ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՆԴՈԿ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ

Starwood Hotels&Resorts մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար պան­դոկ­նե­րու ցան­ցը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ո­րո­շած է մուտք գոր­ծել Հա­յաս­տա­նի շու­կայ։ finance.yahoo կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս ցան­ցը Հա­յաս­տա­նի շու­կայ մուտք պի­տի գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի մէջ Alexander շքեղ պան­դո­կի կա­ռուց­մամբ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս պան­դո­կին բա­ցու­մը կա­տա­րուի 2017 թուա­կա­նին։

Alexander պան­դո­կը պի­տի տե­ղա-­կայուի Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի մօ­տա­կայ­քին։ Հա­մա­լի­րը պի­տի ընդգր­կէ 114 շքեղ սե­նեակ­ներ, 17 գոր­ծա­րար դա­սու սե­նեակ­ներ ու նա­խա­գա­հա­կան սե­նեակ մը։ Պան­դո­կը պի­տի ու­նե­նայ նաեւ յար­մա­րա­ւէտ տա­րածք­ներ՝ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Բա­ցի գոր­ծա­րար կեդ­րո­նէ մը, հան­դի­պում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած են ութ սե­նեակ­ներ։

The Luxury Collection-ը այս­պէ­սով կը շա­րու­նա­կէ ընդ­լայ­նել իր աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը եւ Alexander պան­դո­կով ար­դէն մուտք պի­տի գոր­ծէ պատ­մա­կան Ե­րե­ւան։ «Մենք կը կա­տա­րենք ԱՊՀ-ի տա­րած­քէն ներս նոր շքե­ղու­թիւն բե­րե­լու մեր խոս­տու­մը։ Պան­դո­կը տե­ղա­կա­յուած պի­տի ըլ­լայ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին եւ իր իւ­րա­յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը պի­տի ա­ռա­ջար­կէ հիւ­րե­րուն», ը­սաւ Մայ­քըլ Ո­ւէյ, որ Starwood Hotels&Resorts պան­դոկ­նե­րու ցան­ցի Եւ­րո­պա­յի, Ափ­րի­կէի ու Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի գծով տնօ­րէնն է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2016