ՓԱՓԿԱՍՈՒՆ ՏԻԿԻՆՆԵՐ. ԹԷ՞…

Կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­նե­րը շատ կը սի­րեն օգ­տա­գոր­ծել այս ա­սոյ­թը. «Իւ­րա­քան­չիւր յա­ջող մար­դու ե­տին կայ կին մը»: Թէեւ սրա­միտներն ալ կ՚ա­ւելց­նեն. «Իւ­րա­քան­չիւր ձա­խող մար­դու ե­տին կան եր­կու կի­ներ…»: Ո­րո՞նք են բռնա­պետ­նե­րու ե­տին կանգ­նող կի­նե­րը:

Յա­ջո՞ղ մար­դիկ կը նկա­տուին բռնա­պետ­նե­րը, ո­րոնց ա­ռօ­րեան կը յատկան­շուի փտա­ծու­թեամբ, քա­ղա­քա­կան դա­ւե­րով, վայ­րագ ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րով, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու բիրտ խախ­տում­նե­րով,  բռնա­րարք­նե­րով: Այս­պի­սի մար­դոց ե­տին ե­ղող կի­նե­րը մեղ­սա­կի՞ց, թէ՞ ան­տե­ղեակ են: Բռնա­պետ­նե­րու կի­նե­րէն ո­մանք բա­րե­սի­րա­կան, մար­դասի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն կ՚ու­նե­նան: Բայց ար­դեօք ան­կեղծ ա­րա՞րք է ա­տի­կա, թէ՞ ի­րենց ա­մու­սին­նե­րուն բազ­մա­թիւ մեղ­քե­րը քո­ղար­կե­լու խո­րա­ման­կու­թիւն…:

Ծա­նօ­թա­ցէ՛ք այդ­պի­սի քա­նի մը կի­նե­րու:

*

10 ԲՌՆԱ­ՊԵՏ­ՆԵ­ՐՈՒ ԿԻ­ՆԵՐԸ

Ան­նա Փաու­լա Տոս Սան­թոս (Ծնած՝ 17 Հոկ­տեմ­բեր1963-ին) Անկո­լա­յի Նա­խա­գահ Է­տուար­տօ տոս Սան­թո­սի կի­նը

Նո­րա­ձե­ւու­թեան նախ­կին բնոր­դու­հի մը, որ իր ա­մու­սի­նը կը ճանչ­նար Ան­կո­լա­յի նա­խա­գա­հա­կան օ­դա­նա­ւին մէջ իբ­րեւ սպա­սար­կող աշ­խա­տած օ­րե­րէն: Ան­նա Փաու­լա, որ Ան­կո­լա­յի ա­ռա­ջին տի­կինն է, 1991-էն ի վեր ման­կա­վար­ժու­թեան եւ ի­րա­ւա­բա­նու­թեան վկա­յա­կան­ներ ու­նի եւ ան­դամ է ՄԱԿ-ի Մի­ջազ­գա­յին վերս­տու­գող խոր­հուր­դին եւ այլ յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու:

Դի­ւա­նա­գէտ մը Նա­խա­գահ Է­տուար­տօ տոս Սան­թո­սը եւ ա­նոր կի­նը՝ Ան­նա Փաու­լան,  նկա­րագ­րած է իբ­րեւ՝ «գե­ղա­նի զոյգ մը, վա­յե­լուչ, սուղ զգեստ­նե­րով, աշ­խար­հին կը նա­յին այն­պէս, կար­ծես, թէ կ՚ապ­րին հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ»:

Տի­կի­նը նաեւ փոր­ձած է իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դարձ­նել վար­չա­կան հար­ցե­րու մէջ: Քայլ մը, որ զայ­րա­ցու­ցած է քա­ղա­քա­կան գլխա­ւոր ու­ժե­րը: Նաեւ դա­տա­պար­տու­մի թի­րախ են իր ա­ռեւտ­րա­կան շա­հե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ա­դա­մանդ­նե­րը: Ան­նա Փաու­լա հո­վա­նա­ւորն է Գեղ­ջուկ կա­նանց ա­ջակ­ցող յանձ­նա­ժո­ղո­վին  (ՔՈ­ՄԻՒՐ)՝ օ­ժան­դա­կե­լով փոքր վար­կե­րու ֆի­նան­սա­ւոր­ման: Ան նաեւ կ՚ա­ջակ­ցի ա­կան­նե­րու զո­հե­րուն եւ այս ա­ռըն­չու­թեամբ կի­նե­րու ու ե­րա­խա­նե­րու հա­մար հիմ­նադ­րամ ստեղ­ծած է: Ա­ռա­ջին տի­կի­նը հան­րու­թեան կող­մէ խստիւ քննա­դա­տուե­ցաւ, երբ յայ­տա­րա­րեց, որ ի­րենց զա­ւա­կը պի­տի յա­ճա­խէ Ռուան­տա­յի մէջ փոր­թու­գա­լա­կան դպրոց, ո­րով­հե­տեւ պե­տա­կան կրթու­թիւ­նը «վատ վի­ճա­կի մէջ է», բան մը, ո­րուն հա­մար շա­տեր պա­տաս­խա­նա­տու կը նկա­տեն իր ա­մու­սի­նը:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Է­տուար­տօ տոս Սան­թոս 36 տա­րի­նե­րու իշ­խա­նու­թեան ըն­թաց­քին երկ­րի քա­ղա­քա­կան բո­լոր ու­ժե­րը իր հա­կակ­շի­ռին տակ ա­ռած է: 27-ա­մեայ  քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին ա­տեն, ան­թիւ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին խոշ­տան­գում­ներ եւ զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­ներ, տե­ղի ու­նե­ցած են իր գի­տակ­ցու­թեամբ եւ հսկո­ղու­թեամբ: Տա­կա­ւին կը հա­ղոր­դուի, որ Ան­կո­լա­յի մէջ այ­սօր կը շա­րու­նա­կուին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու տան­ջանք­ներն ու ճնշու­մը:

Շան­թալ Պիա (Ծնած՝ 4 Դեկ­տեմ­բեր 1970-ին) Քա­մե­րու­նի Նա­խա­գահ Փոլ Պիա­յի կի­նը

Տի­կին Շան­թալ Պիա, Քա­մե­րու­նի Նա­խա­գահ Փոլ Պիա­յի երկ­րորդ կինն է (ա­ռա­ջին կի­նը մա­հա­ցած է 1992-ին): Շան­թալ Պիա, որ 23 Ապ­րիլ 1994-էն ի վեր երկ­րի ա­ռա­ջին տի­կինն է, յայտ­նի է իբ­րեւ նո­րա­ձե­ւու­թիւն­ներ հնա­րող եւ կի­րա­ռող (ա­նոր եր­կար մա­զե­րու հռչա­կա­ւոր յար­դա­րան­քին նուի­րուած հա­մա­ցան­ցա­յին «Թամպլր» կայ): Պիա շատ ըն­կե­րա­յին, հա­ղոր­դա­կան կին մըն է: Տե­սակ­ցած է Մի­շէլ Օ­պա­մա­յի, Փա­րիզ Հիլ­թը­նի եւ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պին հետ: Քա­մե­րու­նի ա­ռա­ջին տի­կի­նը ը­սած է, որ իր նա­խա­սի­րած ձե­ւա­գէտ­նե­րը  եւ­րո­պա­ցի­ներ Տիո­րը եւ Շա­նէլն են: Տի­կին Շան­թալ Պիա­յի պա­հա­րա­նին մէ­ջի բազ­մա­թիւ հա­գուստ­ներ, ա­նոնց կող­մէ պատ­րաս­տուած են ըստ պա­տուէ­րի: Ա­ռա­ջին տի­կի­նը, որ իր ա­մու­սի­նէն 38 տա­րե­կան փոքր է, ան­դամ է  «Ափ­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն» ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ լու­ծում­ներ կը փնտռէ Քա­մե­րու­նի, Փղոսկ­րեայ Ա­փուն­քի եւ Պուր­քի­նա Ֆա­սո­յի մէջ ԷՅԾ-ի վա­րա­կին: Տի­կին Շան­թալ Պիա 2008 թուա­կա­նէն  ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան դես­պանն է:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Պիա իշ­խա­նու­թեան վրայ է ա­ւե­լի քան 30 տա­րի է, իսկ 2008 թուա­կա­նին ան ջնջած է պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­յին սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը,  այն­պէս որ ան կրնայ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ա­ռա­ջադ­րուիլ ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կով: Ա­նոր պե­տա­կան անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կը մե­ղադ­րուին ցու­ցա­րար­ներ սպան­նե­լու եւ քա­ղա­քա­կան ընդ­դի­մու­թիւ­նը կան­խե­լու նպա­տա­կով ճնշու­մի եւ բռնու­թեան այլ մի­ջոց­ներ օգ­տա­գոր­ծե­լու յան­ցան­քին հա­մար: Ըստ վեր­ջերս հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցի մը, Նա­խա­գահ  Պիա­յի  աշ­խա­տա­վար­ձը գրե­թէ 229 ան­գամ ա­ւե­լի է, քան իր երկ­րին մէջ որ­դեգ­րուած մի­ջին աշ­խա­տա­վար­ձը:

Հին­տա Տէ­պայ (Ծնած՝ 2 Ապ­րիլ 1980-ին) Չա­տի Նա­խա­գահ Իտ­րիս Տէ­պայ Իտ­նո­յի կի­նը

Հին­տա  Տէ­պայ կը նկա­տուի Չա­տի «նոր ա­ռա­ջին տի­կի­նը», կամ՝ «չոր­րորդ տի­կի­նը» (կամ 13-րդ, նա­յած, թէ ո­րո՞ւ մա­սին կը հարց­նէք), քա­նի որ ա­նոր ա­մու­սի­նը բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ա­մուս­նա­ցած է: Սա­կայն Հին­տա  շատ սի­րուած է եւ հռչա­կա­ւոր է իր գե­ղեց­կու­թեամբ, եւ հա­ւա­նա­բար, նա­խա­գա­հին կի­նե­րէն ա­մե­նէն ծա­նօթն է:

Հոկ­տեմ­բեր 2005-ին ա­մուս­նա­ցաւ Չա­տի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին, պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րին հետ:  9 Մարտ 2011-ին Հին­տա Տէ­պայ հռչա­կուե­ցաւ տա­րուան լա­ւա­գոյն ա­ռա­ջին տի­կի­նը: Այս պա­տի­ւը ա­նոր շնոր­հեց Համ­բա­ւի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջազ­գա­յին խմբա­ւո­րու­մը, որ կը բաղ­կա­նայ հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րէ, ո­րոնք կը ճշդեն, թէ ժո­ղո­վուր­դին կեան­քին մէջ տուեալ ան­հա­տին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը որ­քա՛ն կա­րե­ւոր ե­ղած է: Հին­տա Տէ­պայ 17 Յու­նուար 2012-ին նա­խա­ձեռ­նեց իր գոր­ծո­ղու­թեան ծրա­գի­րին՝ չէ­զո­քաց­նե­լու մայ­րե­րէն ե­րա­խա­նե­րուն ԷՅԾ-ի փո­խան­ցու­մը: Այս ծրա­գի­րը վա­ւե­րա­ցուե­ցաւ Զար­գաց­ման մի­ջազ­գա­յին, նե­րա­ռեալ՝ ՄԱԿ-ի գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու կող­մէ: Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ եւս գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի ան, յատ­կա­պէս կա­նանց վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու (բռնա­բա­րում­նե­րու, աղ­ջիկ­նե­րու կրթու­թեան) պա­րա­գա­յին:

Վա­յե­լուչ եւ բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­ցած ա­ռա­ջին տի­կի­նը իր ա­մու­սի­նին սղագ­րու­հին է նաեւ: «Ին­ծի կ՚օգ­նէ՝ խրա­տե­լով իւ­րա­քան­չիւր ո­րո­շու­մի մա­սին, զոր ես կու տամ», ը­սաւ նա­խա­գա­հը:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Տէ­պայ Իտ­նօ, ո­րուն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը վա­յե­լէ, իշ­խա­նու­թեան ե­կաւ, երբ 1990-ին Տէ­պայ գլխա­ւո­րեց զի­նուո­րա­կան յե­ղաշր­ջու­մը, որ տա­պա­լեց իր նա­խոր­դը: Տէ­պայ Իտ­նօ պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն ի վեր յա­ջոր­դա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջադ­րուած է ա­ռանց մրցա­կից թեկ­նա­ծու­նե­րու: 2000-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ան ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է՝ հրահ­րե­լով ա­րիւ­նա­լի ա­նուղ­ղա­կի պա­տե­րազմ Չա­տի եւ Սու­տա­նի մի­ջեւ:

Զէյ­նապ Սու­մա (Ծնած՝ Ռա­պաթ, Մա­րոք) Կամ­պիոյ Նա­խա­գահ Եա­հիա Ճա­մէ­յի կի­նը

Կամ­պիոյ «պաշ­տօ­նա­կան» ա­ռա­ջին տի­կին՝ Զէյ­նապ Սու­մա­յի  մա­սին զե­կոյց­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ցնցիչ կեր­պով ժխտա­կան է: Շա­տեր զինք կ՚ա­նուա­նեն «ար­կա­ծախն­դիր, ըն­չա­քաղց», իսկ զե­կոյ­ցի մը մէջ իր մա­սին գրուած է. «Սա­տա­նայ, որ հա­ճոյք կ՚առ­նէ կամ­պիա­ցի­նե­րուն տա­ռա­պան­քը տես­նե­լով»:

1999-ին Զէյ­նապ ա­մուս­նա­ցաւ Եա­հիա Ճա­մէ­յի հետ, որ ա­մուս­նա­լու­ծուած էր ա­ռա­ջին կնոջ­մէն: 2010-ին Եա­հիա յայ­տա­րա­րեց, որ կ՚ա­մուս­նա­նայ 21-ա­մեայ «յա­ւե­լեալ կնոջ» մը հետ: Զէյ­նապ, իբ­րեւ բո­ղոք, մեկ­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ սպառ­նաց լքել ա­մու­սի­նը, ե­թէ ան չա­մուս­նա­լու­ծուի նոր կնոջ­մէն: Ըստ կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու, նա­խա­գա­հը տե­ղի տուաւ Զէյ­նա­պի պա­հան­ջին՝ ա­մուս­նա­լու­ծուե­լով նոր կնոջ­մէն:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Եա­հիա Ապ­տուլ Ա­զիզ, որ ծնած է 1965-ին, իշ­խա­նու­թեան ե­կաւ 1994-ին՝ իր գլխա­ւո­րած զինուո­րա­կան յե­ղաշր­ջու­մով: Ապ­տուլ Ա­զիզ երկ­րին մէջ կա­յու­նու­թիւն հաս­տա­տած է մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, խօս­քի եւ մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հա­շուոյն: Ա­նոր իշ­խա­նու­թիւ­նը կը յատ­կան­շուի խե­լա­գա­րու­թեամբ եւ սնա­հա­ւա­տու­թեամբ: Նա­խա­գա­հին ներ­քին շրջա­նա­կէն շարք մը ան­ձեր բան­տար­կուած են՝ ա­նոր դէմ դա­ւադ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րան­քով: Ըն­թա­ցիկ տա­րուան Յու­նուա­րին յե­ղաշրջ­ման փորձ մը ձա­խո­ղե­ցաւ վերջ դնել ա­նոր իշ­խա­նու­թեան: Ան նա­խա­գահ վե­րընտ­րուած է 2001-ին, 2006-ին եւ 2011-ին:

Սա­րա Նա­զար­պա­յե­ւա (Ծնած՝ 12 Փետ­րուար 1941-ին) Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի կի­նը

Տնտե­սա­գէտ Սա­րա Նա­զար­պա­յե­ւա հիմ­նա­դիրն ու նա­խա­գահն է Պո­պէ­քի՝ ե­րա­խա­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մին, զոր ա­ռա­ջին տի­կի­նը հիմ­նադ­րած է 1992-ին, Ղա­զա­խիս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք: Ան ստեղ­ծած է Պո­պէ­քը՝ օգ­նե­լու հա­մար մայ­րե­րու եւ ե­րա­խա­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան, բնա­կա­րան­ներ եւ որ­բա­նոց­ներ կա­ռու­ցե­լու, դպրոց­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ սար­քեր տրա­մադ­րե­լու, սահ­մա­նա­փակ ե­կա­մուտ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ հայ­թայ­թե­լու: Այս գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ա­նոր շնոր­հուած են մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակ­ներ: Հա­կա­ռակ ե­րա­խա­նե­րու բա­րե­կե­ցու­թեան հա­մար իր աշ­խա­տան­քին, Սա­րա Նա­զար­պա­յե­ւա վեր­ջերս յայ­տա­րա­րեց, որ ինք կողմ­նա­կից չէ ար­տերկ­րա­ցի­նե­րու կող­մէ  ղա­զախ ե­րա­խա­նե­րու որ­դեգր­ման:

«Մեր ե­րա­խա­նե­րուն մե՛նք պէտք է հոգ տա­նինք, եւ զա­նոնք երկ­րէն դուրս տա­նե­լու ե­րե­ւոյ­թին ար­գելք ըլ­լանք», ը­սաւ Սա­րա Նա­զար­պա­յե­ւա:

Ա­մու­սի­նը

21 տա­րիէ ի վեր Ղա­զա­խիս­տա­նը ղե­կա­վա­րող Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ ամ­բաս­տա­նուած է մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու  կո­պիտ խախ­տում­նե­րու, քա­ղա­քա­կան եւ խօս­քի ա­զա­տու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու, հա­մա­տա­րած փտա­ծու­թեան եւ կա­նանց հան­դէպ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու հա­մար: Այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրա­պա­րա­կուած յօ­դուա­ծի մը, Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ կա­շա­ռած է մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր կա­ռոյց­ներ, որ­պէս­զի երկ­րին ժխտա­կան զե­կոյց­նե­րը ան­տե­սեն եւ դրա­կան դի­մա­գի­ծով ներ­կա­յաց­նեն զինք եւ Ղա­զա­խիս­տա­նը:

Ռի Սոլ Ճու (Ծնած՝ 1985-ին)
 Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի գե­րա­գոյն ղե­կա­վար Քիմ Եոնկ Ու­նի կի­նը

Ռի մա­կա­նունն է. ըն­տա­նի­քին ա­նու­նը: «Կլո­պալ փոստ» թեր­թին կող­մէ «Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի Քէյթ Մի­տըլ­թը­նը» ա­նուա­նուած Ռի Սոլ Ճու, միայն վեր­ջերս բա­ցա­յայ­տուե­ցաւ իբ­րեւ գե­րա­գոյն ղե­կա­վա­րի կի­նը, նա­խա­պէս նկար­նե­րուն մէջ ա­նոր կող­քին մնա­լով՝ ինք­նու­թիւ­նը չճշդուած: Քիչ բան յայտ­նի է Ռի Սոլ Ճուի մա­սին, նոյ­նիսկ ծննդեան թուա­կա­նը կը տա­րու­բե­րի 1985-1989-ի մի­ջեւ: Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն մէջ գրե­թէ ո­չինչ կայ ա­նոր մա­սին, բայց օ­տար լրա­տուա­մի­ջոց­ներ բամ­բա­սանք­ներ հրա­պա­րա­կած են Ռի Սոլ Ճուի մա­սին: 2012-ին հրա­պա­րա­կա­յին շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րու ըն­թաց­քին ան տես­նուե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի գե­րա­գոյն ղե­կա­վար Քիմ Եոնկ Ու­նի կող­քին: Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա­յի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին, որ ան Քիմ Եոնկ Ու­նի կինն է, ա­նու­նը՝ Հիոն Սոնկ-Վոլ, նախ­կին երգ­չու­հի մը՝ Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի մէջ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող «Փո­չոն­պօ Ի­լեքտ­րո­նիք Ան­սամ­պըլ» ե­րաժշ­տա­կան խում­բին մէջ: Սա­կայն 25 Յու­լիս 2012-ին Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի պե­տա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ ան Քիմ Եոնկ Ու­նի կինն է՝ Ըն­կե­րու­հի Ռի Սոլ Ճու:

Յու­լիս 2012-ին Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի մէջ կա­լա հա­մեր­գի մը, Ռի հա­գած էր Շա­նէ­լի նրբա­գեղ նո­րա­ձեւ սեւ զգեստ մը, որ ար­տա­սո­վոր նկա­տուե­ցաւ այդ երկ­րին մէջ:

Երկ­րի ղե­կա­վա­րին նախ­կին անձ­նա­կան խո­հա­րա­րու­հին՝ Քեն­ժի Ֆու­ճի­մո­թօ, որ վեր­ջերս Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­պած էր Ռիի, ը­սաւ. «Ան պար­զա­պէս շատ հմա­յիչ է: Չեմ կրնար նկա­րագ­րել ա­նոր ձայ­նը. այն­քա՜ն մեղմ է»: Բա­ժա­նու­մի պա­հուն Ռի  ա­նոր նուի­րած է Քրիս­թիան Տիոր պա­յու­սակ մը:

Ա­մու­սի­նը

Քիմ Եոնկ Ուն Հիւ­սի­սա­յին Քո­րէա­յի գե­րա­գոյն ղե­կա­վա­րի դե­րը ստանձ­նեց, երբ եր­կի­րը ար­դէն տնտե­սա­կան ծանր տագ­նա­պի մէջ էր, աղ­քա­տու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը՝ շատ բարձր: Հա­կա­ռակ ա­տոր, ան ան­ձամբ «եօթ աստ­ղա­նի ապ­րե­լա­կերպ» մը կը վա­յե­լէ: Իշ­խա­նու­թեան գա­լով, փո­խա­րի­նեց բազ­մա­թիւ ղե­կա­վար­ներ եւ զի­նուո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար­ներ, ո­րոնք իր հօ­րը օ­րով կը ծա­ռա­յէին երկ­րի զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ: Ըստ մեկ­նա­բան­նե­րու, Քիմ Եոնկ Ուն այս քայ­լը ա­ռաւ, որ­պէս­զի ցոյց տայ, թէ ինք բա­ւա­րար չա­փով ա­պա­հով ղե­կա­վար մըն է, որ կրնայ անշ­քաց­նել իր ա­մե­նէն մօ­տիկ զօ­րա­կից­նե­րը:

30 + կի­նե­րը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ թա­գա­ւո­րին

Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նախ­կին թա­գա­ւոր Ապ­տալ­լա պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ իր կեան­քին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է ա­ւե­լի քան երեսուն կի­ներ, թէեւ ա­նոնց մա­սին շատ քիչ բան յայտ­նի է:

Ա­մուս­նու­թիւ­նը, եւ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը՝ ատ­կէ  բխող ժա­ռանգ­նե­րը կ՚օգ­տա­գոր­ծուին դա­շինք­ներ շա­ղա­խե­լու հա­մար: Ա­նոր հայ­րը՝ Ապ­տըլ Ա­զիզ, ա­մուս­նա­ցաւ իր թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ գտնուող բո­լոր ցե­ղա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րու դուստ­րե­րուն հետ: Ապ­տալ­լա թա­գա­ւոր հայր էր առ­նուազն 35 զա­ւակ­նե­րու: Ըստ հա­ղոր­դուած տե­ղե­կու­թեանց, ան 70-ա­կան տա­րի­քին կա­նո­նա­ւոր կեր­պով հոր­մո­նա­յին սրսկում կը ստա­նար եւ «Վիակ­րա» կ՚օգ­տա­գոր­ծէր չա­փա­զան­ցուած կեր­պով:

Պատ­մա­կա­նօ­րէն, թա­գա­ւո­րա­կան Սաուտ գեր­դաս­տա­նի կի­նե­րը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան: Պա­լա­տի պա­տե­րուն ե­տին, ա­նոնք թա­գա­ւո­րին հետ կա­նո­նա­ւոր, հեր­թա­կան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նան, որ­պէս­զի թա­գա­ւո­րը իր տե­սա­կէտ­նե­րը բա­ցատ­րէ եւ լսէ ա­նոնց կար­ծիք­նե­րը:

Ա­մու­սին­նե­րը

Սաուտ գեր­դաս­տա­նը թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ կ՚իշ­խէ 1932 թուա­կա­նէն ի վեր: Ապ­տալ­լա թա­գա­ւո­րը գա­հը ժա­ռան­գած էր  իր եղ­բօր­մէն՝ 2005 թուա­կա­նին, ստա­նա­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը: Քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը օ­րի­նա­կան ձե­ւե­րով փո­խե­լու ի­րա­ւունք­նե­րէ զուրկ են: Դա­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ թա­փան­ցի­կու­թիւն գրե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի: Տա­րա­ծուած են խիստ, ծանր պա­տիժ­ներ, ինչ­պէս ձեռ­քի ան­դա­մա­հա­տում՝ մանր օ­րի­նա­զան­ցու­թեանց հա­մար:

Թա­թիա­նա Քա­րի­մո­վա (Ծնած՝ 1940-ին) Էօզ­պե­քիս­տա­նի վերջերս մահացած նա­խա­գահ Իս­լամ Քա­րի­մո­վի կի­նը 

Դրախ­տին մէջ խնդիր, տագ­նապ կայ Թա­թիա­նա­յին եւ ա­մու­սի­նին հա­մար: Ա­նոնք, ըստ էօզ­պեք այ­լա­խոհ­նե­րու կայ­քին, բաժ­նուած են եւ թշնա­մա­կան ա­տե­լու­թեան ու հա­կա­մար­տու­թեան մէջ են ի­րենց բոր­բո­քած դստեր հետ: 2013-ին, ա­նոնց մեծ դուստ­րը մօ­րը հետ բա­նա­վէճ ու­նե­ցաւ «Թուի­թըր»ի վրայ՝ պնդե­լով, որ իր մայ­րը կը զբա­ղի վհու­կի հմա­յու­թիւն­նե­րով եւ սպառ­նա­ցած է զինք ոչն­չաց­նել, ա­ռա­ջին տիկ­նոջ իբր թէ ստուե­րա­յին ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծե­րուն մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լուն հա­մար: Տի­կին Թա­թիա­նա Քա­րի­մո­վա ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղող տնտե­սա­գէտ մըն է, որ կլա­նուած է բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով, եւ նա­խա­գա­հին կ՚ըն­կե­րա­նայ ա­նոր ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­տեն:

Ա­մու­սի­նը

Հան­րա­քուէ­ներ հան­րա­քուէ­նե­րու յա­ջոր­դե­ցին Քա­րի­մո­վը իշ­խա­նու­թեան գլխուն պա­հե­լու հա­մար. ա­սի­կա՝ 1989 թուա­կա­նէն, երբ ան Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը  ե­ղաւ յետ­խորհր­դա­յին Էօզ­պե­քիս­տա­նի: Ընդ­դի­մու­թիւ­նը կը պնդէ, թէ բռնա­տէր ա­ռաջ­նոր­դը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իս­լա­մա­կան ռազ­մա­կա­նու­թեան սպառ­նա­լի­քը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար ա­նո­ղոք ճնշու­մը, որ երկ­րին մէջ աղ­քա­տու­թիւ­նը կ՚ամ­րապն­դէ:

Սի­լիա Ֆլո­րէս (ծնած՝ 15 Հոկ­տեմ­բեր 1953-ին) Վե­նե­զուել­լա­յի Նա­խա­գահ Ն. Մա­տու­րո­յի կի­նը

Ֆլո­րէս եւ Մա­տու­րօ ի­րա­րու ծա­նօ­թա­ցան շուրջ քսան տա­րի ա­ռաջ, շնոր­հիւ հա­սա­րա­կաց ըն­կե­րոջ մը՝ Հիւ­կօ Չա­ւէ­զի: Մա­տու­րօ ա­նոր թիկ­նա­պահն էր եւ Ֆլո­րէս աղ­քատ ըն­տա­նի­քի մը մէջ մեծ­ցած կտրիճ փաս­տա­բան մը, որ ան­դամ էր պաշտ­պան փաս­տա­բան­նե­րու այն խում­բին, ո­րուն շնոր­հիւ Չա­ւէզ իր ա­զա­տու­թիւ­նը շա­հե­ցաւ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն ետք:

2015 թուա­կա­նէն Վե­նե­զուել­լա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի (խորհր­դա­րան) ան­դամ Ֆլո­րէս, որ իր ա­մու­սի­նին կող­մէ ա­նուա­նուած է «Ա­ռա­ջին Մար­տիկ», յա­ջոր­դեց ա­նոր իբ­րեւ ազ­գա­յին ժո­ղո­վին ա­ռա­ջին կին նա­խա­գա­հը (2006-2011) եւ նաեւ պաշ­տօ­նա­վա­րեց իբ­րեւ երկ­րի ընդ­հա­նուր դա­տա­խազ: Ֆլո­րէս հեր­քեց ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը, թէ իր  ազ­գա­կան­նե­րուն եւ խնա­մի­նե­րուն պաշ­տօն­ներ կը շնոր­հէ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ իր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րէն շուրջ քա­ռա­սուն ան­ձեր պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ են: Տի­կին Ֆլո­րէս թեկ­նա­ծու է Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեան:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Մա­տու­րօ, որ իշ­խա­նու­թեան ե­կաւ 2013-ին,  մա­րած է տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի բո­ցե­րը եւ իր ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը մե­ղադ­րած է գի­նե­րու չա­րա­շահ­ման յան­ցան­քին հա­մար: Ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը զանգուա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ շղթա­յա­զեր­ծած է «քաղ­քե­նի» գոր­ծա­րար­նե­րու դէմ: Մա­տու­րօ նաեւ  ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է դա­ւադ­րու­թեան տե­սու­թիւն­ներ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը ձգտին տա­պա­լել իր ըն­կեր­վա­րա­կան վար­չա­կար­գը:

Կրէյս Մու­կա­պի (Ծնած՝ 23 Յու­լիս 1965-ին) Զիմ­պա­պուէի Նա­խա­գահ Ռ. Մու­կա­պէի կի­նը

Կրէյս Մու­կա­պէ, որ 41 տա­րի փոքր է ա­մու­սի­նէն, ա­նոր քար­տու­ղա­րու­հին էր, երբ ա­նոնք 80-ա­կան­նե­րուն սկսան սի­րա­բա­նիլ: Ա­նոնց ե­րեք զա­ւակ­նե­րէն եր­կու­քը ծնած էին, երբ նա­խա­գա­հը տա­կա­ւին ա­մուս­նա­ցած էր հան­գու­ցեալ կնոջ հետ: Ա­նոր մա­հէն քա­նի մը տա­րի ետք սի­րա­հար­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս ի­րա­րու միա­ցան՝ շռայլ պսա­կադ­րու­թեամբ մը: Ա­ռա­ջին տիկ­նոջ զեխ ապ­րե­լա­կեր­պին մա­սին զե­կոյց­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­նե­րէ եւ վա­ճա­ռա­տու­նե­րէ գնում­նե­րու շար­քը, նա­խա­գա­հին ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն կող­մէ քննա­դա­տու­թիւն­ներ եւ դա­տա­պար­տու­մի ա­լիք­ներ բարձ­րա­ցու­ցած են, տի­կի­նը կո­չե­լով՝ «Նա­խա­տինք»: Սա­կայն ան կը նա­խընտ­րէ «Ժո­ղո­վուր­դին մայ­րը» ա­նուա­նու­մը:

Ա­մու­սի­նը

Նա­խա­գահ Ռոպերթ Մու­կա­պի կ՚իշ­խէ Զիմ­պա­պուէի մէջ սպի­տա­կա­մորթ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան ա­ւար­տէն՝ 1980-էն ի վեր, եւ եր­կա­թեայ բռունց­քով կը ղե­կա­վա­րէ երկ­րի սար­սա­փազ­դու ա­պա­հո­վա­կան կա­ռոյ­ցը: Ան կը մե­ղադ­րուի ընտ­րա­կան կեղ­ծի­քի եւ «Խոշ­տան­գու­մի ճամ­բար­ներ» ստեղ­ծե­լու հա­մար, ու ընդ­դի­մու­թեան գոր­ծիչ­նե­րը կը ծե­ծեն, զա­նոնք  ա­հա­բե­կե­լով լռու­թեան մատ­նե­լու հա­մար:

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝
«­Պիզ­նես Ին­սայ­տըր», «Էն.Պի.Սի.», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Տէյ­լի Մէյլ»

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազ­դակ», Լի­բա­նան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2016