ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին նիստը։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթ ուշադրութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով երկրին մէջ ապաստան գտած գաղթականներու խնդիրներուն նկատմամբ։ Վերոյիշեալ յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուեցաւ Երեւանի դպրոցներէն ներս սուրիահայ երախաներու համարկման գործընթացը։ Այս մասին զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան աշխատակից Սուսաննա Գասպարեան։
Անցեալ տարի կատարուած աշխատանքներուն եւ այս տարուան համար մշակուած ծրագրերուն շուրջ զեկուցեցին «Օքսֆամ Հայաստան» ընկերութեան պատասխանատուներէն Մարկարիթա Յակոբճանեան, «Երախաներու պաշտպանութեան» ընկերութեան ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Վարդանեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի պատասխանատուներէն Ալլա Սարգիսովա։ Առաջարկուեցաւ ստեղծել ընկերային ծառայողի կառոյց մը, որ սուրիահայոց հետ աշխատող բանիմաց եւ պատրաստակամ անձնակազմ պիտի պատրաստէ։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց վերոյիշեալ երեք կառոյցներու համակարգուած ու բարեխիղճ աշխատանքը՝ սուրիահայոց հիմնախնդիրներու լուծման տեսանկիւնէն։ Անդրադառնալով բուն Սուրիոյ առկայ վիճակին՝ նախարարը նշեց, որ եկեղեցւոյ եւ հասարակական կառոյցներու միջոցաւ առայժմ կարելի կ՚ըլլայ լուծել կրթական հարցերը։
«Հալէպի մէջ կը գործէ վեց վարժարան, շուրջ երկու հարիւր դպրոցահասակ երախաներ կան։ Հայերը կը փոխադրուին դէպի Լաթաքիա եւ Քեսապ։ Մեր օգնութիւնը պէտք է այնպէս մը կազմակերպենք, որ եթէ մեր հայրենակիցները որոշեն Հայաստան տեղափոխուիլ՝ ապա կարենանք լուծել անոնց կեցութեան, աշխատանքի, ուսման եւ ընկերային հարցերը։ Խնդրանքս է, որ սրտցաւօրէն վերաբերուիք ու սպառիչ, ուղղորդող պատասխաններ տաք սուրիահայոց դիմումներուն, նամակներուն եւ խնդրանքներուն։ Մեր բոլորի խնդիրն է՝ ամէն ինչ ընել, որպէսզի անոնք հայրենիքի մէջ հաստատուին, արագօրէն համարկին։ Վստահ եմ նաեւ, որ եթէ իւրաքանչիւր խոշոր կառոյց կարենայ մէկ ընկերային տուն կառուցել սուրիահայոց համար, շատ մեծ օգնութիւն կ՚ըլլայ։ Պէտք է շարունակենք միասին աշխատիլ։ Շնորհակալ եմ կատարուած աշխատանքին համար», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան ժողովի ընթացքին։