Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է յաջորդ ամիս։ Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ պիտի մասնակցի Թրքական աշխարհի ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համաժողովին։
Հարկ է նշել, որ Պինալի Եըլտըրըմ վերջին անգամ Յունիսի 3-ին այցելած էր Պաքու, իր կողքին ունենալով Փոխ-վարչապետ Թուղրուլ Թիւրքէշը, Ազգային կրթութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազը, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլանը եւ այդ շրջանի՝ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2016