ­նա­թա­ղան­թա­յին ծալ­քե­րով: Խռչա­փո­ղը իր շրջա­պա­տին կա­պուած է ար­տա­քին մկան­նե­րով, ո­րոնց մի­ջո­ցով կը շար­ժի վեր եւ վար: Ան ու­նի նաեւ ներ­քին մկան­ներ: Խռչա­փո­ղը ու­նի  եր­կու իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րեր (true vocal cords), ո­րոնք կը գտնուին խռչա­փո­ղին սկիզ­բը: Ա­նոնք ու­նին հո­րի­զո­նա­կան դիրք, կա­պուած են խռչա­փո­ղի յա­ռա­ջա­մա­սին եւ յետ­սա­մա­սին: Ա­նոնք կը շար­ժին կա­մո­վին խռչա­փո­ղի ներ­քին մկան­նե­րու պրկում­նե­րով ու­ղե­ղէն ե­կած հրա­հանգ­նե­րուն հա­մա­ձայն եւ կ՚ար­տադ­րեն զա­նա­զան ե­լե­ւէջ­նե­րով եւ ուժգ­նու­թեամբ ձայ­ներ: Տղա­մար­դիկ եւ կի­ներ ու­նին տար­բեր չա­փի ձայ­նա­լա­րեր: Ա­նոնք ա­ւե­լի մեծ են տղա­մար­դոց մօտ, քան՝ կի­նե­րուն մօտ: Չա­փա­հաս տղոց մօտ ա­նոնք կ՚ըլ­լան մօ­տա­ւո­րա­պէս 17-25 մմ. եր­կա­րու­թեամբ, իսկ չա­փա­հաս կի­նե­րուն մօտ՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 12.5-17.5 մմ.: Ա­նոնք կազմո­ւած են ճեր­մակ շա­րակ­ցա­կան (connective tissue) թե­լե­րէ եւ շրջա­պա­տուած են բա­րակ թա­ղան­թա­յին ծալ­քով: Իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րու մի­ջեւ ե­ղած բա­ցու­թիւ­նը կը կո­չուի ձայ­նա­ճեղք (glottis): Ներ­քին մկան­նե­րը  կը ծա­ռա­յեն ձայ­նա­լա­րե­րու շարժ­ման եւ ձայ­նա­ճեղ­քին լայ­նա­ցու­մին ու նե­ղա­ցու­մին: Իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րու վե­րեւ կը գտնուին ո­չ-իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րը (false vocal cords), ո­րոնք խլնա­թա­ղան­թա­յին ծալ­քեր են: Ա­նոնք ոչ մէկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին ձայ­նի ար­տադ­րու­թեան հետ: Իս­կա­կան եւ ոչ-իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րուն մի­ջեւ ե­ղած փո­սի­կը կը կո­չուի խռչա­փո­ղա­յին ծոց (laryngeal ventricle): Խռչա­փո­ղի լորձ­նա­թա­ղան­թը (mucous membrane, epithelium) ըմ­բա­նի լորձ­նա­թա­ղան­թին շա­րու­նա­կու­թիւնն է:

Խռչա­փո­ղը կը բաժ­նուի չորս մա­սե­րու՝

1. Խռչա­փո­ղի նա­խա­դու­ռը, որ կը կազ­մէ մա­կա­լե­զո­ւա­կի եւ կեղծ ձայ­նա­լա­րե­րու մի­ջեւ ե­ղած տա­րած­քը:

2. Խռչա­փո­ղի խո­ռո­չը, որ կը կազ­մէ կեղծ ձայ­նա­լա­րե­րու եւ իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րու մի­ջեւ ե­ղած տա­րած­քը:

3. Հա­գա­գձայ­նա­րանը, այ­սինքն՝ ձայ­նա­լա­րե­րը եւ ձայ­նա­ճեղ­քը:

4. Են­թա­ձայ­նա­լա­րա­յին տա­րածք, որ ձայ­նա­լա­րե­րուն ան­մի­ջա­պէս տա­կի տա­րածքն է:

Խռչա­փո­ղը աջ եւ ձախ կող­մե­րէն ու­նի  հա­ւա­սա­րա­պէս եր­կու ջի­ղեր՝ վե­րին եւ ստո­րին ջի­ղեր: Իւ­րա­քան­չիւր վե­րին ջի­ղը կը բաժ­նուի եր­կու ճիւ­ղե­րու, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը զգա­յա­կան (sensory) ջիղ է եւ կը ջղա­ւո­րէ խռչա­փո­ղին ներ­քին մա­կե­րե­սը, իսկ երկ­րոր­դը շար­ժա­կան (motor) ջիղ է եւ կը ջղա­ւո­րէ խռչա­փո­ղի ար­տա­քին մկան­նե­րը: Ստո­րին ջի­ղը շար­ժա­կան է եւ կը ջղա­ւո­րէ ներ­քին մկան­նե­րը:

Խռչա­փո­ղը ու­նի ե­րեք բնա­խօ­սա­կան (physologic) պաշ­տօն­ներ՝

1. Շնչա­ռա­կան պաշ­տօն

Քի­թէն եւ բե­րա­նէն ներշն­չուած օ­դը անց­նե­լով խռչա­փո­ղէն՝ կը հաս­նի շնչա­փող եւ ա­պա թո­քեր: Շնչա­ռու­թեան ըն­թաց­քին եր­կու ձայ­նա­լա­րե­րը պրկուե­լով կը հե­ռա­նան ի­րար­մէ եւ ձայ­նա­յին ճեղ­քը կը մնայ բաց: Հե­տե­ւա­բար օ­դի ներշն­չու­մը կը կա­տա­րուի հան­գիստ եւ ամ­բող­ջա­կան: Ներշն­չու­մի ըն­թաց­քին ձայ­նա­յին ճեղ­քը կ՚ըլ­լայ ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ:

2. Պաշտ­պա­նո­ղա­կան պաշ­տօն

Բեր­նին մէջ գտնուած կե­րա­կու­րը կլլե­լու ըն­թաց­քին խռչա­փո­ղը կը խցուի, որ­պէս­զի կե­րա­կու­րի պա­տա­ռիկ­նե­րը խռչա­փող մտնե­լով՝ թո­քե­րուն չհաս­նին: Այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ հե­տե­ւեալ ձե­ւով. խռչա­փո­ղը կը տե­ղա­փո­խուի իր սո­վո­րա­կան վայ­րէն եւ վեր կ՚ել­լէ, մա­կա­լե­զուա­կը կը ծած­կէ խռչա­փո­ղի անց­քը եւ իս­կա­կան ու կեղծ ձայ­նա­լա­րե­րը պրկուե­լով՝ կը խցեն խռչա­փո­ղին անց­քը: Այս մի­ջո­ցին ակն­թար­թի մը չափ շնչա­ռու­թիւ­նը կը դադ­րի: Այս բո­լո­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան ա­կա­մայ, ան­գի­տակ­ցա­բար եւ ան­կախ մեր կամ­քէն: Կուլ տա­լու ըն­թաց­քին, ե­թէ խօ­սինք, իս­կա­կան եւ կեղծ ձայ­նա­լա­րե­րը ան­գի­տակ­ցա­բար կը հե­ռա­նան ի­րար­մէ, ձայ­նա­ճեղ­քը կը բա­ցուի եւ են­թաըմ­բա­նին մէջ գտնուած կե­րա­կու­րի կտո­րիկ­ներ կը մտնեն խռչա­փող: Այս մի­ջո­ցին խռչա­փո­ղի վե­րի բաժ­նի խլնա­թա­ղան­թը կը գրգռուի, ո­րուն պատ­ճա­ռով կը յա­ռա­ջա­նայ հա­կա­դար­ձա­յին (reflex) հազ:

3. Ձայ­նա­յին պաշ­տօն

Ձայ­նը կը յա­ռա­ջա­նայ իս­կա­կան ձայ­նա­լա­րե­րու պրկում­նե­րով եւ թրթռա­ցում­նե­րով: Ձայ­նա­լա­րե­րը ի­րա­րու կը մօ­տե­նան եւ ա­նոնց հա­սակն ու հաս­տու­թիւ­նը կը փո­խուի, իսկ թո­քե­րէն դէ­պի վեր մղուած օ­դը իր ու­ժով կը թրթռաց­նէ ձայ­նա­լա­րե­րը: Այս ձայ­նի ար­տադ­րու­թիւ­նը կը կո­չուի ձայ­նատո­ւու­թիւն (phonation):

Ձայ­նը ու­նի ե­րեք յատ­կու­թիւն­ներ՝

1. Ուժգ­նու­թիւն (intensity), որ կա­խեալ է ար­տաշնչո­ւող օ­դի ճնշու­մէն եւ ձայ­նա­լա­րե­րու լա­րուա­ծու­թե­նէն եւ թրթռա­ցու­մէն:

2. Ձայ­նի բարձ­րու­թիւն-ձայ­նաս­տի­ճան (pitch). ան կա­խեալ է ձայ­նա­լա­րե­րու հա­սա­կէն, լա­րուա­ծու­թե­նէն, թրթռա­ցու­մի քա­նա­կէն եւ ար­տաշն­չուող օ­դի ու­ժէն: Ե­րա­խա­յին ձայ­նը կ՚ըլ­լայ բարձր, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր ձայ­նա­լա­րե­րը կ՚ըլ­լան կարճ: Ար­բուն­քի շրջա­նին, ա­ճու­մով տղա­մար­դոց ձայ­նա­լա­րե­րը կպեր­կա­րին եւ, հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց ձայ­նաս­տի­ճա­նը կը նուա­զի եւ ձայ­նը կ՚ըլ­լայ հաստ:

3. Ա­րա­գու­թիւն (velocity). եր­գիչ­նե­րու ձայ­նը ու­նի այլ յատ­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ կա­րե­ւո­րա­գոյն­ներն են՝ ծա­ւալ, կշռոյթ (rhythm), ե­լե­ւէջ (intonation), ձայ­նե­ղա­նակ (tone), ո­րակ (timbre), հնչո­ղու­թիւն, գե­ղեց­կու­թիւն, ե­րանգ եւ ճկու­նու­թիւն:

Մեր ար­տադ­րած ձայ­նը կ՚ըլ­լայ՝

1. Կրծքա­յին, երբ մեծ քա­նա­կու­թեամբ օդ կը կու­տա­կուի թո­քե­րուն մէջ:

2. Խռչա­փո­ղա­յին, երբ խռչա­փո­ղը լա­րուած վի­ճա­կի մէջ կ՚ըլ­լայ եւ խռչա­փո­ղի բո­լոր մկան­նե­րը կը գոր­ծեն կա­տա­րե­լա­պէս:

3. Գլխա­յին: Ձայ­նա­լա­րե­րը մարմ­նի բո­լոր օր­կան­նե­րուն նման՝ կ՚ախ­տա­հա­րուին զա­նա­զան ձե­ւե­րով:

Ձայ­նա­լա­րե­րու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն կա­րե­լի յի­շել հե­տե­ւեալ­նե­րը.

Ա. Ձայ­նա­լա­րե­րու ան­դա­մա­լու­ծու­թիւն (vocal cord paralysis): Ա­սի­կա հե­տե­ւանք է խռչա­փո­ղի շար­ժա­կան ջի­ղե­րու անբ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, որ կը յա­ռա­ջա­նայ հե­տե­ւեալ ազ­դակ­նե­րով.

ա. Խռչա­փո­ղի շար­ժա­կան ջի­ղի ուղ­ղա­կի վի­րա­ւո­րում-վնաս: Այս մէ­կը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝

1. Վի­զի վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ յատ­կա­պէս վա­հա­նա­գեղ­ձի վի­րա­հատ­ման (thyroidectomy) ըն­թաց­քին։

2. Վի­զի զա­նա­զան ու­ռե­րու ճնշու­մով.

բ. Վի­զի ար­տա­քին հա­րուած, վնաս վի­րա­ւո­րում։

գ. Խռչա­փո­ղի պրկում, կծկում (spasm), երբ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ձայ­նա­լա­րե­րու զօ­րա­ւոր կծկում­ներ: Ա­նի­կա ա­ռա­ւե­լա­բար կը պա­տա­հի մա­նուկ­նե­րու մօտ նո­պա­յա­կան ձե­ւով եւ տար­բեր ուժգ­նու­թեամբ:

դ. Ու­ղե­ղա­յին եւ թո­քա­յին ու­ռեր, ո­րոնք կը ճնշեն ձայ­նա­լա­րե­րու շար­ժուն ջի­ղե­րուն վրայ եւ պատ­ճառ կը դառ­նան ա­նոնց ան­գոր­ծու­թեան:

ե. Ոչ օր­կա­նա­յին պատ­ճառ­նե­րով ձայ­նա­լա­րե­րու ան­շար­ժու­թիւն:

Ա­նի­կա կը պա­տա­հի հե­տե­ւեալ ձե­ւե­րով.

1. Ա­ռողջ չա­փա­հաս անձ մը կա­մո­վին եւ ու­զած ժա­մա­նակ իր հա­կակշ­ռին տակ կը պա­հէ իր ձայ­նա­լա­րե­րը եւ կը յա­ռա­ջաց­նէ ժա­մա­նա­կա­ւոր ձայ­նա­լա­րե­րու ան­դա­մա­լու­ծու­թիւն:

2. Ջղացն­ցա­յին (hysterical) ան­դա­մա­լու­ծու­թիւն, որ կը յա­ռա­ջա­նայ ա­կա­մայ ջղա­ցունց ան­հատ­նե­րու մօտ:

3. Հո­գե­բա­նա­կան եւ հո­գե­կան այլ խան­գա­րում­նե­րու պատ­ճա­ռով:

4. Ա­նակն­կալ սար­սափ, ահ եւ վախ:

զ. Ձայ­նա­լա­րե­րու վա­տո­րակ ու­ռեր (malignant tumor, cancer):

Բ. Ձայ­նա­լա­րե­րու բոր­բո­քում­ներ

Խռչա­փո­ղի բոր­բո­քու­մով կը բոր­բո­քին նաեւ ձայ­նա­լա­րե­րը: Ա­նոնց բոր­բո­քու­մը հե­տե­ւանք է ընդ­հան­րա­պէս ըմ­բա­նի բոր­բո­քու­մին, սա­կայն ա­նի­կա կը պա­տա­հի նաեւ ա­ռանձ­նա­բար: Ձայ­նա­լա­րե­րը կ՚ախ­տա­հարուին ման­րէ­նե­րով ու ժահ­րե­րով, եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ման­րէա­կան եւ ժահ­րա­յին խռչա­փո­ղա­տապ (la­ryn­gitis): Ա­սոր ախ­տան­շան­ներն են՝ խռպո­տու­թիւն, ոչ­-մա­քուր հնչո­ղա­կա­նու­թիւն, չոր հազ, քեր­թուա­ծու­թեան զգա­ցում:

Ձայ­նա­լա­րե­րու յա­տուկ բոր­բո­քում մըն է կեղծ­մաշ­կը (diphtheria)՝ մղձկա­հա­զը (croup):

Գ. Ձայ­նա­լա­րե­րու ջրու­ռեցք (edema). ա­սի­կա կը կաշ­կան­դէ ձայ­նա­լա­րե­րու ա­զատ շար­ժում­նե­րը: Ջրու­ռեց­քը կը յա­ռա­ջա­նայ զա­նա­զան ձե­ւե­րով.

ա. Ձայ­նա­լա­րե­րու գրգռու­թիւն. ա­սի­կա տե­ղի կ՚ու­նե­նայ մթնո­լոր­տա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ կլի­մա­յի ան­կա­նո­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով. ա­պա­կա­նած օդ, ծխա­խո­տի գոր­ծա­ծու­թիւն, թու­նա­ւոր կա­զեր, գոր­ծա­րան­նե­րու ծու­խեր եւ խտա­ցած շո­գի:

բ. Խռչա­փո­ղի գերզ­գայ­նու­թիւն (allergic laryngitis):

գ. Գերզ­գայ­նու­թեան հա­կա­դար­ձու­թիւն (anaphylaxis):

Դ. Ձայ­նա­լա­րե­րու անխ­նայ գոր­ծա­ծու­թիւն, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ եր­գիչ­նե­րու, կղե­րա­կան­նե­րու, քա­րո­զիչ­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­մէ: Ա­նոնց ձայ­նա­լա­րե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց բնա­կան գոր­ծե­լա­կեր­պը եւ շրջան մը ետք կ՚ու­նե­նան ձայ­նա­լա­րա­յին հան­գոյց­ներ եւ խո­ցեր, ո­րոնք ա­ռա­ւել կը վատ­թա­րաց­նեն կա­ցու­թիւ­նը:

Ե. Ձայ­նա­լա­րե­րու այ­րուածք. ա­սի­կա կը յա­ռա­ջա­նայ ներշն­չուած քի­միա­կան կա­զե­րու, ստա­մոք­սա-որ­կո­րա­յին ետ­հոս­քի (gastro-esophageal reflux) թթուա­յին հե­ղու­կի եւ այլ տե­սակ թու­նա­ւոր հե­ղուկ­նե­րու ներխժու­­մով խռչա­փո­ղէն ներս:

Զ. Են­թա­ձայ­նա­լա­րա­յին տա­րած­քի ջրու­ռեցք:

Է. Խռչա­փո­ղի ա­ճառ­նե­րու յօ­դա­բորբ, որ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ ձայ­նա­լա­րե­րու պրկում­նե­րուն:

Ը. Օ­տար մար­մին­նե­րու ներխ­ժու­մը խռչա­փո­ղէն ներս:

Թ. Ման­կա­կան-պա­տա­նե­կան ձայ­նա­լա­րա­յին ցցօ­նա­յին խմբա­ւո­րում­ներ (papilloma, polyposis):

Ժ. Ձայ­նա­լա­րե­րու լա­ւո­րակ ու­ռեր՝ սպի­տա­կա­բի­ծեր (leukoplakia), հան­գոյց­ներ (nodes) եւ ցցօն­ներ (polyps):

ԺԱ. Ձայ­նա­լա­րե­րու վա­տո­րակ ու­ռեր՝ քաղց­կեղ։

ԺԲ. Ծե­րու­թեան ձայ­նա­լա­րե­րու տկա­րու­թիւն։

ԺԳ. Ըն­դո­ծին ձայ­նա­լա­րա­յին թա­ղանթ (congenital web)։

Վե­րո­յի­շեալ ձայ­նա­լա­րա­յին բո­լոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով տե­ղի կ՚ու­նե­նան՝ ձայ­նա­լա­րա­յին ճեղ­քի նե­ղա­ցում, որ  կը յա­ռա­ջաց­նէ մաս­նա­ւո­րա­պէս շուն­չի զա­նա­զան աս­տի­ճա­նի դժուա­րու­թիւն-շնչա­հեղ­ձու­թիւն, կապ­տու­թիւն, շնչաս­լոց, չոր հազ, թե­թեւ ցաւ, որ կը տա­րա­ծուի դէ­պի ա­կանջ­ներ:

Ձայ­նա­լա­րե­րու քննու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի խռչա­փո­ղի ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի դի­տու­մով (direct and indirect laryngoscopy): Խռչա­փո­ղա­դի­տա­կի (laryngos­cope) մի­ջո­ցով կը տես­նենք ձայ­նա­լա­րե­րուն շար­ժում­նե­րը, թրթռա­ցում­նե­րը, ան­դա­մա­լու­ծու­թիւ­նը, խռչա­փո­ղի խլնա­թա­ղան­թի ի­րա­վի­ճա­կը եւ խռչա­փո­ղա­յին լա­ւո­րակ ու վա­տո­րակ ու­ռե­րը:

Ձայ­նա­լա­րա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դար­մա­նու­մի պա­րա­գա­յին կը թե­լադ­րուի՝

1. Կա­տա­րեալ ձայ­նի հան­գիստ՝ չխօ­սիլ, չեր­գել, չպո­ռալ,

2. Շո­գիի ներշն­չում,

3. Հա­կա­գերզ­գայ­նու­թեան եւ հա­կա­ման­րէա­կան դե­ղեր,

4. Հե­ռու մնալ ծխա­խո­տէ եւ ծխող­նե­րէ:

Իւ­րա­քան­չիւր հի­ւան­դու­թեան պա­րա­գա­յին կը կի­րար­կուի յա­տուկ դար­մա­նա­մի­ջոց:

Հոս կ՚ու­զեմ շատ հա­կիրճ ձե­ւով անդ­րա­դառ­նալ կեղծ­մաշ­կի եւ մղձկա­հա­զի մա­սին:

Կեղծ­մաշ­կը կը պա­տա­հի ընդ­հան­րա­պէս մա­նուկ­նե­րու: Ա­սի­կա ման­րէա­կան բոր­բո­քում մըն է: Ա­նոր ախ­տան­շան­ներն են՝ ձայ­նա­լա­րե­րու խիստ կարմ­րու­թիւն, մա­կե­րե­սա­յին փառ, այ­տուց, ձայ­նա­ճեղ­քի նե­ղա­ցում, շնչաս­լոց եւ խզզոց, ձայ­նի խիստ խռպո­տու­թիւն, հա­չո­ցան­ման չոր հազ, դժուար-աղ­մու­կով շնչա­ռու­թիւն եւ ուժ­գին շնչա­հեղ­ձու­թիւն ու կապ­տու­թիւն:

Մղձկա­հա­զը նոյն­պէս ման­կա­կան ման­րէա­կան հի­ւան­դու­թիւն մըն է: Ա­նոր ախ­տան­շան­ներն են՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր կարճ տե­ւո­ղու­թեամբ գի­շե­րա­յին յան­կար­ծա­կի շնչար­գե­լու­թիւն, շնչաս­լոց, ո­րոնք բո­լո­րը կ՚ան­հե­տա­նան ինք­նա­բե­րա­բար: Ա­սոնց հետ միա­տեղ կը պա­տա­հին՝ գրգռուած չոր հա­չո­ցան­ման հազ, վի­զի եւ ան­րա­կի (clavicle) վե­րին եւ ստո­րին ու վեր­նա­փո­րի փո­սիկ­նե­րու խո­րա­ցում:

Կեղծ­մաշ­կի եւ մղձկա­հա­զի դար­մա­նու­մը կը կա­րօ­տի յա­տուկ հա­կա­ման­րէա­կան դե­ղե­րու, հի­ւան­դա­նո­ցա­յին խնամ­քի եւ եր­բեմն մե­կու­սա­ցու­մի, թթուա­ծի­նի նե­րար­կու­մի: Յա­ռա­ջա­ցած պա­րա­գա­նե­րուն ստի­պո­ղա­բար շնչա­հեղ­ձու­թեան հա­մար կը կա­տա­րուին՝ խռչա­փո­ղա­յին ներ­փո­ղար­կում (intubation) եւ յա­ճախ խռչա­փո­ղա­ծա­կում (laryngotomy) ու ներխռ­չա­փո­ղա­յին մե­տա­ղա­յին կամ կեր­պըն­կալ խո­ղո­վա­կի մը ներ­մու­ծու­մը: Այս խո­ղո­վա­կը կազ­մուած է ներ­քին եւ ար­տա­քին բա­ժին­նե­րէ: Ար­տա­քին բա­ժի­նը կ՚ամ­րա­ցուի մոր­թին, իսկ ներ­քին բա­ժի­նը կա­րե­լի է դուրս հա­նել ա­մէն օր մաք­րու­թեան հա­մար: Այս եր­կու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կը կա­տա­րուին բա­ւա­կա­նա­չափ օդ եւ թթուա­ծին մա­տա­կա­րա­րե­լու հա­մար թո­քե­րուն:

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐ­ՊԻՍ ՀԱՐ­ՊՈ­ՅԵԱՆ

Մոն­րէալ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2016