ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ շատ կա­րե­ւոր միա­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս մը։ «HighTec Expo» կո­չուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը նա­խա­տե­սուած է 13-16 Հոկ­տեմ­բե­րին։ Հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ Ե­րե­ւան պի­տի այ­ցե­լէ Լե­հաս­տա­նի Գոր­ծա­տու­նե­րու միու­թեան ղե­կա­վար Ան­ճէյ Մա­րի­նովս­քի։ «News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Գոր­ծա­տու­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Մա­կա­րեան վեր­ջերս բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այս մօ­տա­լուտ ցու­ցա­հան­դէ­սին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան յի­շե­ցուց, թէ Ան­ճէյ Մա­րի­նովս­քի 2002-2004 թուա­կան­նե­րուն տնտե­սու­թեան նա­խա­րար ե­ղած էր Լե­հաս­տա­նի մէջ ու ձեռ­նար­կած՝ կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­րե­փո­խում­նե­րու։ Մա­կա­րեա­նի կան­խա­տե­սում­նե­րով, Մա­րի­նովս­քի կրնայ շարք մը գոր­ծա­տու­ներ ու­ղար­կել Հա­յաս­տան։ «Բաց աս­տի, գո­յու­թիւն ու­նի տասն­հինգ եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­տու­նե­րու միու­թիւն մը, ո­րու մէջ կը գտնուին Ռու­սաս­տան, Սպի­տակ Ռու­սիա, Լիթ­վա­նիա, Լաթ­վիա, Վրաս­տան, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­զա­խիս­տան, Խրղը­զիս­տան, Պուլ­կա­րիա, Ռու­մա­նիա, Լե­հաս­տան եւ այլն։ Ես ընտ­րուած եմ այդ խոր­հուր­դի նա­խա­գահ եւ 2017-ի ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ», ը­սաւ Գա­գիկ Մա­կա­րեան։

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած պաշտ­պա­նու­թեան գծով «HighTec Expo»ին պի­տի մասնակ­ցին ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րը։ «Սա պի­տի ըլ­լայ մի­ջազ­գա­յին հար­թակ մը ՀԱՊԿ-ի եր­կիր­նե­րու, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ ժա­մա­նա­կա­կից ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու ար­տադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ փոր­ձա­ռու­թեան եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փո­խա­նակ­ման տե­սան­կիւ­նէն», ընդգ­ծեց Հա­յաս­տա­նի Գոր­ծա­տու­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Մա­կա­րեան։

Բա­ցի վե­րո­յի­շեալ ցու­ցա­հան­դէ­սէն, աշ­նան շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի տնտես­կու­թեան տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր այլ ծրագ­րեր ալ կեան­քի պի­տի կո­չուին։ 5-7  Հոկ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Ի­րան հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին այդ երկ­րէն բազ­մա­թիւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ 19-21 Սեպ­տեմ­բե­րին ալ նոյն­պէս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Made in Armenia» ա­նու­նով ցու­ցա­հան­դէս մը, որ երկ­րոր­դը պի­տի ըլ­լայ իր տե­սա­կին մէջ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն ալ կրնայ նպաս­տա­ւոր ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րու ներգ­րաւ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րու ներգ­րաւ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ տա­րած աշ­խա­տան­քը չի սահ­մա­նա­փա­կեր միայն երկ­րէն ներս նա­խա­տեսուած ձեռ­նարկ­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կեան­քի կո­չուե­լիք ծրագ­րեր ալ մշա­կուած են նոյն նպա­տա­կին զու­գա­հեռ։ Այս ծի­րին մէջ, նոյն­պէս մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ նա­խա­տե­սուած է հա­մա­ժո­ղով՝ օ­տա­րերկ­րեայ ձեռ­նե­րէց­նե­րուն ծա­նօ­թանց­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րի պայ­ման­ներն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Նիւ Եոր­քի մէջ Հոկ­տեմ­բե­րի 10-11 թուա­կան­նե­րուն պի­տի կա­յա­նայ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ ար­տա­քին ներդ­րում­նե­րու գրաւ­ման նուի­րուած ներդ­րու­մա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը:

«Ա­մե­րի­կա­յի ձայ­նը» կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ այս մա­սին յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Կա­րէն Մկրտի­չեան: Ըստ ի­րեն, Նիւ Եոր­քի ե­լեւմը-տա­կան շրջա­նին՝ Ո­ւոլ Սթրի­թի մէջ կա­յա­նա­լիք ձեռ­նար­կին ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան եւ Ա­սիա­կան զար­գաց­ման դրա­մա­տան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներն ու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ:

«Սա տասն­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին նման մի­ջո­ցառումն է եւ մենք տա­կա­ւին չու­նինք ներդ­րող­նե­րու ցու­ցակ մը», նշած է Կարէն Մկրտի­չեան:

Հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու Ա­սիա­կան զար­գաց­ման դրա­մա­տու­նը: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ պի­տի ըլ­լան տնտե­սա­կան յա­ռա­ջա­տար մեկ­նա­բան­ներ HyattHotels, ABBYY, Reddit, PicsArt եւ շարք մը այլ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ:

«Մենք կը ներ­կա­յաց­նենք Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան ութ ո­լորտ եւ ա­նոնց ա­ջակցման ուղ­ղուած պե­տա­կան ծրագ­րե­րը: Բա­ցի ա­սոնց­մէ, իւ­րա­քան­չիւր ո­լոր­տի մա­սին կը խօ­սին այդ բնա­գա­ւա­ռէն ներս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ», ը­սած է Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Մկրտի­չեան:

Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ներդ­րող­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րե­ւա­յին ու­ժի, եր­կա­թու­ղագ­ծա­յին բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու, Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի կա­ռուց­ման, հան­քա­վայ­րե­րու գոր­ծարկ­ման, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րու հե­ռան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ բարձր ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը:

Կա­րէն Մկրտի­չեա­նի խօս­քով, հա­կա­ռակ շրջա­փակ­ման եւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը կրնայ ար­տերկ­րեայ ներդ­րող­նե­րու հա­մար հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նել: «Հա­յաս­տա­նը եւ­րո­պա­կան եւ ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար հար­թակ դառ­նա­լու նե­րուժ ու­նի։ Ա­նոնք այ­նու­հե­տեւ կրնան ի­րենց ար­տադ­րան­քը տե­ղա­փո­խել Ռու­սաս­տան եւ Եւ­րո­սիա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) այլ երկիր­ներ ա­ռանց մաք­սավ­ճար­նե­րու», ը­սած է ան:

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վա­րը նշած է, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ ար­տերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րուն չա­փը զգա­լի նուա­զած է, երբ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Եւ­րո­միու­թեան հետ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման փո­խա­րէն նա­խընտ­րեց ան­դա­մակ­ցիլ ԵՏՄ-ին։ «Ուղ­ղա­կի ար­տա­քին ներդ­րում­նե­րու ծա­ւա­լը զգա­լի նուա­զած է եւ ան կրնայ շարք մը պատ­ճառ­ներ ու­նե­նալ: Ըստ իս, ա­նոնց­մէ մին է՝  մենք ան­ցու­մա­յին շրջա­նի մէջ կը գտնուինք: Մինչ այն պա­հը, երբ Հա­յաս­տան ո­րո­շեց միա­նալ ԵՏՄ-ին, ակն­կա­լի­քը այն էր, որ եր­կի­րը կը միա­նայ Եւ­րո­միու­թեան կամ Եւ­րո­պա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան: Երբ այդ մէ­կը տե­ղի չու­նե­ցաւ, շարք մը եւ­րո­պա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րէին, այժմ կը նուա­զեց­նեն ի­րենց ակն­կա­լիք­նե­րը», նշած է Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադրա­մի ղե­կա­վար Կա­րէն Մկրտի­չեան:

Եւ­րո­միու­թեան շու­կան, որ պի­տի բա­ցուէր Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ Եւրոպական Միութեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագրման պա­րա­գա­յին, կը գե­րա­զան­ցէ ԵՏՄ-ն տասն ան­գամ, թէ՛ տնտե­սա­կան նե­րու­ժով եւ թէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու գնո­ղու­նա­կու­թեամբ:

Հայաստան երկար տարիներէ ի վեր լուրջ ոստմումի մը նախադրեալները ստեղծել կը ձգտի՝ իր տնտեսութեան վերելքը ապահո­վելու առաջադրութեամբ։ Նկատի ունենա­լով, որ անկախութեան քսանհինգ տարինե­րէն ի վեր երկիրը կը գտնուի շրջափակման մէջ, գործադրուած բոլոր ջանքերը կ՚ունե­նան սահմանափակ արդիւնք մը։ Հայաստան դի­տումնաւոր կերպով դուրս կը թողուի տա­րածքային հսկայական ներդրումային ծրագ­րերէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2016