ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ֆրան­սա­յի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի հսկա­նե­րէն «Շնայ­տէր է­լէքթ­րիք» ըն­կե­րու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի ներդ­րում­ներ կա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի մէջ։ «Շնայ­տէր է­լէքթ­րիք» ըն­կե­րու­թեան Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու գծով բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վա­րը՝ Եո­հան Վան­տերփ­լաէ­թ­սէն վեր­ջերս մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ընդ­գծեց, թէ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս ըն­կե­րու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի նե­րու­ժին ու փա­փաք յայտ­նած է՝ ներդ­րում­նե­րու հա­մար քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճա­նա­պար­հին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ֆրան­սա­կան այս ըն­կե­րու­թիւ­նը ԱՊՀ-ի տա­րած­քէն ներս ու­նի 6 գոր­ծա­րան­ներ եւ 12 հա­զար գոր­ծա­ւոր։ Լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդգ­ծեց, թէ դրա­կան կը հա­մա­րէ Հա­յաս­տա­նէ ներս այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այս մա­սին ան ը­սաւ.

«Ի հար­կէ, Հա­յաս­տան այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի զար­գաց­ման հա­մար ու­նի մեծ նե­րուժ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րուած ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի 40 տո­կո­սը կ՚ա­պա­հո­վուի ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թէ, 30 տո­կո­սը՝ ջրա­յին մի­ջոց­նե­րով ու 30 տո­կոսն ալ՝ կա­զի մի­ջո­ցաւ։ Այդ կա­զը կը նե­րա­ծուի Ռու­սաս­տա­նէն եւ Ի­րա­նէն։ Սա­կայն, երբ ան­ցում կա­տա­րուի այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րուն, այս խառ­նուր­դը այլ տեսք մը պի­տի ու­նե­նայ՝ այն­տեղ մեծ դեր պի­տի ու­նե­նայ ա­րե­ւու ու­ժա­նիւ­թէն ար­տադ­րե­լի հո­սան­քը։ Հա­յաս­տան ու­նի շատ կա­րե­ւոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը եւս։ Ա­րե­ւոտ եր­կիր մըն է։ Այս­տեղ տա­րե­կան ա­ւե­լի քան  ե­րեք հա­րիւր ա­րե­ւոտ օ­րեր կ՚ար­ձա­նագ­րուին։ Այս պատ­ճա­ռով, ես վստահ եմ՝ նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րը պի­տի օգ­նեն Հա­յաս­տա­նին։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ մենք այս­տեղ ենք։ Մենք պատ­րաստ ենք տե­ղայ­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր ար­տադ­րու­թիւ­նը ու որ­պէս ներդ­րող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ միւս ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն նոյն­պէս ցոյց պի­տի տանք Հա­յաս­տա­նի նե­րու­ժը»։

«Շնայ­տէր է­լէքթ­րիք»ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են ի­րենց գոր­ծըն­կեր­նե­րուն եւ յա­ճա­խորդ­նե­րուն հետ։ Բաց աս­տի, շի­նիչ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են երկ­րի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րին եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին փո­լի­թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չին հետ։ Վան­տերփ­լաէթ­սէն կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Մենք հասկ­ցանք, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նոյն­պէս մե­ծա­պէս հե­տաքրք­րուած է, ո­րով­հե­տեւ կը գի­տակ­ցի, թէ սա իւ­րա­յա­տուկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է երկ­րին հա­մար։ Բայց սա կա­րե­ւոր է ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այլ նաեւ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տան կը գտնուի այդ տա­րած­քաշր­ջա­նի սրտին վրայ։ Մենք Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան հետ պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցանք, որ­պէս­զի ստեղ­ծենք աշ­խա­տա­կազմ մը, որ ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րէ այս բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Որ­պէս­զի մենք ալ, այդ հե­տազօ­տու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ, կա­րե­նանք հա­մա­տեղ նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տել Հա­յաստա­նի մէջ», ը­սաւ ան։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը վաղ հա­մա­րեց նշել, թէ ինչ ծա­ւա­լով ներդ­րում­նե­րու կա­րե­լի է սպասել։ Ան հա­մո­զուած է, որ սա ար­դէն նա­խա­րարու­թեան կող­մէ ստեղ­ծուած աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ քննար­կուե­լիք նիւթ մըն է։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016