ԱՐՏԱԾՄԱՆ ԿՐՃԱՏՈՒՄ
Թուրքիա վերջին տարիներուն լուրջ ոստում մը կը կատարէ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Այս մթնոլորտին մէջ ուժանիւթի մատակարարման առումով երկրին արտասահմանէն կախ-ւածութիւնը կը նուազի թափով։ Ներկայ տար-ւան առաջին վեց ամիսներուն՝ ուժանիւթի ոլորտէն ներս Թուրքիոյ արտածումը կրճատուեցաւ 46 տոկոսով եւ իջաւ 1 միլիառ 742 հազար քիլօվաթի։
Ուժանիւթի նախարարութիւնը մասնաւոր ռազմավարութիւն մը որդեգրած է երկրի արտասահմանէն ունեցած կախուածութեան նուազումը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Առաջին փուլին արձանագրուած դրական արդիւնքները ապահովուած են շնորհիւ տեղական արտադրութեան եւ վերականգնուող ուժանիւթի միջոցներու խրախուսման։ Տար-ւան առաջին կէսին հարեւան երկիրներէն ելեկտրական ուժանիւթ ներածելու համար կատարուած վճարումները նուազած են 61 տոկոսով։ Կառավարութիւնը յստակ քաղաքականութիւնով մը կը քաջալերէ արեւու ուժանիւթի կեդրոններու կառուցման ուղղեալ ներդրումները։ Յառաջիկայ շրջանին Ուժանիւթի նախարարութիւնը համապատասխան սարքաւորումներու արտածման համար պիտի խրախուսէ ներդրողները։
Այլընտրանքային ուժանիւթի արտադրութեան խրախուսման զուգահեռ՝ Թուրքիա բազմակողմանի ծրագրերով յառաջ կ՚ընթանայ՝ ընթացիկ միջոցները զարգացնելու եւ արտադրութեան ճանապարհները տեսակաւորելու առաջադրութեամբ։ Այս շրջագծով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Անգարա-Փեքին համագործակցութիւնը ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Արդարեւ, Թուրքիոյ եւ Չինաստանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցան երեք փաստաթուղթեր, որոնց կը վերագրուի պատմական նշանակութիւն։
Արեւու եւ հովու միջոցաւ ուժանիւթ արտադրելու ջանքերուն առընթեր Թուրքիա կը պատրաստուի 2023-ին գործարկել առաջին հիւլէակայանը։ Վերջին շրջանին լրջօրէն կաղացած էր Աքքույուի հիւլէակայանի կառուցման ծրագրին ընթացքը, սակայն ներկայիս Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը խթանիչ գործօնի մը վերածուած է այս տեսանկիւնէն։
Մասնագէտները ուժանիւթի ոլորտէն ներս Թուրքիա-Չինաստան համագործակցութեան կը վերագրեն ռազմավարական նշանակութիւն։ Նման հանգամանք մը խնդրոյ առարկայ է նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեան պարագային։ «Թրքական հոսք» բնական կազի կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչելու նպատակով երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն կողմէ դրսեւորուած քաղաքական կամքը կը համարուի ճակատագրական։ Այս ծրագիրը ոչ միայն Թուրքիոյ կարիքները դիմագրաւելու տեսակէտէ, այլ նաեւ դէպի Եւրոպա Թուրքիան տարանցման կեդրոնի մը վերածելու առումով կը խոստանայ վիթխարի հեռանկարներ։