ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը։ ԵՊՀ-ի «Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեաններ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցան գիտաժողովի նիստերը։
Բացումին ողջոյնի խօսքերով մը հանդէս եկան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան ու հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան։
Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ կարեւորեց այն հանգամանքը, թէ ոլորտի մասնագէտները աշխոյժ մասնակցութիւն բերած են այս գիտաժողովին։ Ան մատնանշեց, թէ իրենք վեց կայքէջեր ստեղծած են՝ հաշուի առնելով հայկական Սփիւռքի փափաքները, կարիքներն ու առաջարկները։ Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), որ ստեղծած է Հայկական համացանցային համալսարանը։ Այս վերջինը արդէն յաջողութեամբ կը գործէ՝ նպաստելով հայապահպանման, հայոց լեզուի պահպանման կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման։ Նախարարը շեշտեց, որ ներուժի հնարաւորութիւնները եւ ցարդ ստեղծուածը համարժէք չեն։ Ան առաջարկեց մտածել՝ համահայկական համացանցային տարածք մը ստեղծելու մասին։ «Մեր մշակութային ժառանգութեան զգալի մասը կը գտնուի հայկական սահմաններէն դուրս, չկորսնցնելու համար պէտք է թուայնացնենք զայն», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Իր կարգին, Արամ Սիմոնեանն ալ կարեւորեց նման գիտաժողովի մը կազմակերպումը՝ որպէս համահայկական հիմնախնդիրները համատեղ, սեփական ուժերով լուծելու հնարաւորութիւնը։
Բացման նսիտէն վերջ գիտաժողովին շրջագծով ներկայացուեցան բազում շահեկան զեկուցումներ։ Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան վարեց առաջին նիստը, որ կոչուած էր «Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակին վրայ։ Զեկուցումներով հանդէս եկան գիտնականներ ու ոլորտի մասնագէտներ՝ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։ ԵՊՀ-ի Հայկական հետազօտութիւններու կաճառի փոխ-տնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան զեկուցեց՝ «Հայկական աշխարհը համացանցի վրայ. հիմնախնդիրներ եւ զարգացումներ» նիւթով։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայկական համացանցային համալսարանի վերատեսուչ Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ ազգային առաջնահերթութիւններու մասին՝ կարեւորելով հայոց լեզուի եւ հայկական մշակոյթին պահպանումը։ «Հայալեզու հեռավար կրթութիւնը՝ կրթութեան մատչելիութեան մօտել» նիւթով զեկուցեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գիտակրթական ու միջազգային կեդրոնի արտաքին կապերու բաժնի պետ Արուսեակ Յարութիւնեան։
Այս եւ նման նիւթերով իրականացուած երկօրեայ ծաւալուն աշխատանքը ամփոփուեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինով մը։ Կարծիքի հետաքրքրական փոխանակումներ տեղի ունեցան եւ արդիւնքին առաջարկուեցաւ ստեղծել համակարգող մարմին մը։ Նորաստեղծ այս մարմինը յառաջիկայ շրջանին պիտի նպաստէ այս ոլորտէն ներս իրակա-նացուող աշխատանքներու համակարգման։