ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ
Ստախօսութեան պատճառով մարդ կը մեռնի՞։ Այս հարցումին սովորական եւ ժողովուրդի կողմէ ընդհանրապէս տրուած պատասխանը ծանօթ է մեր բոլորին։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՚ըսէ. «Սուտէն ո՜վ մեռած է մինչեւ հիմա…»։ Այս է ընդհանուր կարծիքը։
Բայց «Առաքեալներու գործերը» գիրքին հեղինակը՝ Ղուկաս Աւետարանիչ կը վկայէ, թէ՝ իրենց ստախօսութեան պատճառով, Անանիա եւ Սափիրա մեռա՛ն։
Արդարեւ, այդ դէպքը ցոյց կու տայ, թէ՝ սուտի պատճառով մարդ կրնայ մեռնիլ, եւ կամ ստախօսութեան հետեւանքը մա՛հ է։ Այս դէպքը երեւակայական իրողութիւն մը չէ՛, քանի որ նախ՝ «Առաքեալներու գործերը» գիրքին մէջ ամենափոքր սուտ կամ սխալ մը անգամ չի՛ գտնուիր այն ատենուան սովորութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն նկատմամբ։
Յետոյ, աւելի եւս կը ստուգուի դէպքին իրականութիւնը, քանի որ «Առաքեալներու գործերը» գիրքին հեղինակը Ղուկաս, քրիստոնէութեան նախնի դարերու մատենագիրներու վկայութեանը համաձայն, Անտիոքացի յոյն բժիշկ էր. (ԿՈՂ. Դ 14)։
Անշուշտ, որ բժիշկ մը լա՛ւ գիտէր մարմնապէս մահուան իրողութիւնը եւ անոր իսկակա՛ն պատճառը։
Ուրեմն ժողովրդական ծանօթ խօսքով՝ սուտի պատճառով կրնա՛յ մեռնիլ մարդ, եւ եթէ ոչ բոլորովին սխալ, բայց գոնէ կասկածելի է այն կարծիքը՝ թէ սուտի պատճառով մա՛րդ մեռած չէ մինչեւ հիմա…։ Անշուշտ մենք չենք խօսիր ստախօսի մը բարոյական եւ հոգեւոր մահուան, կամ անկումին մասին։ Յայտնի է, թէ սուտը բարոյապէս եւ հոգեպէս անկումի պատճառ կ՚ըլլայ, որուն համար կարելի է ըսել՝ բարոյական մա՛հ։
Հետաքրքրական է եւ նո՛յնքան տպաւորիչ, թէ՝ սուտի պատճառով կը մեռնի՛ մարդ։ Եւ մանաւանդ, որ ասիկա ստուգուած է բժիշկի՛ մը կողմէ, եւ յայտնուած Սուրբ Գիրքին մէջ։
«Պետրոս հարցուց.- Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել…։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու, ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։
«Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց» (ԳՈՐԾՔ. Ե 3-5)։
Թէ ինչպէ՞ս կրնայ մեռնիլ մարդ սուտի պատճառով. անշուշտ բժիշկներ կրնան բացատրել անոր պատճառները։ Թերեւս մեծ հոգեկան եւ ջղային ցնցում մը պատճառ եղած ըլլայ մահուան…։
Բայց նոյն բանը կը պատահի նաեւ՝ Սափիրայի՝ Անանիայի կինն ալ կը մեռնի նոյն պատճառով եւ նոյն կերպով։ Ուրեմն իրողութիւնը պարզապէս «հոգեկան եւ ջղային ցնցում»ով բացատրել կարելի չէ, քանի որ երկուքն ալ չէին կրնար ազդուած ըլլայ նոյն դէպքէն՝ մին աւելի՛ զօրաւոր եւ միւսը աւելի թեթեւ, եւ ո՛չ նոյն աստիճան, եւ ուրեմն երբ մին մահուան պատճառ կ՚ըլլայ՝ միւսը գոնէ կը նուաղի. երկուքին ալ մահուան պատճառը, ուրեմն ըլլալու էր շատ աւելի աստուածային, գերբնական, «պատի՛ժ» մը հաւասարապէս եւ արդարութեամբ տրուած նոյն յանցանքին համար երկու յանցագործներուն։ Ըսենք՝ «աստուածային արդար դատաստա՛ն»։ Սուտը գործուած էր Սուրբ Հոգիին հանդէպ, որուն պատիժը մա՛հ պիտի ըլլար։
Այս դէպքին ժամանակը ստուգել կարելի չէ, թերեւս Յ. Ք. 33-35 թուականներուն պատահած ըլլայ։ Բայց այս դէպքը ցոյց կու տայ, թէ Եկեղեցին «ներքին վտանգ»ի մը հանդիպած է։ Ուստի յայտնի կը տեսնուի, որ այս երկու անձերուն՝ Անանիայի եւ Սափիրայի յանկարծական մահը քրիստոնէական Եկեղեցիին հոգեւոր բարօրութեանը շատ նպաստաւոր եղաւ։
Այս պատմութենէն կը սորվինք, թէ «անարժան մարդիկ» միշտ կրնան սպրդիլ մտնել Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ։ Բայց կը սորվինք եւս թէ Եկեղեցիի գերագոյն Գլուխը մի՛շտ յարմար միջոցներ կը գործածէ որ Եկեղեցին մաքուր պահուի։
Ասոնք, այր եւ կին, միաբան որոշեցին այն սուտը խօսիլ։ Յայտնի չէ թէ ի՛նչ էր վաճառուած բանին գինը։ Սա միայն կը հասկցուի, թէ անշարժ ստացուածք էր վաճառուածը՝ արտ կամ գետին մը։ Ուստի վաճառուածին գինէն «մաս» մը խորելով, այսինքն իրենց քով պահելով, մնացածը հասարակաց արկղին յանձնելու համար բերին Առաքեալներուն։ Սակայն իրենց բուն նպատակը՝ «առատաձեռնութեան համբաւ» ստանալ էր, որուն համար վաճառած էին իրենց ստացուածքը, եւ ինչպէս կ՚երեւի, գինին մէկ մասը իրենց պահելով՝ մէկ փոքր մասը միայն բերին յանձնեցին Առաքեալներուն՝ կեղծաւորութեամբ։
Այս կը նշնակէ՝ որ անոնք ագահութեան ախտին գերի էին։ Եւ կը հետեւի, թէ այս երկու անձերը ճշմարիտ հաւատացեալ չէին, ուստի եւ ո՛չ սրտի նորոգութիւն, ոչ ալ Սուրբ Հոգիին մասնաւոր ազդեցութիւնը ստացած էին։ Անոնց նպատակն էր խաբե՛լ Առաքեալները՝ որ Սուրբ Հոգին ունէին, ուստի անոնց այս գործը «Սուրբ Հոգիին դէ՛մ» եղած կը սեպուի։ Եւ դարձեալ կը տեսնուի, որ «սուտ»ը ո՛չ միայն խօսքով, այլ եւ գործով եւ վարմունքով կրնայ ըլլալ։
Ուստի Պետրոս առաքեալ, անտարակոյս, Աստուծոյ մասնաւոր ազդեցութեամբ գուշակեց անոնց գաղտնի խորհուրդը եւ պատուհասեց զանոնք։
Եթէ այս պատուհասը չափազանց խիստ կ՚երեւի, պէտք է գիտնալ, որ եթէ անոնք այսպէս չպատժուէին, կերպով մը հաճութիւն եւ առիթ տրուած պիտի ըլլար անոնց, եւ այնպիսի խաբէութիւն մը մուտ գտնելով ընդհանուր եկեղեցիին մէջ, շատերուն կորուստին եւ անկումին պատճառ պիտի ըլլար։
Երբեմն մարդիկ յանցանքի պատիժէն վախնալով ետ կը կենան եւ կը հրաժարին յանցագործութենէ։
Արդարեւ ամէն յանցաւոր այսպիսի պատուհասի արժանի է, բայց Աստուծոյ արդար բարկութիւնը մեղքերու դէմ միշտ այս կերպով չի յայտնուիր։
Ուստի կը տեսնուի, որ Անանիայի կնոջը մեղքը եւս միեւնոյն պատիժին արժանի էր։
«Մեծ վախ մը պատեց ամբողջ Եկեղեցին եւ բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս դէպքը» (ԳՈՐԾՔ. Ե 11)։
Այս համարէն կը տեսնուի, որ յիշեալ դէպքին ազդեցութիւնը մեծ, միանգամայն շատ օգտակար եղաւ։ Այդ դէպքին հետեւանքներէն մին ալ սա եղաւ, որ Առաքեալները, իբրեւ հրաշագործութեան պարգեւով օժտեալ անձեր ճանչցուելով, յարգ ու պատիւ եւ ազդեցութիւն ստացան ժողովուրդին առջեւ, եւ այսպէս, մարդոց ուշադրութիւնը գրաւեցին։
Ուրեմն, ժողովրդական ընդհանուր կարծիքին համաձայն, «սուտէն ո՜վ մեռած է մինչեւ հիմա», այս համոզումը կը հերքէ Ղուկաս Աւետարանիչ իր վկայութեամբ, եւ մանաւանդ իր բժշկական գիտութեամբ։ Արդարեւ աստուածաշնչական բացատրութիւններ կը ստուգուին եւ աւելի եւս կը զօրանան «Առաքեալներու գործերը» գիրքին հեղինակին մասնագիտական տեղեկութիւններուն շնորհիւ։ Ուստի, հաւատքը երբեք հրամայականոնական՝ «dogmatique» իրողութիւն մը չէ՛, այլ գիտութեամբ, բանականութեամբ եւ քննարկութեամբ զօրացած ճշմարտութիւն մը, մարդս իր Արարչին եւ Նախախնամին կապող դրութի՛ւն մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 16, 2016, Գնալը կղզի