Աստուածները, Աստղերը եւ Մեր Նախնիները
Ըստ մեր նախնիներու պատկերացումներուն, սկիզբը Ծովն էր՝ Ծիրանի Ծովը: Ծովը կը ծնի աստուածներու առաջին զոյգը: Անոնք Ծովի մէջ արարեցին սրբազան բլուր-լեռը եւ կոչեցին Դուին: Ապա Դուինի ստորոտը կառուցեցին իրենց կացարանը, որ կոչուեցաւ Գանձ: Անոնցմէ ծնունդ առին հզօր աստուածները:
Աստուածները արարեցին ու Դուինի միջնամասը տեղադրեցին Երկիրը, իբրեւ Տիեզերքի երկրորդ ոլորտ: Ապա ողջ շինութիւնը Ծովէն անջրպետեցին ամրակուռ խորանով եւ կոչեցին Երկինք, որուն կամարը կը յենուր Դուինի գագաթին վրայ:
Այնուհետեւ աստուածներու հայրն ու անոնցմէ ամենաիմաստունը՝ Հայ Աստուածը, արարեց մարդը ու բնակեցուց Երկրի վրայ: Հայ Աստուածը մարդուն շնորհեց բանականութիւն ու խօսելու կարողութիւն, տուաւ լեզու՝ հաղորդակցելու եւ գիր ստեղծելու համար: Հայ Աստուածը մարդուն նաեւ շնորհեց հող մշակելու, ցանելու, անասուն ընտելացնելու եւ պահելու, արհեստներ բանեցնելու գիտելիքներ, տուաւ վարքի ու աստուածներուն սպասաւորելու օրէնքները:
Դատելու եւ խօսելու շնորհը ստացած մարդը իր տեսակը կոչեց Հայազն, իր Արարիչ Աստուծոյ անունով: Երկրի վրայ հայը դարձաւ աստուածներուն սպասաւորող քուրմ: Եթէ երբեւիցէ հայը կամ անոր սերունդները դադրեցնեն սպասաւորել աստ-ւածներուն, ուստի պիտի խախտուի տիեզերակարգն ու արարչութեան արդիւնքը՝ Աշխարհը, պիտի փլի:
Հզօր, անմահ ու ամենակարող աստուածները, իբրեւ երկնային լուսատուներ, պարբերաբար՝ ամէն օր, Երկիր կը բարձրանան ու կը հսկեն աշխարհակարգը եւ կը տնօրինեն մարդոց գործերը: Դուրս գալով իրենց սրբազան կացարանէն ու մարմնաւորուելով իբրեւ երկնային լուսատուներ (Արեւ, Լուսին, մոլորակներ, աստղեր), աստուածները կը ծագին արեւելքէն, կը շարժին երկնակամարով ու մայր կը մտնեն արեւմուտքէն: Ամէն Աստուած (լուսատու) ունի իր ծագելու եւ մայր մտնելու պահը:
Հայ քուրմերը հետեւելով երկնային լուսատուներու շարժումներուն, համապատասխան ծէսերով կը դիմաւորէին իրենց աստուածները (լուսատուներու ծագումը) եւ ապա կը ճանապարհէին (լուսատուներու մայրամուտը): Հայ քուրմերու գործունէութեան այս կարեւորագոյն կէտն ալ անհրաժեշտաբար խնդիր դրաւ ստեղծելու լուսատուներու ծագումն ու մայրամուտը դիտելու սարքեր:
Լուսատուներու ծագումն ու մայրամուտը դիտելու համալիր եղած է Զօրաց քարեր (Քարահունջ) հնավայրը: Զօրաց քարերուն ու նմանատիպ կառոյցներու մէջ հազարամեակներու ընթացքին կատարած դիտումներու ամփոփման իբրեւ արդիւնք ալ ստեղծուեցան տոմարական գիտելիքները, աստղագուշակութիւնը, ժամանակակից աստղագիտութիւնը: